Մեծ Եղեռնի նահատակ բարձրաստիճան եկեղեցականներու փաղանգին մէջն էր Ներսէս Եպս. Դանիէլեան (1868-1915): Ան գրական, վարչական, մանկավարժական, քարոզչական եւ յեղափոխական արգասաւոր գործունէութիւն մը ունեցած է յիշատակութեան արժանի: Հանրածանօթ բանասէր ու հրատարակիչ Թէոդիկի (Թէոդոս Լափճինճեան) վկայութեամբ՝ «իր անձնուիրութեամբ եւ բազմարդիւն ու վշտաչարչար կեանքով հայ եկեղեցական դասուն պատիւ այս սրբազանը» ծնած է 16 Մայիսին, Եարփուզ (Եփեսոս) (Զէյթունի արեւելքը գտնուող գիւղ մը), Տէր Յովհաննէսի երդիքին տակ: Աւազանի անունով՝ Գէորգ: Նախակրթութիւնը կը ստանայ Ալպիսթանի (Եարփուզէն հիւսիս) ազգային վարժարանին մէջ: 1883-ին կ’ընդունուի Սիսի Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին ժառանգաւորաց բաժինը: 1886-ին, որպէս փայլուն աշակերտ կ’ուղարկուի Կ. Պոլիս՝ Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը, ուր կը ստանայ ազգային-յեղափոխական դաստիարակութիւն՝ մէկ կողմէ գրագէտ-ուսուցիչ Մելքոն Կիւրճեանի (Հրանդ) շունչին տակ, միւս կողմէ՝ յաճախակի հանդիպումներով անուանի յեղափոխական, Սասնոյ ապստամբութեան կազմակերպիչ Մեծն Մուրատի (Համբարձում Պօյաճեան) հետ: Այս շրջանին արդէն կը ձեւաւորուի մարտական մարդը եւ խոր համոզումով կ’անդամագրուի Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն:
1889-ին աւարտելէ ետք վարժարանը, Մկրտիչ եպս. Վեհապետեանի հրաւէրով կը փոխադրուի Ատանա, ուր ազգային վարժարանէն ներս կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Մէկ տարի ետք կը ստանձնէ Սիսի Դպրեվանքին տեսչութիւնը եւ նոյն տարին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ՝ (աբեղայ) ձեռամբ Մկրտիչ եպս.ի: 1893-ին կը նշանակուի առաջնորդական փոխանորդ Ալեքսանտրէթի (Իսկէնտէրուն) թեմին: 1895-ի Զէյթունի ապստամբութենէն եւ ապա Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղափոխական խլրտումներէն ետք, որպէս անոր պարագլուխներէն մին 1896 Յուլիսին կը ձերբակալուի եւ Հալէպի կեդրոնական բանտը կը տարուի: Հոն էին նաեւ բազմաթիւ հոգեւորական եւ մտաւորական դէմքեր, նոյն ամբաստանութեամբ, կրելով բանտային կեանքի տաժանագոյն կտտանքները: Կիլիկեան խռովութեանց ժամանակ ան ստանձնած էր կազմակերպչական աշխատանքներ՝ կապ պահելով հնչակեան յեղափոխականներու եւ արտաքին աշխարհի միջեւ: Իր կենսագիրներէն Վարդի Քէշիշեան կը գրէ. «Ներսէս Վարդապետ կողմնակից էր ինքնապաշտպանական պայքարին: Բոլոր փաստերը կը վկայեն, որ ան դէմ եղած է վաղաժամ եւ մասնակի ընդհարումներուն, որոնք կրնային սաստիկ բռնութիւններու եւ աղիտալի կոտորածներու տեղի տալ: Ուստի կը յորդորէր գաղտնօրէն զինուիլ եւ ժողովուրդը նախապատրաստել դիմադրութեան» («Հասկ» Հայագիտական Տարեգիրք, Նոր Շրջան, Ժ. տարի, 2002-2006, Անթիլիաս, էջ 276): Եօթը ամիս արգելափակումէ ետք, ընդհանուր ներման արժանանալով ազատ կ’արձակուի: Սակայն, ուրիշ ամբաստանութենէ մը ետք, Դամասկոս կ’աքսորուի:
1898-ին Կ. Պոլսոյ պատրիարք Մաղաքիա արք. Օրմանեանի երաշխաւորութեամբ, Ներսէս վարդապետ Պոլիս կը տեղափոխուի նշանակուելով Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզիչ: Միաժամանակ կը դառնայ Մաղաքիա պատրիարքին անձնական քարտուղարը: Ակամայ պոլսաբնակութեան (կամ՝ աքսորի) այս շրջանը կը յատկանշուի կրթական, քարոզչական, հրապարակագրական եւ գրական աշխատանքներով. կը դասաւանդէ Ներսէսեան, Սուրբ Խաչ, Արամեան վարժարաններուն եւ Ազգային Որբանոցին մէջ: Արդէն 1880-ականներէն կ’աշխատակցէր մամուլին եւ այս փուլին առաւել կ’երեւին իր ստորագրութիւնները (Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ) զանազան բնոյթի յօդուածներու տակ (հոգեւոր, բարոյագիտական, յուշագրական, արձակ, ոտանաւոր), ինչպէս՝ «Մասիս», «Բիւզանդիոն», «Սուրհանդակ», «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «Լոյս» եւ այլն: Ան կ’օգտագործէր Սսական Վարդապետ, Մեղրունի, Կիլիկեցի, Խօսնակ եւ այլ գրչանուններ, սակայն ամենայայտնին՝ Սսական Վարդապետն էր (այս անունը զինք տուած է Խրիմեան Հայրիկ. նաեւ անկէ ստացած է ականակուռ լանջախաչ կրելու իրաւունք): Գալով քարոզներուն, վկայութիւնները բազմաթիւ են, որ ան եղած է պերճաբան, խանդավառող եւ հայրենասէր քարոզիչ: 1903-ին լոյս կը տեսնէ անոր առաջին գիրքը՝ «Կեանքը առանց հաւատքի» վերնագրով, որ կը տպուի Վիեննայի մէջ: Հատորը քարոզներու ժողովածու մըն էր՝ աւետարանական, բարոյագիտական եւ ազգային տօներու վերաբերեալ նիւթերով: Բայց, անոր կեանքը Պոլսոյ մէջ հեշտ չէր, քանզի մշտապէս կը գտնուէր օսմանեան ոստիկանութեան հսկողութեան տակ եւ բազմիցս ձերբակալեալ տարուած է ոստիկանատուն, ինչպէս Պանք Օթոմանի դէպքէն ետք: Միշտ ալ շնորհիւ պատրիարքին միջամտութեան դուրս եկած է բանտէն:
Ներսէս վարդապետին թրքական իշխանութիւնները արգիլած էին Կիլիկիա երթալ: Սակայն, 1907-ին, Սիսի Սահակ Բ. կաթողիկոսին եւ Օրմանեան պատրիարքին ազդու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Սսոյ վանքէն դուրս չգալու պայմանով, կը փոխադրուի Սիս եւ Յունիսին կը ստանձնէ վանքին Ժառանգաւորաց վարժարանին տեսչութեան պաշտօնը: 1908-ին, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը նշանակուի Հաճնոյ առաջնորդ: 1909-ին, Ատանայէն սկսած եւ Կիլիկիոյ զանազան վայրերը շարունակուած համատարած կոտորածի օրերուն, ան կը ղեկավարէ Հաճնոյ ինքնապաշտպանութիւնը: Սահակ կաթողիկոս սուրհանդակով մը կ’իմացնէր Կիլիկիոյ զարհուրելի վիճակը եւ Սիսի վտանգուած ըլլալը եւ հաճընցի մարտիկներ կը խնդրէր պաշտպանութեան համար: Ներսէս Ծ. Վարդապետ կը հեռագրէ որ 500 մարտիկներ պաստրաստ են ուղղուելու Սիս: Բայց հեռագիրը թուրքերու ձեռքը իյնալով, կը փութան հաշտութիւն գոյացնել կաթողիկոսին հետ. կը փրկուի Սիսը ստոյգ ջարդէ, մինչ Հաճընի մէջ տեղի կ’ունենան բախումներ նախայարձակ խուժանին հետ: Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ խորհրդակցական ժողով եւ կը կազմուի ինքնապաշտպանական խումբեր: Այս շարժումը կը ղեկավարէր մարմին մը, որուն գլխաւորն էր առաջնորդ Ներսէս Ծ. վարդապետը: Կիլիկիոյ 1909-ի կոտորածին ականատես եւ ապա Մեծ Եղեռնի նահատակ Յակոբ Թէրզեան (Յակթէր) հրապարակած է վաւերագրական եւ շահեկան գիրք մը՝ «Կիլիկիոյ աղէտը», ուր կը գրէ. «Տեղւոյս առաջնորդ Տ. Ներսէս Ծ. վարդապետը իր կեանքը ազգին նուիրած, այս կարկուտի պէս տեղացող կապարներու մէջէն հեռագրատուն եւ այլ պէտք եղած տեղերը կը դիմէր անձամբ, ամէն վտանգ աչք առած»:
