Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

100.000 ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ

April 17, 2025
in Գաղութային
0

 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը կը շարունակէ իր օժանդակութիւնը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, փորձելով թեթեւցնել անոնց բեռը երկրի ընկերային-տնտեսական տագնապալի կացութեան մէջ։

Լիբանանի հայկական դպրոցները վերջերս ստացան 100.000 տոլար` «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի մարմինին կազմակերպած՝ հեռաձայնային վերջին դրամահաւաքին ընթացքին հաւաքուած գումարներէն։ Լիբանանահայ 16 կրթական հաստատութիւններ, որոնք ընդհանուրը ունին մօտ 4800 աշակերտ եւ 744 ուսուցիչ ու աշխատակից, օգտուեցան այս աջակցութենէն։

Գումարի բաժանումը կատարուեցաւ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու թիւին համեմատ, հիմնուած՝ ստուգուած եւ ամէն տարի թարմացուող վիճակագրութիւններու վրայ, որոնք պատրաստուած են «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր մարմինին կողմէ։ Փոխանցումները կատարուած են Երեւանէն՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին միջոցով։

2013-էն ի վեր, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը շարունակաբար աջակցած է Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայկական համայնքներուն, որոնք կրած են պատերազմի, ընկերային-տնտեսական ճգնաժամերու, համավարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ Սուրիոյ կործանարար երկրաշարժի ծանր հետեւանքները։ Այդպիսով, Հիմնադրամը անգամ մը եւս հաստատեց իր լիակատար աջակցութիւնը Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն։ Ընդհանուր առմամբ, 3 միլիոն տոլար տրամադրուած է այս օգնութեանց համար, որուն 2.265.000 տոլարը ուղղուած է Լիբանանի հայկական համայնքին։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հիմնադրամին, անոր Ֆրանսայի մարմինին եւ վերոնշեալ հեռաձայնային դրամահաւաքի բոլոր նուիրատուներուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ այս ծրագիրը կը շարունակուի ամէն տարի։

 

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմին

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՖԱՅԷԼ  ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Next Post

ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՌԱԳԻՐԸ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ 1915-Ի ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՌԱԳԻՐԸ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ 1915-Ի ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԳԷՈՐԳ Ե. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՌԱԳԻՐԸ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ 1915-Ի ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.