Համաշխարհային Առաջին պատերազմին բռնկումը առիթ մը տուաւ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան գլուխը գտնուող Երիտասարդ Թուրք կուսակցութեան, որ պետական միջոցներով իրականացնէր կանխամտածուած ու ծրագրուած ցեղասպանութիւնը հայութեան, որ կ’ապրէր Արեւմտեան Հայաստանի, Փոքր Հայքի, Կիլիկիոյ եւ օսմանեան այլ հողամասերու վրայ։
Օսմանեան կայսրութեան Համաշխարհային Առաջին պատերազմ մուտքէն քիչ ետք սկսան ջարդերը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին վրայ, մանաւանդ անոր արեւելեան սահմաններուն մօտակայքը գտնուող շրջաններուն մէջ եւ մասնաւորապէս նորոգ գրաւեալ Արդուինի, Էրզրումի նահանգին հայկական գիւղերուն, Ալաշկերտի շրջանին մէջ եւ այլուր։
Թէեւ հայերն ու մեծ պետութիւններէն ոմանք ունէին այն վախը, թէ լայնածաւալ ջարդեր կը ծրագրուէին, մինչ այդ գաւառներէն հասնող սպանդի լուրերը տակաւին չէին հասած այդ վախը արդարացնելու տարողութեան։
Հազար ինն հարիւր տասնհինգի Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն հայոց կացութիւնը վատթարացաւ արեւելեան նահանգներուն մէջ։ Ա՛լ յստակ կերպով կը տեսնուէին նախանշանները Օսմանեան կայսրութեան իթթիհատական կառավարութեան ցեղասպանական ծրագիրին։ Սպանդն սկսեր էր եւ կը շարունակուէր Ալաշկերտի, Պիթլիսի, Էրզրումի եւ Վանի նահանգներու հայկական կարգ մը գիւղերուն մէջ, երբ անդին 8 Ապրիլ 1915-ին կը սկսէր տեղահանութիւնը Զէյթունի հայոց։
Վանայ նահանգին Ականց գիւղին մէջ 2500 հայ տղամարդիկ կը գնդակահարուէին 19 Ապրիլին, մինչ 24.000 հայեր կը սպաննուէին նոյն նահանգի այլ գիւղերու մէջ։ Ասոնց կը յաջորդէր սպանութիւնը Վանէն պետական երեսփոխան Վռամեանի, կուսակցական ղեկավար Իշխանի եւ այլոց։ Այս եղեռնագործութենէն ետք էր որ կը սկսէր Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը 20 Ապրիլ 1915-ին, որ պիտի տեւէր մինչեւ 16 Մայիս 1915 թուականը։
Նախքան Հայաստանի մէջ զանգուածային ջարդերն ու տեղահանութիւնները, լուրեր հասեր էին Թիֆլիսի հայ ազգային ղեկավարութեան տեղի ունեցող մասնակի ջարդերու եւ սպանութիւններու մասին։ Առ այդ՝ Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե․ կաթողիկոս, Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի արտօնութեամբ, 20 Ապրիլ 1915-ին դիմեց Իտալիոյ Վիքթոր-Էմանուէլ Գ․ թագաւորին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին, որպէս չէզոք երկիրներու ղեկավարներ, որ միջնորդեն Բարձրագոյն Դրան՝ հայոց պաշտպանութեան համար: 22 Ապրիլին Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարը հրահանգեց Ուաշինկթընի եւ Հռոմի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն նեցուկ կանգնիլ Գէորգ Ե․ կաթողիկոսի դիմումին։
Դաշնակից ուժերու Կալիփոլիի ցամաքահանման նախօրեակին, 23-էն 24 Ապրիլի գիշերը, օսմանեան Երիտասարդ Թուրք իշխանութիւնները ձերբակալեցին 270 հայ ղեկավար ու մտաւորական՝ անղեկ եւ առանց առաջնորդի ձգելու համար հայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ տարածքին, իսկ հայկական գաւառներուն մէջ սաստկացան ջարդերը, որոնք արդէն տեղի կ’ունենային․ առ այդ՝ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սազոնով հեռագրեց Փարիզի եւ Լոնտոնի մօտ Ռուսիոյ դեսպաններուն, թէ, ըստ իր նախարարութեան ստացած նորանոր տեղեկութիւններուն, քաոսային վիճակ կը տիրէր Ասիական Թուրքիոյ մէջ եւ թուրքերն ու քիւրտերը կը կոտորէին հայերը, ուստի անհրաժեշտ էր անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար անջատաբար դիմել իր ներկայացուած երկրին՝ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն, որ միատեղ հրապարակէին Բարձրագոյն Դուռ ուղղուած դիմում մը եւ նշէին թէ հայերու կորուստին համար անձնապէս պատասխանատու պիտի նկատուէին թուրք կառավարութեան անդամները, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու զինուորական պաշտօնատարները։
Անգլիական կառավարութիւնը հրահանգեց Հռոմի եւ Ուաշինկթընի իր դեսպաններուն նեցուկ կանգնիլ իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե․ի հեռագրին կապակցութեամբ, սակայն 29 Ապրիլին վերահասու դառնալէ ետք Սազոնովի 25 Ապրիլի միացեալ յայտարարութեան փափաքին՝ բրիտանական Ֆորէյն օֆիսը պատեհ նկատեց սպասել ու տեսնել թէ ինչ պիտի ընէին իտալական եւ ամերիկեան կառավարութիւնները։ Քանի մը մը օր ետք, 2 Մայիս 1915-ին, իտալական կառավարութիւնը հրահանգեց Կոստանդնուպոլսոյ մօտ իր դեսպանին դիմում կատարել թրքական կառավարութեան՝ հայկական ջարդերը կասեցնելու առնչութեամբ։ Նոյնհետայն դիմումներ կատարեցին ամերիկեան եւ պուլկարական դեսպաններն ալ։
Մինչ այդ կացութիւնը վատթարացեր էր արդէն եւ հայոց դէմ ծրագրուած ցեղասպանութիւններով գործադրութեան դրուեր։ Վանի նահանգէն մեծամեծ դժուարութիւններով մահէն ճողոպրածներէն եւ այլազան ականատեսներէն Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե․ը իրազեկ դարձաւ ահաւոր եղելութիւններուն, որոնց վկայելու կու գայ Մայր Աթոռի դիւանապետ Բագրատ Եպիսկոպոսի համար 708 եւ 21 Ապրիլ/4 Մայիս 1915 թուակիր նամակը, որ ուղղուած կը գտնենք Փարիզի Հայոց եկեղեցւոյ Վռամշապուհ աւագ քահանայ Քիպարեանին (հետագային արքեպիսկոպոս) եւ Հայոց յանձնաժողովին, եւ որ կը հաղորդէր ի միջի այլոց, թէ «Նորից Տաճկահայաստանում հազարաւոր անմեղ հայերի արիւնն է հոսում։ Տաճկաց տմարդի կառավարութիւնն այժմեան քաղաքական պայմաններում իրեն միանգամայն ազատ համարելով ամենայն տեսակ պատասխանատւութիւններից, քաղաքակիրթ աշխարհի՝ յատկապէս Ռուսաստանի, Անգլիայի եւ Ֆրանսայի վերահսկողութիւնից եւ միջազգային պարտաւորութիւններից, սկսել է իրագործել իւր սոսկալի ծրագիրը, քրտական աւազակախմբերի եւ բաշիբոզուկ պաշտօնեաների ձեռքով հայաշատ վիլայէթներում կազմակերպել կոտորածներ: Հաստատ աղբիւրից տեղեկութիւն ստացուեց, որ տաճիկ կառավարութեան դաւադիր պաշտօնեաները իրենց յատուկ խաբէութեամբ հաւաքել են բազմաթիւ գիւղերից խաղաղ ու անզէն հայ գիւղացիներին զինուորակոչի պատրուակով եւ գնդակահարել եւ կոտորել են հազարաւորներին»։
Ի տես այս կացութեան, իր հեռագիրէն 14 օր ետք, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե․ը հեռագրեր ղրկեց Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Սազոնովին, Անգլիոյ Ճորճ Ե․ թագաւորին, եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ռէյմոն Փուանքարէին, որ ցոյց տային իրենց պաշտպանութիւնը հայ ազգին՝ «իրենց դեսպանների միջոցով չէզոք պետութեանց վրայ ազդելով առաջն առնելու (համար) Տաճկահայաստանում կատարուող անգթութիւնների, սիստեմաթիք կոտորածի եւ կազմակերպուած թուրք–քրտական աւերումների»։
Գէորգ Ե․ կաթողիկոսին հեռագիրը, որ առաքուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ Ճորճ Ե․ թագաւորին՝ Պաքինկհամի պալատը հասաւ 6 Մայիս 1915-ին եւ այժմ կը գտնուի Ֆորէյն օֆիսի արխիւներուն մէջ։ Այդ հեռագիրը կ’ըսէր.