Դէպքերուն հանդարտելէն ետք, ան դարձեալ կը ձերբակալուի որպէս ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչ եւ կը դատուի Էրզենի պատերազմական ատեանին առջեւ: Այս մասին ան կը գրէ իր «Կախաղանին ստուերը» յօդուածին մէջ, թէ ինչպիսի չարչարանքներով Հաճընէն հետիոտն զինք կը տանին Մարաշ եւ Էրզեն՝ բանտէ բանտ եւ ատեանէ ատեան. «1909 Յունիսին հեծեալ ոստիկաններով Հաճընէն կը տարուէի հոն. չորս օրուան ճանապարհ. բնութիւնը կը ժպտէր իմ շուրջս, մինչ ես կախաղանի սեւ փայտին ծանրութիւնը կը զգայի ուսերուս վրայ»: Այս նոր Գողգոթան կ’աւարտի շուրջ հարիւրօրեայ բանտարկութեամբ, երբ Սահակ հայրապետ ազդու գրութեամբ՝ օրուան իշխանութիւններէն կը պահանջէ ազատ արձակել Հայր Ներսէսը:
Ազատ արձակուելէ յետոյ, Սահակ կաթողիկոսին կողմէ 1910-ին կը ղրկուի Ատանա, որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ: Այս փուլին իր առաջին գործը կ’ըլլայ ամոքել վշտահար ժողովուրդը, գօտեպնդել Ատանայի ջարդէն փրկուած հայութիւնը եւ զարկ տալ վերաշինութեան աշխատանքներուն: 1947-ին, Փարիզի «Արեւմուտք» շաբաթաթերթին մէջ Կիլիկեցի ստորագրութեամբ յուշագրողը կը գրէ. «Կիլիկիոյ մէջ՝ մեծախորհուրդ Սահակ կաթողիկոսէն ետք եթէ մէկը կար, որ Կիլիկիան քար առ քար ճանչցած, եւ համայն կիլիկեցիներէն ճանչցուած ու սիրուած էր՝ ան ալ՝ Ներսէս եպիսկոպոս Դանիէլեանն էր: Բոլոր կիլիկեցիները անխտիր կը սիրէին քաջ, անձնուէր, համակ զգացում ու գորով այս հովիւը…: 1909-ին՝ Սսական վարդապետը ուխտի կու գար Տէօրթ-Եոլ, սիրելի քաղաքին մարտիկներուն հետ, հոն հաւաքուած որբերը տեսնելու համար: Այս տողերը գրողը՝ մէկն է այդ որբերէն, որոնց լուր կու տան՝ թէ մեծ, շատ մեծ մարդ մը պիտի գայ, «Կաթողիկոսէն ետք՝ ամէնէն մեծը, որ մեզ շատ կը սիրէ»»: Հետաքրքրական դէպք մըն ալ Այնթապէն, 1908-1909 թուականներէն. յուշագրողը կը գրէ. «Ներսէս վրդ. Կիրակի օր մը, պատարագի արարողութենէն վերջ «կրակ ու բոց» քարոզ մը կ’արտասանէ Վարդանեան կրթարանի լսարանի բեմէն՝ «Ազատութիւն եւ ինքնապաշտպանութիւն» բնաբանով, ըսելով՝ «Սիրելի հայ ժողովուրդ, այժմ օսմանեան Սահմանադրութիւնը հռչակուեցաւ, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն կը քարոզուի. Եղբայրնե՛ր, մի հաւատաք հաւասարութեան հռչակումին: Ուժեղը կը պարտադրէ տկարին՝ իր գաղափարին եւ ուղեգիծին հնազանդիլ: Ուստի մեզ հայերուս կը մնայ զինուիլ ու կազմակերպուիլ՝ զօրաւորէն չկլանուելու համար… Արթնցէ՜ք եղբայրներ ձեր թմբիրէն, նախճիրներու զոհ չերթալու եւ չոչնչանալու համար զինուեցէ՛ք, կազմակերպուեցէ՛ք…»: Եւ իր խօսքին ազդու շեշտ մը աւելցնելու նպատակով, իր ձեռքին գաւազանէն սուր մը հանելով օդին մէջ կը ճօճէ՝ «Օրուան պահանջքը եւ իմ այժմէական պատգամս այս է» ըսելով: Այս դէպքէն յետոյ ժողովուրդը անոր «սուինաւոր վարդապետ» անունով կը յիշէր»:
1911 Մարտին, Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեանի ձեռամբ կը ձեռնադրուի եպիսկոպոս, օծակից ունենալով Խորէն Դիմաքսեան եւ Հրանդ (ապա՝ Եղիշէ) Կարոյեան վարդապետները: Ապա կը կոչուի Հալէպի առաջնորդական տեղապահի պաշտօնին եւ Հոկտեմբեր 17-ին հասնելով իր նոր պաշտօնատեղին՝ կը ստանձնէ Բերիոյ դարաւոր թեմին հովուութիւնը: Վարդան եպս. Տէմիրճեան կը գրէ. «Հալէպի առաջնորդական աթոռին վրայ բարւոք ծառայութիւն մատուցած է թեմէն ներս, զարկ տալով յատկապէս կրթական յարկերուն եւ անոնց բարգաւաճման» («Գաւազանագիրք Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայոց Թեմերու Առաջնորդութեանց», Անթիլիաս, 1980, էջ 293): Նոյն օրերու մասին Վարդի Քէշիշեան կը գրէ. «Հալէպի մէջ իր բազմարդիւն գործունէութեան պտուղներէն կարելի է համարել 1913-ին Հայ Գրերու Գիւտի 1500-ամեակին եւ Հայ Տպագրութեան 400-ամեակին նուիրուած մեծաշուք տօնակատարութիւնները, Հ.