Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի այցելուներու յուշամատեանին մէջ արձանագրուած արաբ ղեկավարներու եւ պատուիրակութիւններու արձանագրութիւնները շնորհակալ աշխատասիրութեամբ տեղ գտած են սուրիահայ բանասէր, գրող, թարգմանիչ, արեւելագէտ եւ երեսփոխան, այժմ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆի «100 տարի՝ Հայոց ցեղասպանութեան, 100 արաբական վկայայութիւններ» արաբերէն աշխատասիրութեան չորրորդ բաժնին մէջ (Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն, 2015):
19 արձանագրութիւնները հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը վկայակոչելէ աւելի կը բնորոշէ արձանագրող կողմի պետական այրերուն՝ հայկական հարցին եւ ի մասնաւորի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ոմանց անվախ, իսկ այլոց խուսանաւական կողմնորոշումը: Ստորեւ այդ հաւաքածոյէն մէկ քանին: «Ա.»
1) «Հայաստանի եղբայրական ժողովուրդին կը մաղթեմ խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում: Գոհ մնացի այս գեղեցիկ երկիրը այցելելով: Ամէն ինչ, որ տեսայ այստեղ, Հայաստանի մէջ, պիտի փոխանցեմ Եգիպտոսի ժողովուրդին»:
Դեսպան Մահտի Ֆաթհալա, Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան արտաքին գործերու փոխնախարար, 19 Մարտ 2001:
2) «Սա ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան պայքարի համար տեսարան մըն է: Սա հայ ժողովուրդին կողմէ յարգանքի տուրքի եւս մէկ տեսարան է, ուր պատմութիւնը կ’ապացուցէ, որ ազատութեան եւ կեանքի համար պայքարող ժողովուրդները չեն կրնար մեռնիլ: Նահատակներ տուած ազգը չի կրնար մեռնիլ, քանի որ նահատակութիւնը անմահութեան ճանապարհն է»:
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար, դոկտ. Մահա Քանութ, 4 Սեպտեմբեր 2000:
3) «Այն Ժողովուրդը, որ իր պատմութիւնը զոհողութիւններով գրած է, ունի խոր պատգամ՝ դատարկութեան եւ տագնապի մէջ մարդկութիւն որոնելով: Իր պայծառ ներկան հաստատելու համար…: Ան պատգամը ստացած է իր ապրելու կամքէն: Սա է անոր ուժը եւ, հետեւաբար, ան կը մնայ»:
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Էմիլ Լահուտի կողմէ, 2 Մայիս 2001:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարէսը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սեպուհ Յովնանեանը եւ այլք։
4) «Ամենաողորմած Աստուծոյ անունով:
Այցելեցինք պատերազմի զոհերու գերեզմանատուն եւ թանգարան եւ նկատեցինք այդ պատերազմներուն արտայայտիչ նկարները:
Անհրաժեշտ է ներել ու պառակտումը մերժել եւ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւն հաստատել, ինչքան ալ մտածողութեան կամ քաղաքակրթութեան տարակարծութիւններ ըլլան։ Ողորմութիւն կ’աղերսենք այդ հոգիներուն համար եւ թող անոնց ճամբան դէպի դրախտ ըլլայ»։
Շէյխ դոկտ. Սուլթան Պըն Մոհամմատ Ալ Քասիմի, Շարժայի կառավարիչ, 20 Սեպտեմբեր 2005:
5) «Ամենաողորմած Աստուծոյ անունով:
Մենք դիտեցինք այն նկարները, որոնք անցեալ դարաշրջաններու հայ ժողովուրդի տառապանքը, արհաւիրքներն ու պատուհասները կը ներկայացնեն, սակայն այն չի խանգարեր հայերուն եւ հայ ժողովուրդին իրենց հինաւուրց պետութիւնն ու քաղաքակիրթ մշակութային ժառանգութիւնը վերականգնելու: Շնորհակալութիւն»։
Մուսուլի համալսարանի նախագահ (Իրաք), դոկտոր Ապու Սաիտ Ալ-Տիուաժի, 29 Նոյեմբեր 2006:
6) «Զոհուեցան, որ Հայաստանը յարութիւն առնէ, նահատակները վկաներն են»:
Լիբանանի խորհրդարանական պատուիրակութիւն, Նեպիհ Պըրրի, Մոհամմատ Ռաատ, Արթուր Նազարեան, Հոկտեմբեր 2011:
7) «Չնայած Լիբանանի մէջ իմ հայ ընկերները կը պատմէին այս մասին, սակայն ինչ որ այսօր տեսայ ցնցեց զիս: Դաժանութիւններուն մակարդակը ամէնուր է, սա ամօթալի է: Ապագայ սերունդը պէտք է դասեր քաղէ եւ չթոյլատրէ, որ նման վարչակարգերը կատարեն այս յանցագործութիւնները, մինչ աշխարհը կը դիտէ: Կ’աղօթեմ ողբացեալներուն համար, կը զօրակցիմ հայ ժողովուրդին»:
Պիլալ Համատ, Պէյրութի քաղաքապետ, 22 Ապրիլ 2012:
8) «Ամենաողորմած Աստուծոյ անունով:
Այն պահուն, երբ մարդը ցաւ ու սպանութիւն կը տեսնէ, մարդուն ձեռքը կը բարձրանայ մարդուն վնասելու համար, պէտք է հասկնալ, որ երկնային օրէնքներն են որ պիտի խանգարեն այս չարիքն ու սպանութիւնը։ Իսլամութիւնը, քրիստոնէութիւնը եւ Աբրահամի օրէնքը մարդը վերածեցին առաջին սրբութիւնը, ուստի մեղանչում է անոր արեան դպչիլը, մեղանչում է անոր հարստութեան դպչիլը, եւ մեղանչում է անոր պատիւին դպչիլը… իսկ հայ նահատակները օրինակ են այն անարդարութեան, որ կատարուած է քաղաքական գործիչներու կողմէ պատմութեան էջերուն մէջ: Այսօր բոլորիս պարտքն է մեր երեխաներուն սորվեցնել, թէ ինչպէս կարելի է խաղաղութիւն հաստատել սիրով, հաւատքով, խաղաղութեամբ: Կը ցաւակցիմ բարեկամ հայ ժողովուրդին, եւ թող անոնք վերստին ոտքի կանգնին, յատկապէս արաբ եւ սուրիացի ժողովուրդին հետ, կանխելու անարդարութիւնն ու սպանութիւնը։ Աստուած պահապան ըլլայ մեզի եւ մեր ամբողջ երկրին»։
Ահմատ Պատր ալ-Տին Հասուն, Սուրիոյ մուֆթի, 3 Սեպտեմբեր 2006:
9) «Ես տխուր եմ ու խորապէս կը ցաւիմ այն դաժան վերաբերմունքին համար, որուն ենթարկուած է Հայաստանի անմեղ ժողովուրդը, երբ երկրի վրայ մարդկային ցեղը չ’ենթարկուիր ու չի յարգեր երկնային օրէնքներն ու արժէքները։ Ես կը վերահաստատեմ իմ յարգանքն ու երախտագիտութիւնը արժանապատիւ կեանքի համար պայքարող այս ժողովուրդին հանդէպ»։
Դոկտ. Հարեպ Սայիտ Ալ Ամիմի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Հաշուապահական դիւանի նախագահ, 7 Մայիս 2013:
10) «Ամենաողորմած Աստուծոյ անունով:
Մենք այցելեցինք թանգարան եւ դէմ ենք որեւէ բռնութեան, որ կ’իրականացուի որեւէ ժողովուրդի կողմէ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ, ու մենք բնաւ չենք ընդունիր այդ ճնշումը։ Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի կառավարութեան այս հրաշալի թանգարանին համար, որ նախորդ դարերուն հայ ժողովուրդի նկատմամբ տեղի ունեցած բոլոր ճնշումներուն մասին յստակ պատկերացում կու տայ»։
Պահրէյնի խորհրդարանական պատուիրակութեան եւ հայկական բարեկամութեան երեսփոխանական խումբի ղեկավար, Հասան Իիտ Պուխամաս, 3 Փետրուար 2013:
11) Բարեկամ հայ ժողովուրդի 1915 թուականին պատուհասած կոտորածին նուիրուած յուշարձանի եւ թանգարանի այցելութեամբ մենք ամենայն ակնածանքով ու յարգանքով կանգնեցանք այն հերոսներուն առջեւ, որոնք քաջութեամբ ու հերոսութեամբ դիմագրաւեցին մահը, որոնց թոռներն ու զաւակները ապրեցան անմահացնելու համար անոնց արիութիւնն ու պայքարը։
Արաբ ժողովուրդը, որ նոյնպէս գաղութատիրութենէ շատ տուժած է, ամենայն յարգանքով եւ ակնածանքով կը յիշէ արիւնալի ցեղասպանութեան յիշատակը եւ մինչ այժմ կը յիշէ նաեւ սիոնիստներու կողմէ մեր հերոս ժողովուրդին նկատմամբ կազմակերպուած բնաջնջումը Կոլանի, հարաւային Լիբանանի, Արեւմտեան ափի եւ Կազայի հատուածի արաբական գրաւեալ տարածքներուն վրայ։ Ամենայն յարգանքով մենք կը խոնարհինք բարեկամ հայ ժողովուրդի նահատակներու յիշատակին առջեւ, կ’ողջունենք անոնց անսասանութիւնն ու յաղթանակը եւ միասին պիտի աշխատինք ազատագրելու իւրաքանչիւրը անարդարութենէն ու ճնշումէն»։
Սուրիոյ Ժողովրդական խորհուրդի պատուիրակութիւն, Ապտ էլ Քատիր Քատտուրա, 16 Յուլիս 2001:
12) «Անոնք որոնք կը կանգնին այս յուշահամալիրին առջեւ, կ’արձագանգեն պայքարով ու զոհաբերութեամբ լի փառահեղ պատմութիւն մը, վկայակոչելով Հայաստանի հպարտութիւն պատճառող նուաճումները։ Կը մաղթեմ, որ Հայաստանը իր յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ յաջողի դառնալ այնպիսի երկիր մը, որուն համար պայքարեցան անոր որդիները, ուր ապահովուած ըլլայ բարեկամ հայ ժողովուրդին լիարժէք ինքնիշխանութիւնը, կայունութիւնը, յառաջընթացը եւ բարգաւաճումը:
Զօրավար Միշէլ Սըլէյման, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ, 9 Դեկտեմբեր 2011: