Պահանջատիրութիւն աղաղակող եւ հաւաքական կամք ներկայացնող հսկումով մը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն առաջնորդութեամբ, լիբանանահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը եւ վերահաստատեց արդար պայքարի երթը շարունակելու յանձնառութիւնը: Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան կազմակերպուած հաւաքին ներկայ էին ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավար մարմինները, լիբանանահայ պետական, կրօնական անձնաւորութիւններ, ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմերը եւ լիբանանահայերու բազմութիւն մը:
Նահատակաց յուշակոթողին մօտ քաղաքական կուսակցութիւններուն անունով հայ եւ արաբ նահատակներուն յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, ՀՄՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբերուն նուագած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք բացման խօսքը հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանեց ընկ.հի Մարի-Անն Յովհաննէսեան, որ յիշեցուց, թէ Մեծ Եղեռնին կողքին հայութիւնը կ’ոգեկոչէ նոյն ցեղասպանին ձեռամբ գործուած եւ դժոխային նոյն նպատակին ծառայող Սէյֆոյի սպանդներու, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններու, արհեստական սովի եւ կոտորածներու զոհերուն յիշատակը եւս: «Հաւաքուած ենք ի հեճուկս բոլոր անոնց, որոնք գրաւ դրած էին եւ կը շարունակեն գրաւ դնել ժամանակի թաւալումին վրայ՝ կարծելով, թէ մեր կամքը պիտի տկարանայ, մեր պահանջատիրութիւնը պիտի յապաղի կամ մոռացութեան մատնուի, իսկ մեր ու նահատակուած միւս ժողովուրդներուն մղած պայքարը պիտի խաթարուի», շեշտեց ան: Ընկ.հի Օհաննէսեան զգուշացուց տարածաշրջանային զարգացումներուն հետեւանքով ուժերու նոր դասաւորումներուն լոյսին տակ Թուրքիոյ աճող ազդեցութենէն, որ հայ ժողովուրդին պահանջատիրական հոլովոյթը կը դնէ նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Ան նշեց, որ այս փուլը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է առաւելագոյն զգօնութիւն, քաղաքական եւ ազգային միասնականութիւն: «Մեր պահանջատիրութեան մաս կը կազմեն իրաւազրկուած բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքները, որովհետեւ բոլոր չարիքները ունին նոյն արմատը», եզրափակեց ընկ.հի Օհաննէսեան, կոչ ուղղելով առաջին հերթին դիմելու միասնականութեան:
Գեղարուեստական հատուածով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը: Երեք կուսկացութիւններուն խօսքը արաբերէնով փոխանցեց Լեւոն Բարսեղեան, իսկ հայերէն խօսքը արտասանեց Լուիզա Պապոյեան: Նշուեցաւ, թէ չմոռնալով հանդերձ մեր նահատակները, կորուստն ու ցաւը, մենք վերածնող ժողովուրդ ենք, որ դարձեալ երգեց, պարեց եւ վերակառուցեց իր տունը, դպրոցն ու եկեղեցին, ծնունդ առաւ հերոսներու պատիւէն, պարզելով ազատագրական պայքարի դրօշը: Շեշտուեցաւ, որ մենք արդարութիւն կը պահանջենք, ոչ՝ վրէժ, կը հիմնուինք արժանապատուութեան վրայ, ոչ թէ ատելութեան, խոստանալով միշտ վառ պահել ազատութեան բոցը: Ահազանգելով, թէ այսօր կը դիմագրաւենք նոր ցեղասպանութեան մը վտանգը, աջակցութիւն յայտնուեցաւ Արցախին, շեշտելով որ հակամարտութեան քաղաքական լուծումի էջը տակաւին չէ փակուած, ուստի պէտք է զայն միջազգային օրակարգ վերադարձնել եւ արցախցիներուն հնարաւորութիւն տալ տունդարձի եւ ինքնորոշումի: Պապոյեան եւ Բարսեղեան իրենց ուղերձներուն մէջ պահանջեցին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ վերադարձնել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի նիւթը, յիշեցնելով որ լռութիւնը ոճրագործին գործակիցն է, այնպէս ինչպէս տեսանք Կազայի կոտորածներուն պարագային: «Մեր դատը չի վաճառուիր քարիւղով, զէնքով կամ դաշինքներով», ըսին անոնք՝ շեշտելով, որ հայը պիտի դառնայ արդարութեան ձայնը, իսկ հայ նոր սերունդը պիտի քանդէ լռութեան պատը: Անոնք եզրակացուցին, թէ հայ ըլլալը միաժամանպակ պատիւ է եւ պարտաւորութիւն, իսկ պետականութիւնը մեզի համար բացարձակ արժէք է, ուստի կոչ ուղղեցին վերակառուցելու Հայրենիք-Սփիւռք կամուրջները եւ ամրացնելու կապերը:
Ցուցադրուեցան արաբերէն եւ ֆրանսերէն տեսանիւթեր, ապա հսկումը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ»ի յաղթերգով: Իսկ այսօր առաւօտեան ոգեւոչումը կը շարունակուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ մատուցուելիք Սուրբ եւ անմահ պատարագով եւ ծաղկեմատոյցով: