Քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, Սին էլ Ֆիլի մէջ առաջադրուած հայազգի թեկնածու Գարոլին Խաչիկեան այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոնատեղի, ուր տեսակցեցաւ ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին հետ, գլխաւորութեամբ ատենապետ ընկ. Վանիկ Տագէսեանի, ներկայութեամբ շրջանի ՀՄՄ Թոմարզա մասնաճիւղի ատենապետ Յարութ Երեմեանի եւ թեկնածուին հօր՝ ընկ. Տրդատ Քեշիշեանի: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, մասնաւորաբար Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետութեան շրջանին մէջ տիրող ընտրական պատկերը եւ նախընտրական աշխատանքները:
Զրուցակիցները արծարծեցին նշեալ շրջանի բնակիչներուն կարիքները, մարտահրաւէրները, կենցաղային պայմաններու բարելաւումի հնարաւորութիւնները եւ քաղաքացիններուն կարիքները գոհացնող ծրագրեր իրականացնելու միջոցները: Գարոլին Խաչիկեան ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինին ներկայացուց իր պատկերացումները եւ առաջարկները, վստահեցնելով թէ որպէս մայրաքաղաքի գլխաւոր մուտքերէն մէկը, Սին էլ Ֆիլի մէջ կայ բարգաւաճումի մեծ ներուժ եւ խնդիրներու անյապաղ լուծումի անհրաժեշտութիւն:
Հանդիպումին արդիւնքով, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինը որոշեց քաղաքապետական ընտրութիւններուն Սին էլ Ֆիլի շրջանին մէջ որդրեգրել Գարոլին Խաչիկեանի թեկնածութիւնը: