Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով, համայն հայ ժողովուրդը՝ միակամ ու միասիրտ, անգամ մը եւս կը խոնարհի իր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին առջեւ եւ կը վերանորոգէ իր յանձնառութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու անոնց սրբազան կտակին…:
Ոգեկոչումն ու հաւատարմութեան վերանորոգումը էական են, որոշապէս, պայմանաւ որ մեր մտքերուն մէջ յստակացնենք, մէկանգամընդմիշտ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ այդ հաւատարմութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչո՞ւմի ապահովում, անոր ժխտողականութիւնը քրէօրէն պատժելի դարձնելու օրինագիծի ընդունմա՞ն ձեռքբերում, հողային հատուցման պահանջատիրութի՞ւն…, թէ՞ շարունակաբար կրկնուող յանկերգ, ուր հռետորաբանութիւնը կարծէք մթագնած ըլլայ մեր գործելու քաղաքական կամքը եւ ուր ցանկատեսական ճառերն ու կարգախօսները ընդունուին որպէս հարցի լուծում…: «Խաբուիլ սիրող մեր ժողովուրդը», պիտի ըսէր մեր գրողներէն մին այնքան դիպուկ կերպով…, ակնարկելով այն իրողութեան, որ շարունակաբար մեր յոյսերը կապելով օտարին բարիկամեցողութեան հետ, հիասթափուած ենք դառնօրէն, եւ այդպէս ալ առ այսօր չենք մշակած Ազգային մեր Ծրագիրը խոհականութեամբ եւ համազգային համագործակցութեամբ…, հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող ժողովուրդի մը վայել իմաստնութեամբ…:
Ըսուածին փաստարկ որպէս, նշենք պարզապէս որ հայ քաղաքական միտքը տասնամաեակներ շարունակ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը սահմանափակած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ձեռքբերելու գործընթացով…այս կամ այն երկրի նախագահին, խորհրդարանին, ծերակոյտին, թէ այլ ատեաններու կողմէ, առանց ճշդելու, գոնէ ինքն իրեն համար, թէ ի՞նչ է բուն պահանջուածը եւ ո՞վ է զայն պահանջողը:
Խնդիրը, սակայն, այն է թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, մեր իսկ թոյլտուութեամբ, դարձած է արտաքին ոյժերու շահարկման առարկայ, անոնց քաղաքական խաղերու գործիք ու խաղաքարտ…: Խաղաքարտ՝ որ կ’օգտագործուի այսօր բոլոր մեծ ոյժերու կողմէ ի շահ իրենց մեծապետական հաշիւներուն: Սա արդեօ՞ք նախատինք չէ մեր մեռելներու յիշատակին…: Ալ ժամանակը չէ՞ որ, վերջապէս մենք ըլլանք ՏԷՐԸ մեր ճակատագրին: Բայց ինչպէ՞ս:
Առաջին հերթին, արդեօ՞ք ա՛լ յստակացնելու չենք, թէ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ: Որոշապէս, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներէն անդին ու գերիվեր, մեր բուն պահանջատիրութիւնը՝ թուրքին կողմէ բռնախլուած հայուն հայրենական հողերու վերադարձն է իր տիրոջ: ՀՈՂԻՆ համար էր որ գործադրուեցաւ Ցեղասպանութիւնը: Այն հողին, որ կը կոչուէր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ուր հազարամեակներէ ի վեր կ’ապրէր արեւմտահայութիւնը՝ իր լեզուով, մշակոյթով, ազգային-հաւաքական հաստատութիւններով, աւանդութիւններով ու արժէքներով… տուն ու տեղերով, կալուածներով ու հարստութիւններով.: Համախումբ ազգային կեանքով մանաւանդ: Այդ արեւմտահայութեան իրաւայաջորդը, ներկայիս, իր հողերէն բռնահանուած տարագիր արեւմտահայութիւնն է, ցրուած աշխարհի երեսին, որպէս քիչ թէ շատ կազմակերպուած հայագաղութներ, սակայն իր քաղաքական ամբողջութեան մէջ՝ տակաւին անկազմակերպ ու անտիրական, զուրկ ի մասնաւորի զայն ներկայացնող լիազօր իրաւական կառոյցէ, ինչ որ պիտի հնարաւորութիւն ընձեռէր իրեն՝ դառնալու միջազգային կարգավիճակ ունեցող ազգային-քաղաքական հաւաքականութիւն եւ այդպիսով կարենալու իր ԴԱՏԸ հետապնդել լիարժէք ու լիիրաւ կերպով:
ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ, սակայն, ցարդ կը մտածէ՞ ու կը գործէ՞ այդ ուղղութեամբ, թէ՞ իր էսթապլիշմենթներով ու ջոջականութեամբ կ’ապրի աթոռներու եւ աթոռակներու սին ու փառատենչ գոհունակութեամբ եւ կարճատեսութեամբ: Ե՞րբ պիտի տրուի մեկնարկը նման աշխատանքին: Այս մասին շատ է գրուած, մանաւանդ վերջին տարիներուն, բայց Սփիւռքի Արշակաւանը ե՞րբ պիտի սթափի ու անցնի վերացական խօսքէն արդիւնաւէտ գործի…: Իսկ ժամանակը, հաստատապէս, մեր դէմ կը գործէ, երբ տարուէ-տարի ահաւոր նահանջ կ’արձանագրեն արեւմտահայ լեզուն, Բառն ու Բանը, ազգային ինքնագիտակցութիւնը, տարագիրի գիտակցութիւնը, առանց որոնց Հայոց ցեղասպանութիւնը ինքնաբերաբար կը հասնի իր վերջին հանգրուանին, եւ Պահանջատիրութիւնը կը մնայ առանց իր Պահանջատէրին:
Իսկ Հայաստա՞նը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի՞ իր պետական քաղաքականութեան մէջ Հայ դատի պահանջատիրութիւնը: ՀՀ երեք նախագահներն ալ, տարբեր առիթներով, հրապարակած են իրենց պետական կեցուածքը՝ Հայ Հողային Դատին նկատմամբ: Յիշեցման կարցով, առաջին նախագահի արտաքին գործերու նախարար Ռաֆֆի Յովհաննիսեան կը հրաժարեցուէր իր պաշտօնէն՝ Իսթանպուլ կատարած իր պաշտօնական այցէն վերադարձին, ուր ան յիշատակումը կատարած էր Հայոց ցեղասպանութեան: Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հրապարակաւ կը յայտարարէր թուրք հանրայայտ լրագրողին. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը իրաւական հիմքեր չի ստեղծեր հողային հատուցման»: Իսկ Սերժ Սարգսեան, յատկապէս, իր ֆութպոլային քաղաքականութեամբ, պատմաբաններու յանձնախումբի մը ստեղծման իր տրամադրութեամբ եւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ, կը մնայ յուշարարը մեր հողային Պահանջատիրական Դատի ահաւոր եւ անընդունելի զիջումին ի նպաստ «Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումին»: Յուշարարը այն փաստին որ ՀՀ պետական քաղաքականութիւնը կրնայ ըլլալ ամբողջովին անյարիր մեր համազգային շահերուն, պատմական իրաւունքներուն ու պահանջատիրութեան: Իսկ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բանաձեւեց ՀՀ իշխանութեանց առաքելութիւնը՝ «պատմական Հայաստանից դէպի իրական Հայաստան անցում»ը, ինչ որ ըստ իրեն պիտի ապահովէ ներկայ Հայաստանի գոյատեւումը: Արդարեւ, անցեալ տարուան Ապրիլ ամսուան մէջ, Ազգային ժողովին մէջ, վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է. «Պատմական Հայաստանը չի ճանաչում իրական Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, պատմական Հայաստանն ու իրական Հայաստանը ոչ միայն համատեղելի չեն, այլեւ յաճախ հակոտնեայ են միմեանց եւ նոնիսկ լրջագոյն սպառնալիքներ են ստեղծում մէկը միւսի համար»։
Եթէ ՀՀ պետութեան օրակարգը ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ Է, ներկայ Հայաստանի հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը կայացնելն ու հզօրացնելը, ապա ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ օրակարգը անպայմանօրէն կ’ընդգրկէ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, որ մեր ինքնութեան անբաժանելի մասն է: Ահա թէ ինչու պէտք է ստեղծել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑ կամ ՄԱՐՄԻՆ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուի տարագիր ՍՓԻՒՌՔԸ, որպէս քաղաքական ամբողջութիւն: Աւաղ, շատ ենք ուշացած, բայց լաւ է ուշ, քան երբեք:
Ապաւինի՞նք արդեօք Հայաստանի Հանրապետութեան վարած պետական քաղաքականութեան եւ չվրդովե՞նք մեր հանգիստը…:
Սփիւռքի Արշակաւանը պիտի զգաստանա՞յ, ի վերջոյ, որ ճակատագրական հրամայական է ա՛լ վերակազմակերպուիլ՝ ընտրովի կայացած Ներկայացուցչական Լիազօր Մարմինի մը ներքոյ, որ կարենայ մեր Պահանջատիրութիւնը ներկայացնել միջազգային ատեաններու, ճշդել գործընթաց եւ ուղեգիծ, մշակել համապարփակ Ծրագիր: Առանց նման իրաւական իրաւատէրի կարգավիճակ ունեցող ՄԱՐՄԻՆԻ կամ ԿԱՌՈՅՑԻ, մենք՝ արեւմտահայութեան իրաւայաջորդներս, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք լսելի դառնալ միջազգային ատեաններուն առջեւ եւ Արեւմտահայաստանի դատ հետապնդել լիարժէք կերպով..: Մենք կը մնանք այն հաստատ համոզումին վրայ, որ հրամայական պահանջ է նշեալ Կառոյցի ձեւաւորման յանձնառումը եւ անոր գործադրումը, եթէ խօսքերէն ու ճառասացութիւններէն անդին, ճշմարտօրէն ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐՆ ենք մեր Դատին եւ ունինք զայն հետապնդելու քաղաքական աննկուն եւ անկոտրում կամքը:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Խմբագիր ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ առցանց ամսաթերթի
ԿԱԿԱՉՆԵՐՍ
(Ապրիլեան նահատակներուն լոյս յիշատակին)
Կակաչներս կը հրավառին կրակէ բոցով արիւնավառ,
Կարմի՛ր-կարմի՛ր կը ցոլցլան արեւի տաք համբոյրին տակ,
Սիրտը անոնց ո՞վ պիտ’ տեսնէ՝ սե՛ւ է, սո՛ւգ է, վիրաւո՛ր է,
Բոսոր գոյնին տակ հըրակէզ աղի՛-աղի՛ արցունքներ են…
Ապրիլեան օր մը ծաղկեցան ու բացուեցան լոյսի՛ն, յոյսի՛ն,
Արեգակնե՛ր ամբարեցին իրենց բոցավառ բաժակին,
Գարնան տենդով, գարնան սիրով լոկ արբեցան սիրավարա՛ր,
Օրօ՛ր-շորո՛ր ու նազանքով սէ՛ր երգեցին արեւին տակ…
Յետոյ յանկարծ արիւն հեղեց երկինքը մութ ու ամպամած,
Կապարի պէս իջաւ, ճզմեց կակաչներս սիրով արբած,
Աւե՛ր, աւա՛ր, դաժան մա՛հ էր կակաչներուս կարկտահա՛ր,
Ո՞վ պիտ’ տեսնէ սիրտը անոնց որ սեւ սուգով կը մղկտայ…
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
22/4/2019