Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ

April 24, 2025
in Գաղութային, Յօդուածներ
0
ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆՁԵՌԱԾ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԸ

Քրիստոսի յարութեան պատմութիւնը յեղափոխական եւ փրկարար միտք է բոլոր անոնց համար, որոնք հաստատապէս կը հաւատան, թէ կեանքի ու մահուան իրականութիւնները չեն սահմանափակուիր բնական օրէնքներով ու սովորական դրոյթներով։ Իրապէս, արմատականօրէն յեղաշրջող է Խաչեալի յարութեան իրականութիւնը, որովհետեւ կը բանայ մեր առջեւ ոչ միայն մահէն ասդին, այլ նամանաւանդ մահէն անդին իսկական կեանք ունենալու յաւիտենական պարգեւը։

Բնականաբար, մարդու սահմանափակ միտքը պիտի արդարացի կասկած ունենայ եւ պիտի փնտռէ շօշափելի տուեալներ։ Պօղոս Առաքեալ չհաւատացողները կը կոչէ «կորսուածներ», որոնց աշխարհով սահմանուած իմաստութիւնն ու հանճարը զիրենք պիտի պահէ մարմնաւորի անզօր պարունակին մէջ (Ա. Կորնթացիս 1.18-19)։ Սակայն բոլոր անոնց համար, որոնք կը գիտակցին, թէ կեանքի կորիզը հոգին է, ծնունդ պիտի առնէ հաւատք մը, որ կը հաստատէ, թէ կեանքի Տէրը, մարմնին մէջ հոգի փչող Արարիչը, միայն Ինք կարող է ամէն անկարելիի։

Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան պատգամը կրնայ փոխել ամէն յուսակտուր կեցուածք։ Մահուան տխուր պատկերով բաւարարուողներուն համար կայ ելք ու փրկութիւն։ Իսկ անկեղծ հաւատացեալին համար Տէր Յիսուսի յարութիւնը պիտի վերածուի կեանքի ամբողջական ուղղիի եւ յաւիտենական ու անսահման յոյսի ճանապարհի։

Իսկապէս, մարդ արարածին հիմնական տկարութիւնը յոյսի չգոյութեան մէջ է։ Դժբախտը ընկերութեան անտէրն ու անկարը չէ, մարմնով տկարն ու նիւթականով կարօտեալը չէ բնաւ։ Բուն ողորմելին այն է, որուն յոյսը միայն այսօրուան՝ մարմնի, կեանքի, եսի, անունի, այսօրուան հաւաքածին ու սպառածին վրայ է հիմնուած (Ա. Կորնթացիս 15.19) ։

Յարութեան պատգամը յոյսի պատգամ է։ Քրիստոսով կայ անսահման վաղուան յոյս՝ ինչ ալ ըլլան ներկայի ամրութիւնները կամ թուլութիւնները։

Աշխարհը յաճախ կը հարուածէ բարին՝ կասկածով, յաւիտենական յոյսը՝ մարմնաւոր հարցերով, իսկ յարութեան զօրութիւնը՝ իրականութիւնը ծածկելով, նամանաւանդ մարդը շուարեցնելով համոզիչ թուացող սուտով։

Երբ յարութեան վկայ հանդիսացող հաւատացեալ կիները գերեզմանէն կը հեռանային, պարպուած գերեզմանի պահապան զինուորները կ՛ուղղուէին դէպի իրենց երէցներն ու պատասխանատուները՝ յարութեան մասին ահազանգ հնչեցնելու։ Զարմանալի չէր օրուան մեծամեծներուն կեցուածքը. կաշառել պահակները, որ ստեն եւ ըսեն թէ Յիսուսի աշակերտները գողցած են անոր մարմինը (Մատթէոս 28.11-15) ։

Այսօրուան մեր անձնական, ազգային, թէ ընդհանուր մարդկային հարցերը կրնան ունենալ պատերազմներու, ընկերային անարդարութեանց, քաղաքական ցնցումներու, մարմնական հիւանդութիւններու, հոգեկան սայթաքումներու, գիտաստեղծ Բաբելոնեան աշտարակներու, տնտեսական ճգնաժամերու կամ բարոյականութեան անկումի ծանր խորագրեր։ Սակայն, ինչպէս միշտ, իսկական ցաւը անյոյս ըլլալու մէջ է եւ յանձնատու ըլլալու՝ այն մեղքին, որ մեզ կը հեռացնէ Աստուծոյ շնորհքէն եւ յաւիտենական յոյսէն։

Առանց հաւատալու Յարուցեալին ու Անոր յարութեան՝ չկայ քրիստոնէական ընթացք։ Առանց յարութեան շնորհած կեանքին՝ չկայ յաւիտենական յոյս։ Այս հաստատումին դիմաց աշխարհի կեղծիքն ու սուտը կրնան շրջապատել մեզ, հոգեզրկել մեզ, մեր իրաւունքներն ու պատմութիւնը խլել մեզմէ, բազմութիւնները մոլորեցնել եւ փորձել մեր յոյսի ճրագը խափանել։

Այդ բոլորին դիմաց կայ հրաշափառ Յարութեան պատգամը, որ ընթացիկ փոփոխութիւն չէ, աստուածաբանական տարբերակ չէ, այլ մտքի ու հոգիի իսկական յեղաշրջում՝ խաւար աշխարհէն դէպի յաւիտենական լոյս։  Իսկ յաւիտենական յոյսի զաւակները այսօր պարտին գործել եւ շրջել մտայնութիւններ Յարուցեալի եւ յարուցեալ ժողովուրդի հոգիով:

Մեր պատասխանը Անով է որ ըսաւ՝ «Ես եմ Յարութիւնն ու Կեանքը. ով որ Ինծի հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յովհաննու 11.25):

 

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ

Ապրիլ 2025

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՆԵՐԷՆ՝  ՆԵՐՍԷՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ  (1 8 6 8 – 1 9 1 5) 

Next Post

Ո՞Վ Է ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ ԵՒ Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾԸ

Next Post
Ո՞Վ Է ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ ԵՒ Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾԸ

Ո՞Վ Է ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐԸ ԵՒ Ի՞ՆՉ Է ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.