«Նորին Վեհափառութիւն Ճորճ Ե․ թագաւոր Անգլիոյ, Լոնտոն․
Թրքահայաստանէն վերջերս հասած ահազանգիչ լուրերէ ետք թէ ջարդերը վերսկսած են եւ կազմակերպուած ճնշումներ կը սպառնան գոյութեանը Թրքահայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՝ այժմու շատ ծանր վայրկեանին կը դիմենք Ձերդ Վեհափառութեան մարդասիրական վեհ զգացումներուն եւ մարդկութեան եւ քրիստոնէութեան անունով կոչ կ’ուղղենք եւ յարգալից կը խնդրենք Ձեզմէ, որ ազնիւ ըլլաք հրահանգելու դիւանագիտական Ձեր ներկայացուցիչներուն, որոնք մօտն են չէզոք պետութեանց, իրենց ազդեցութեամբ վերջ մը դնել տալու Թուրքիոյ մէջ թրքական կատաղութեան եւ մոլեռանդութեան թողլքուած իմ ժողովուրդիս դէմ ահաւոր հալածանքին։
Գէորգ Ե.
Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց»
Հեռագիրի ստացումէն միայն վեց օր ետք էր որ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախարար Սըր Էտուըրտ Կրէյը Էջմիածին ղրկեց հետեւեալ չափազանց զուսպ հեռագիր պատասխանը, որ կ’ըսէր թէ «ինծի հրահանգուած է Նորին Վեհափառութիւն Թագաւորին կողմէ իմաց տալ ձեզի թէ ստացուած է Ձերդ Սրբազանութեան ընթացիկ (ամսու) 4-ի հեռագիրը, եւ յայտնել թէ Թուրքիոյ հայերու կացութիւնը գրաւած է ուշադրութիւնը Նորին Վեհափառութեան կառավարութեան․ Կրէյ»։
Երբ իր քաղաքական շահերէն մեկնած եւ նկատի առնելով որ 150.000-է աւելի ռուսահայեր կային իր բանակներուն մէջ, Ռուսիան ամէն գնով կ’ուզէր ազդարարող յայտարարութիւն մը հրատարակել օսմանեան թուրքերուն դէմ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի համագործակցութեամբ, Անգլիան կը դանդաղէր։ Բրիտանական կառավարութիւնը կը խորհէր, թէ նման ազդարարագիրի մը համար «բաւականին վստահելի տուեալներ» չունէր ի ձեռին եւ կը կարծէր թէ այդ մէկը օգուտէ աւելի կրնար վնաս հասցնել եւ մղել թուրքերը որ ըլլային աւելի «վրէժխնդիր»։ Այսուհանդերձ շարունակուեցան ռուսական ճնշումները, եւ Լոնտոնի մէջ ռուսական դեսպանը բացատրեց Կրէյին, թէ ռազմական պատճառներով եւ «Ռուսիոյ հայերուն գոհացում տալու համար» անհրաժեշտ էր ռուսական կառավարութեան համար յայտարարութիւնը հրապարակային նման ազդարարագրի մը»։ Մինչ այդ, սակայն, 15 Մայիսին, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սազոնովը հրահանգեց Լոնտոնի մէջ ռուսական դեսպանին, թէ «բարեհաճեցէք (ձեր) հաւատարմագրուած կառավարութեան վերստին մատնանշել, որ ցանկալի է ու ճիշդ ժամանակն է հրապարակել Բ(արձրագոյն) Դրանն ուղղուած համատեղ յայտարարութիւն, որը, եթէ նոյնիսկ նրա վրայ պատշաճ տպաւորութիւն չգործի, յամենայն դէպս կը բարձրացնի հայերի ոգին, որոնք մեզ կարող են օգտակար լինել Թուրքիայի դէմ մղուող պայքարում»։
Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Կոմս Ա․ Կ․ Պենքընտորֆ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած ազդարարագիրը փոխանցեց Անգլիոյ արտաքին գործերու նախարար Էտուըրտ Կրէյին։ Հաւանաբար իրազեկ դառնալէ ետք թէ Վանի հայերուն ինքնապաշտպանութիւնը ապստամբութիւն մը չէր, այլ՝ հետեւանքը կոտորածներուն, Մեծն Բրիտանիան որոշեց շարժիլ ոչ որպէս պատասխան մը Գէորգ Ե․ կաթողիկոսի աղերսական հեռագիրին, այլ ընթացք տալու համար Համաշխարհային Առաջին պատերազմի իր դաշնակիցին՝ Ռուսիոյ պահանջին։ Արդարեւ, ինչպէս կը վկայեն փաստաթուղթերը, Ռուսիոյ դեսպանը պնդեր էր Կրէյի մօտ, թէ իր կառավարութիւնն անձկագին կը փափաքէր ունենալ հրապարակային յայտարարութիւն մը՝ գոհացնելու համար Ռուսիոյ հայկական հանրային կարծիքը։
Մինչ այդ, սակայն, Արեւմտեան Հայաստանի կարգ մը շրջաններուն մէջ սկսան տեղահանութիւնները եւ ջարդեր տեղի ունեցան Կարինի, Խնուսի եւ Մամախաթունի մէջ:
Քսան Մայիսին Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սազոնովը յայտնեց Ֆրանսայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին, թէ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործերու նախարար Կրէյը ընդունած էր հայկական ջարդերուն առնչուող միացեալ յայտարարութիւնը հրապարակել Լոնտոնի մէջ՝ համաձայնութենէն ետք ֆրանսական կառավարութեան, եւ առ այդ՝ խնդրեց արագացնել անոր ձեռքբերումը։ Սակայն տրուած ըլլալով որ անգլիական եւ ֆրանսական կայսրութիւններն ունէին իսլամական մեծ բնակչութիւն, Փարիզի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Սըր Ֆ. Պերթիի թելադրանքով, յայտարարութեան ռուսական կողմէ առաջարկուած նախագիծէն վերցուեցաւ այն ակնարկութիւնը, թէ Թուրքիոյ այս ոճիրները կը գործուէին «քրիստոնեաներուն դէմ»։ Իրականութեան մէջ՝ յայտարարութեան ֆրանսերէն պատճէնը ունէր «Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած այս նոր ոճիրները ընդդէմ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան» արտայայտութիւնը։
Ի վերջոյ, 22 Մայիս 1915-ին, Եռեակ համաձայնութեան դաշնակիցները յայտարարեցին Օսմանեան կայսրութեան վարիչներուն, թէ պատերազմի աւարտին անձնապէս պատասխանատու պիտի նկատուէին հայոց հանդէպ իրենց կատարած կոտորածներուն համար։
Ստորեւ այդ հրապարակային յայտարարութիւնը, որ 24 Մայիսին Կոստանդնուպոլսոյ ամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ձեռամբ ներկայացուեցաւ Բարձրագոյն Դրան։
