Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՓՐԱՏԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

April 24, 2025
in Յօդուածներ
0
ԵՓՐԱՏԵԱՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

 

 

 

ՋՈՒՐԸ  ՏԵՍՆԵԼ Կ’ՈՒԶԵՆ

24 Մարտ 2010… Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակէն ճիշդ ամիս մը առաջ. Հայաստանի օրուան նախագահ Սերժ Սարգսեան Տէր Զօր պիտի այցելէ, հոն ապահովական արտակարգ կացութիւն է, բոլոր ճամբաները փակուած են գրեթէ, ապահովական ուժերը ամէն տեղ են։ Նախատեսուածէն կանուխ կը հասնինք Տէր Զօր եւ կ’ուզենք Եփրատին մօտենալ։ Զինուորէն կը խնդրենք արտօնութիւն տալ՝ բացատրելով, որ Լիբանանէն եկած լրագրողներ ենք եւ կ’ուզենք Եփրատը տեսնել ու նկարել։

– Ի՞նչ կ’ուզեն,- կը հարցնէր աւելի անդին կանգնած զինուոր մը։

– Ջուրը կ’ուզեն տեսնել… ու նկարել։

– Ջո՞ւրը։

– Այո՛, այդ ջուրը,- կ’ըլլայ պատասխանը ձեռքին ուղղութիւնը դէպի Եփրատ երկարող զինուորին։

– Ձգէ՛, թող երթան։

 

– … Ջուրը կ’ուզեն տեսնել, ջուրը…

Անոնք չէին կրնար հասկնալ այդ ջուրին արժէքը մեզի համար, անոր փոխանցած խորհուրդն ու պատգամը, Եփրատը հոսող ջուր մըն էր պարզապէս, տեղացիները անոր կողքին նոյնիսկ ճաշարաններ հաստատած են՝ Եփրատին գեղեցկութեան եւ հմայքին վայելքը իրենց յաճախորդներուն տրամադրութեան տակ դնելով։ Բայց ատիկա ջուր չէ մեզի համար, ատիկա արեան ծով էր 95 տարի առաջ, վերապրողները հաստատած են, որ կարմիրով ներկուած էր Եփրատը ամբողջ, անիկա մեր նահատակներուն գերեզմանն էր եւ այդ պատճառով ալ տխուր է ան, տարբեր հանդարտութիւն ու խաղաղութիւն մը ունի։ Ջուր չէ անիկա, այլ՝ վկայ մահուան, նաեւ աղբիւր կեանքի եւ միւռոն՝ ազգի մկրտութեան։ Ջուր չէ, հաւատացէ՛ք մեզի, անիկա Եփրատն է պարզապէս, մեր պատմութեան ամէնէն ահաւոր էջերէն վազող եւ մեր վերապրումը յուշող գետն է։

 

ՎԵՐՋԱՊԷՍ

Վերջապէս աչքերովս տեսայ քեզ, ի՛մ ուրոյն աչքերովս, սակայն ոչ միայն իմ հայեացքով, այլ՝ հայեացքով այն բոլոր մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք պատմած են քու մասիդ, որոնց արցունքները եթէ քու մէջդ թափէին, պիտի բարձրանայիր, շա՜տ բարձրանայիր. իսկ եթէ այդ վերապրողները կարենային գալ հոս, քու ալիքներուդ հետ տխուր պար բռնած մեր նահատակները պիտի ցնծային՝ ի տես իրենց հարազատներուն, իրենց մայրերուն թերեւս, իրենց զաւակներուն հաւանաբար…

Վերջապէս ականջներովս, ի՛մ ականջներովս կը լսեմ արդէն ալեակներուդ հանդիպումէն ծնող նուագն ու անոնց ընկերացող երգը… Կ’երգեն գիրկդ ննջող կոյսերը անարատ, կ’երգեն մայրերը անմխիթար, կ’երգեն մանուկները անմեղ։ Կոյսերը կը հնչեցնեն նուագը իրենց պատիւի փրկութեան, մայրերը՝ ազատագրումը իրենց խղճին, իսկ մանուկները… հայ մանուկները կ’երգեն բիւրեղութիւնը իրենց հոգիներուն, կ’երգեն արեամբ ողողուած իրենց աչքերուն փակման աւետիսը, որովհետեւ անոնք անզօր էին, անկարող՝ դիմանալու ցաւին ահեղ, չարչարանքին բազմազան, արհաւիրքին աննկարագրելի։ Մանուկ էին տակաւին, չունէին կարողութիւնը հասկնալու եւ ընկալելու այս բոլորը, սակայն իրենց աչքերով տեսան խողխողումը զիրենք դիեցնող մայրերուն, գլխատումը իրենց հայրերուն, հողին հետ գիրկընդխառնումը փոքրիկ քոյր-եղբայրներուն եւ յամեցող, շարունակել չկարողացող մեծ մայրիկներուն անհետացումը իրենց տեսադաշտէն։

 

ԵՓՐԱ՛Տ…

Կո՞ւլ տուիր մեր հարազատները, թէ՞ փրկեցիր զանոնք…

ԵՓՐԱ՛Տ…

Քնքուշ եղա՞ր անոնց հետ, ալիքներդ գէթ անոնց կեանքի վերջին վայրկեաններուն նրբութեամբ գրկեցի՞ն մեր մայրերը, մանուկները, զաւակները մեր ազգին…

ԵՓՐԱ՛Տ…

Գութ ունեցա՞ր երազներով, ապագային տեսլականով, փափաքներով ու յոյսերով զինուած, սակայն մէկ երկվայրկեանի մէջ այդ բոլորէն զրկուած մեր ժողովուրդին հետ…

Երանի զանոնք հանդարտութեամբ առաջնորդէիր յատակդ՝ առանց հարուածելու կամ տանջելու, առանց ցնցելու կամ վիրաւորելու, որովհետեւ անոնք բաւարարուած էին ցաւէն, վէրքէն, կսկիծէն ու տառապանքէն, լիացած էին անոնց մարմինները՝ հարուածներէն շուն թուրքին։ Անոնք կ’ուզէին հանգչիլ, թուրքին պիղծ գիրկին փոխարէն, քու ջինջ գրկիդ մէջ գտնել վերջին ապաստան, թուրքին ձեռքը իյնալու փոխարէն՝ իյնալ քու ջուրերուդ մէջ…

Եփրա՛տ, որքա՛ն կ’ուզեմ գրկել քեզ այս պահուն, զգալ ջերմութիւնը հայ մայրերուն, քնքշութիւնը կոյսերուն, անմեղութիւնը մանուկներուն։ Կ’ուզեմ իյնալ գիրկդ, գտնել մեր նահատակները եւ պատմել, պատմել, թէ իրենց հարազատներուն, մայրերուն կամ հայրերուն, զաւակներուն ու թոռներուն հետ կ’ապրիմ, պատմել, թէ անոնք բոլորը երբեք չեն մոռցած զիրենք, այլ ապրած են իրենց անուններով նորեր ծնելու համար, որպէսզի շարունակուի ազգը, որպէսզի վրէժի ու պահանջատիրութեան ձայնը բարձրանայ, որպէսզի աշխարհը իմանայ, որ հոս՝ քու ջուրերուդ մէջ ինչե՜ր տեղի ունեցած են, որ դուն քու աչքերովդ ինչե՜ր տեսած ես, որպէսզի ես գամ հոս, նստիմ կողքիդ ու զրուցեմ հետդ, մեր նահատակներուն հետ, որոնք իւրաքանչիւր հայու էութեան մէկ հիմնական մասնիկն են, որոնց մասին լսած եմ շա՜տ ու շա՜տ վերապրողներէն, որոնց արցունքի կաթիլները թրջած են ձեռքերս՝ անոնց ափերը սեղմած, իսկ այսօր, քեզմով կը թրջուին ձեռքերս, զորս կը սեղմեն նահատակները…

 

ԿԸ ԿԱՆՉԵՆ ԱՆՈՆՔ

Հանդարտ է գետը, անոր մեղմ ընթացքին հետ կ’ուրուագծուին դէմքերը նահատակներուն, պատկերները Հայոց ցեղասպանութեան, խեղդամահ եղողները մեր… Տխրութիւնն ու ուրախութիւնը կը միանան հոն, Եփրատը կը պատմէ կարծէք ու կը շշնջայ ականջիս, թէ երանելի եմ իմ գիրկը նետուելու յանդգնութիւնը ունեցածներուն ազգին մէկ անդամը ըլլալուս համար, լսել կու տայ կոչը նահատակներուն, անոնք չեն լար ա՛լ, այլ կը հպարտանան, չեն ողբար, այլ կը պահանջեն, չեն տրտմիր, այլ իրենց համար Արարատի լանջերուն շիրմաքարի մը զետեղումը կը խնդրեն…

Այդ ջուրերուն մէջ կ’երեւի բաժանումը մայրերուն ու զաւակներուն, քոյր-եղբայրներուն, մահուան հետ կ’երեւի կեանքը, կ’ուրուագծուի պատկերը այն աստուածային վերապրողներուն, որոնք Եփրատին յանձնելով իրենց սրտին մէկ մասը՝ շարունակեցին երթը, քալեցի՛ն ու քալեցի՛ն…

 

