Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՖԱՅԷԼ  ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

April 17, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՌԱՖԱՅԷԼ  ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

 

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլ 2025-ին, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին հետ։ Անոնք ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով կեդրոնական, երիտասարդական եւ հոգեւոր բնոյթի ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները։

Հոգեւոր տէրը ողջունեց կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ շեշտեց, որ Ապրիլ 24-ին առնչուած բոլոր ձեռնարկները պէտք է համակարգուած ըլլան՝ գնահատելով միասնականութեամբ ստեղծուած մթնոլորտն ու աշխատանքները։

Այս հանդիպումը նաեւ առիթ ծառայեց, որ խորհրդակցութիւններ ըլլան տարբեր երկիրներու մէջ, որոնց շարքին Վատիկանի, Ատրպէյճանի տարած դիւանագիտական, քաղաքական եւ քարոզչական աշխատանքներուն շուրջ։ Հոգեւոր տէրը յստակացուց, որ Հռոմի մէջ «Գրիգորեան» համալսարանին 10 Ապրիլին կազմակերպած այս վերջին բաւական աղմուկ հանած ձեռնարկը Ատրպէյճանի հերթական նենգափոխութիւնն է պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններու: Թէ՛ Ընդհանրական եկեղեցին եւ թէ՛ անոր մաս կազմող Հայ կաթողիկէ եկեղեցին գործունեայ ընթացքով հաւատարիմ են այն նուիրական արժէքներուն, որոնք դարերու հոլովոյթով հայ քրիստոնեայ ազգը վկայած եւ ապրած է: Շեշտուեցաւ այդ ամբողջին մօտէն հետեւելու ու Պաքուի իշխանութիւններուն ծրագրերուն բուն նպատակները լաւապէս իմանալու եւ ըստ այնմ միասնական աշխատանքներ տանելու կարեւորութիւնը, առանց անհարկի մեղադրանքներու դիմելու եւ պառակտումի առաջնորդելու, որոնք կը կազմեն դիտաւորութիւնն ատրպէյճանական վարչակարգին։ Հոգեւոր տէրը աւարտին դարձեալ շեշտեց հոգեւոր, կուսակցական եւ համայնքային մակարդակներուն վրայ միասնական մարմիններով աշխատելու անհրաժեշտութիւնը։

Share64Tweet40
Previous Post

ՔՐԻՍՏՈՍԻ՞… ԹԷ՞ ՅՈՒԴԱՅԻ

Next Post

100.000 ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ

Next Post

100.000 ՏՈԼԱՐԻ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.