«Գրեթէ վերջին ամսուան ընթացքին, քիւրտերը եւ Հայաստանի թուրք բնակչութիւնը լծուած են հայերը ջարդելու՝ օսմանեան իշխանութեան գիտակցութեամբ եւ յաճախ՝ օգնութեամբ։ Ապրիլի կէսերուն նման ջարդեր տեղի ունեցան Էրզրումի, Դերջանի, Ակնի, Պիթլիսի, Սասունի, Մուշի, Զէյթունի եւ ամբողջ Կիլիկիոյ մէջ։
Վանի շրջակայքի շուրջ 100 գիւղերու բնակիչներուն բոլորը սպաննուեցան։ Բուն քաղաքին մէջ հայերուն թաղը պաշարուած է քիւրտերու կողմէ։ Նոյն ատեն Կոստանդնուպոլսոյ օսմանեան կառավարութիւնը կատղած է անպաշտպան հայ բնակչութեան դէմ:
Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած այս նոր ոճիրներուն դէմ-յանդիման, Դաշնակից կառավարութիւնները հրապարակաւ կը յայտարարեն Բարձրագոյն Դրան, թէ Օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ իրենց գործակիցներէն անոնք որոնք մասնակից են եղած, անձնապէս պատասխանատու պիտի նկատուին այս ջարդերուն համար»:
Օսմանեան կայսրութեան կառավարութեան հակազդը եղաւ հայոց տեղահանութեան ծրագրին վաւերացումը ու հրապարակումը՝ յուշագրի ստացումէն երեք օր ետք, 27 Մայիս 1915-ին, թերեւս իբր ինքնարդարացումը կատարուածին եւ աւելի ահաւոր կատարուելիքին։
Տեղահանութեան յայտարարութիւնը կատարուեցաւ արարքը սկսելէն ետք (ex-post facto)։ Ապրիլին տեղահանութիւններն արդէն սկսեր էին Զէյթունի եւ անոր շրջակայքին, ապա 9 Մայիսին Թոքաթի, եւ Մայիսի կէսերուն ալ՝ Էրզրումի շրջաններէն։
Հետագային, Սեւրի մէջ, 10 Օգոստոսի 1920-ի կնքուած դաշնագիրը, որ ի միջի այլոց ստորագրեցին Օսմանեան կայսրութեան եւ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչները, ունէր յօդուած 230-ը, որ կը ճշդէր թէ թրքական կառավարութիւնը պարտաւոր էր Դաշնակից պետութիւններուն յանձնել ջարդերուն պատասխանատուները, իսկ Դաշնակիցներն իրենք իրենց կը վերապահէին դատարան մը կազմելով դատելու մեղադրեալները, եւ թէ դատարանը պիտի ճանչցուէր թրքական կառավարութեան կողմէ։
Յօդուած 230-ը կ’առնչուէր հայերու դէմ գործուած ոճիրներուն։ Իրականութեան մէջ, Սեւրի դաշնագիրին այս յօդուածը եւ Դաշնակիցներուն 1915-ի մայիսեան միացեալ յայտարարութիւնն էին որ նախընթաց ծառայեցին Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմի ոճրագործները դատելու սահմանուած Նիւրեմպերկի եւ Թոքիոյի հրովարտակներուն 6(գ) եւ 5(գ) յօդուածներուն յաջորդաբար:
Հայոց պարագային, սակայն Սեւրը թաղուեցաւ Լօզանի մէջ։ Լօզանի դաշնագիրին կը պակսէր Սեւրի 230-ին նմանող յօդուած մը։ Ընդհակառակը, դաշնագիրին կցուած էր ներման յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն՝ ներուած էին բոլոր այն յանցանքները, որոնք գործուած էին 1 Օգոստոս 1914-էն 20 Նոյեմբեր 1922-ի միջեւ:
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍԸՐԼԵԱՆ
«Հայոց Ցեղասպանութենէն Առաջ Եւ Ետք»