Բ.Ը. Միութեան հիմնադրութեան 7-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած փառահեղ հանդիսութիւնները, 1913-1914 թուականներուն կայացած աննախընթաց Ողիմպիական խաղերը եւ այլ կարեւոր ձեռնարկներ: Հալէպի մէջ իր անմիջական ջանքերով ու նախաձեռնութեամբ հաստատուած են շարք մը միութիւններ, լսարան, ընթերցարան»:
1914-ին կ’ընտրուի Եոզկատի թեմին առաջնորդ եւ աշնան կը փութայ իր նոր պաշտօնատեղին, որ պիտի ըլլար վերջինը…: Թուրքիոյ լքուած եւ աննշան քաղաք ուղեւորութիւնը կ’ըլլայ չարչարալից նոր ուղի մը: Եոզկատի հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ նոր առաջնորդը, որուն մասին յուշագիրը կը գրէ. «Առաջնորդին ընդունելութիւնը Էնվեր փաշայի գալուստէն ալ աւելի խանդավառութիւն ստեղծեց քաղաքին մէջ»: Հարիւրաւոր ձիաւորներ կ’երթան դիմաւորելու Ներսէս եպս.ը, ճամբու ամբողջ երկայնքին կարպետներ ու գորգեր կը փռուին: Եկեղեցիներուն զանգերը ժամեր շարունակ կը ղօղանջեն: Ան մեծ համբաւ ունէր արդէն որպէս վարչագէտ, մտաւորական եւ յանդուգն առաջնորդ: Իր առաջնորդութեան կարճատեւ շրջանը կ’ըլլայ բեղուն. վերելք կ’ապրի կրթական կեանքը, կը հասնէր ժողովուրդի խոնարհ խաւին կարիքներուն:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան եաթաղանը, Եոզկատի եւ շրջակայից շուրջ 40 հազար հայութեան համար կ’ըլլայ ամենազարհուրելիներէն մէկը՝ իր վայրագութեամբ եւ գազանութեամբ: 20 Յուլիս 1915-ին Ներսէս եպս. Եոզկատի երեւելի հայոց հետ կը ձերբակալուի եւ կը բանտարկուի: Այս կարաւանը իր 472 կարեւոր դէմքերով ճամբայ կը հանուի 26 Յուլիսին: Կարաւանը Սեբաստիա չհասած՝ Թաշլըտերէ վայրին մէջ կ’ենթարկուի կողոպուտի եւ ապա կոտորածի: Ըստ տեղեկութեանց առաջնորդ սրբազանը կը թալանուի եւ ապա կը խոշտանգուի արիւնարբու դահիճներու կողմէ: Նահատակներուն մարմինները կը նետուին գետի հոսանքին մէջ, որոնց մէջն էր անզուգական Սսական վարդապետը…:
Ան հեղինակն է բազմաթիւ տպուած եւ անտիպ գործերու: Ձեռագրերէն շատեր փճացան թրքական ոստիկանութեան կողմէ: Բանաստեղծութիւններ, արժէքաւոր քարոզներ, մտորումներ եւ ոգեշունչ գրութիւններ կը մնան մնայուն գանձեր հէք կղերականէն ժառանգուած: Նշելի է յատկապէս «Կաթիլ մը ջուր այրած սրտերուն» (1912, Կ. Պոլիս) գործը, որ 2010-ին վերահրատարակուեցաւ Հալէպի մէջ: Բաբգէն ծ. վրդ. Չարեան (այժմ՝ արքեպիսկոպոս) կը գրէ. «ան եղած է գրիչի մարդ եւ հակառակ իր այս կեանքի տագնապալից վիճակին, երբեք գրիչը ձեռքէն չէ լքած» («Հայ հոգեւորականութեան կորուստը Մեծ Եղեռնին» Անթիլիաս, 2005, էջ 54):
Եզրակացնենք Թէոդիկի խօսքերով՝ «Սսական վարդապետ. Կեանքիդ բոլոր շրջաններուն մէջ չարչարանքը միայն ճանչցար, միշտ կալանակապ եւ արգելափակ, աչքերէդ ու գրիչէդ թափելով միշտ «Կաթիլ մը արցունք այրած սրտերու»»:
Կեանք մը՝ որ նմանեցաւ անաւարտ Գողգոթայի:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