Ի՞նչ կը յուսան
Բոլոր մարդիկ այս տառապեալ,
Հայրենազուրկ, անդաստական,
Որոնք կեանքէն այս երկրային
Ոչ՛ մէկ բարիք քաղել կրցան…
Ի՞նչ կը յուսան
Պատարագէն այս սրբազան,
Այս մեծ Տօնէն Սուրբ Յարութեան:
Տքնած, խոնջած,
Ցերեկ-գիշեր աշխատեցան
Վասըն հացին
Շաղուած իրենց արտասուքով
Աղօթեցին,
Աչքերնին միշտ
Դէպի իրենց հայրենիքին,
Որ կը հեծէ
Օտար լուծի տակ անողոք,
Որ գէթ Աստուած,
Արեւին տակ,
Հայրենիք մը տայ իրենց տաք
Ու ապահով:
Կ’աղօթե՞ն թէ կ’ընեն բողոք,
Այս մարդիկը, որ զատկուան
Պատարագէն լոյս կը յուսան:
Յարեաւ Քրիստոս
Ի մեռելոց,
Ու սրտերը, մտքերը գոց
Թող արթըննան
Որ ծագի լոյսն արդարութեան…
Ո՜հ, կեանքն է հոս
Ցուրտ ու դաժան,
Եւ ալ է որ՝ անցողական:
Պատարագէն այս Յարութեան
Հայերն բոլոր կեանք կը յուսան,
Կեանք երկրային
Իրենց ազատ
Հայրենիքին մէջ հարազատ,
Ուր ալ չըլլան,
Չըլլան բընաւ արիւնկըզակ
Թուրքեր գազան,
Եւ հուսկ ապա կեանք երկնային,
Կնքուած Փրկչին
Մահուան վըրայ՝ այս յաղթական
Յարութեամբը անմահական:
22/4/1984 «Գրուած Պատարագի պահուն»
ԵՐՈՒԱՆԴ ԳԱՐԱՃԵԱՆ (ԲԱԶԷ)