Աստուա՛ծ իմ, այդքան հսկայական տարածք, այդքան անջրդի ու հրկիզող անապատ, այդքան հեռո՜ւ մարդկութենէն, ինչպէ՞ս քալած են հերոսները մեր, ինչպէ՞ս կրցած են գոյատեւել, ինչպէ՞ս կրցած են այդքան ծանր ցաւերու բեռան տակ տակաւին շնչել, տակաւին տոկալ, տակաւին յառաջանալ… Մարդ չէին անոնք վստահաբար, այլ՝ աստուածներու համազօր, հերոսներ իսկական, ապրելու եւ ապրեցնելու կամքի ներկայացուցիչներ, այլապէս պիտի չկարենային ծանր հարուածը տալ թուրքին՝ հայ ազգին կրկին շունչ ու հոգի տալով, կրկին ծնելով սերունդներ ու սերունդներ։ Փա՜ռք ձեզի, փառք ու պատիւ ձեր բոպիկ ոտքերուն, արեւէն հրկիզուած ձեր մատներուն։ Սպանդն ու ցեղասպանութիւնը տեսած ձեր աչքերով դուք կրցաք շարունակել, հակառակ այս բոլորին՝ դուք կրցաք ձեր ոտքերը դուրս բերել զանոնք ներս քաշող աւազէն, կրցաք ցաւը վրէժի փոխել ու շարունակել, շարունակել, որպէսզի այսօր Հայաստանի նախագահը Տէր Զօր բերէք, որպէսզի ձեր ոտքերէն վազած արեան հետքերով յառաջանայ իւրաքանչիւր հայորդի, այդ հետքերը միայն արժանապատիւին կը տանին, միայն դէպի յաղթանակ կ’առաջնորդեն՝ կեանքին յաղթանակը…

 

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԵՌԱՆԱՄ

 

Արդէն պէտք է հեռանալ, ժամը հասած է, որքան ալ երկարի պահը, կրկին բաժանումի ժամը պիտի հնչէ անպայման եւ Եփրատի եզերքը խրած ոտքերս ձեւով մը պէտք է շարժին։ Հեռանալ… Սակայն տակաւին չկշտացայ Եփրատին նայելէ, չյագեցայ նուագէն, կանչերէն ու զրոյցէն, տակաւին մեր բոլոր նահատակները չտեսայ, անոնց բարեւներ ու համբոյրներ չփոխանցեցի իրենց ընտանիքներէն։ Ինչպէ՞ս հեռանամ, աչքերս չեն շարժիր, ոտքերս անշարժացած են, կ’ուզեմ հոն մնալ երկա՜ր, շա՜տ երկար գիրկընդխառնուիլ նահատակներուն հետ, որոնց կտակով կը բաբախէ սիրտս, կը փոթորկի միտքս ու կը դողայ ամբողջ էութիւնս։ Սակայն պէտք էր հեռանալ ու վերադառնալ վերապրողներուն ուղիով, վերադառնալ Եփրատին մէջ վերամկրտուած ըլլալու զգացումով, վերադառնալ աւելի բարձր կոչերով ու պահանջներով՝ մեր նահատակներուն կտակը երբեք չմոռնալու, անոնց արեան մինչեւ վերջին կաթիլին գինը պահանջելու եւ համայն աշխարհին երեսին գոռալու, որ Եփրատը ջուր չէ, Տէր Զօրը անապատ չէ, այլ՝ անոնք պատմութիւնն են հայութեան, վկաներն են մարդկութեան դէմ գործուած ամէնէն ահաւոր ցեղասպանութեան, դատաւորներն են բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն խեղաթիւրել պատմութիւնը, մոռացութեան գիրկը նետել իրաւունքը եւ անտեսել հեռուէն եկող, սակայն ամէն մէկ հայու ականջին մէջ հնչող կտակը նահատակներուն։

Կը հեռանամ ֆիզիքապէս, կրկին կը դառնամ դէպի Եփրատ, հայեացքս չի հեռանար, իմ աչքերով Եփրատին կը նային այն բոլոր վերապրողները, որոնք այս գետին մասին պատմած են ինծի, անոնց ձայնը կը հնչէ ականջիս մէջ, անոնց արցունքով կը լեցուին աչքերս ու անոնց օրհնութեամբ վերջին աղօթք մը կը մրմնջեմ։

– Եփրա՜տ… լա՛ւ պահէ մեր նահատակներուն աճիւնները, փափուկ տեղ տուր անոնց, մենք անպայման կրկին պիտի գանք, պիտի գանք զանոնք տանելու Վան, Մուշ, Սասուն… տանելու Արեւմտահայաստան, ուր միայն կրնան իրենց վերջին հանգիստը գտնել…

 

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ   

Ապրիլ 2010

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԵԱՆՔ,  ՄԻԱՅՆ  ԿԵԱՆՔ

Next Post

ԵՐԳ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ

Next Post

ԵՐԳ ՎԵՐԱՊՐՈՒՄԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.