Գիշեր է դարձեալ՝
Անա՜ստղ, անլուսի՜ն…
Ամիսս՝ Ապրիլ …:
«Ապրիմ–Մեռնիմ»ս
Դեռ կ’ապրի, մարդի՛կ
Բայց, այս ի՜նչ հրա՜շք…
Բայց այս ի՜նչ զարմա՜նք
Բայց այս ինչ զարթօնք՝
Անիմանալի՜
Անհաւատալի՜
Անբացատրելի…:
Այս ինչ նոր հրայրք՝
Արհաւիրքէն վերջ,
Երբ վէրքերս հազար
Չամոքած նոյնիսկ,
«Ապրիմ–Մեռնիմ»ս
Կը ցանկայ ապրիլ….:
Հաւատա՞մ… միթէ՞…:
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