«ԱՐԱՐԱՏ», 31 Մարտ-4 Ապրիլ 1970
Տիտղոսներն ու վկայականները ո՞րչափով երաշխիք են գրչի սպասաւորի մը բերքին տոկունութեան։
Այս հարցումը կը ստիպուիմ ուղղել՝ «Արարատ»–ի աշխատակիցներէն Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեանի յօդուածներուն առիթով, որոնք պարբերաբար լոյս կ՛ընծայուին թերթին էջերուն՝ անպայման հեղինակին անունին կցուած «գրականութեան տոքթոր Սորպոնէն» նշումով…։ Շա՛տ բարի։ Վկայականները թերագնահատող չենք, սակայն արժէք մը կ՛ունենա՞յ անոնց յիշատակումը՝ երբ ստորագրուած յօդուածը,– յօդուածնե՜րը,– բառակոյտ մը ըլլալէ չեն դադրիր, յօդուածագրին գաղափարները տարտամ են ու անորոշ, լեզուն կը կաղայ եւ այլն, եւ այլն։
Մեր տպաւորութիւնը, ահա քանիերորդ անգամ ըլլալով, դրական չէ։ Ճիռեան չի յաջողիր ինքզինք բացատրել, չի յաջողիր պարզ ու մատչելի լեզուով մը գրաւել ընթերցողը։ Ընդհակառակն, իր յօդուածներուն ընթերցումը կը վերածէ դէպի Գողգոթա երթի մը…։ Կարդացէ՛ք իր թատերական նշմարը թերթին 31 Մարտ 1970-ի թիւով ու պիտի համոզուիք։
Պատկերը գրեթէ տարբեր չէ Վանիկի (Հրանդ Գանգրունի) պարագային։ Հոս ալ կայ անդարմանելի տակնուվրայութիւն մը՝ յօդուածներու ընդհանուր կառուցուածքին մէջ։ Թափթփածութիւնը ակներեւ է։ Զորօրինակ, այս շաբաթ Վանիկ համադրեր է Երեւանի «Գրական Թերթ»–էն վերցուած գրութիւն մը (երկու թիւով), որ նուիրուած է յեղափոխական գործիչ Գային։ Անոր անունը, Ա. թիւով, նշուեր է «Հայկ Բժշկեան» ճի՛շդ ձեւով, սակայն Բ. թիւին մէջ, ծայրէ-ծայր, այդ անունը վերածուեր է «Հայկ Բժիշկեան»-ի…։ Ըլլալի՞ք բան է այս։
Հայաստանէն հաղորդուած լուր մը կ՛ըսէ, թէ հայրենադարձ հայկաբան Պետրոս Բեդիրեան Կիպրոս մեկներ է՝ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ դասաւանդելու համար։
Դասական սոփրանօ երգչուհի Սոնա Ղազարեանի Պէյրութի նոր մենահամերգին թուականը մօտեցեր է (Ապրիլ 8)։ Այս առթիւ, «Արարատ»-ի թղթակիցը զրոյց մը ունեցեր է իրեն հետ։ Ան շրջանաւարտ է եղեր Պէյրութի Աղջկանց Ամերիկեան Գոլէճէն, հոգեբանութեան գծով։ 1964-էն իվեր ինքզինք նուիրեր է երգի մարզին։ Աւարտեր է Լիբանանի Ազգ. Երաժշտանոցի ձայնամարզութեան դասընթացքը։ 1968-ին կը մեկնի Սիենա (Իտալիա), ուր ինքզինք կը կատարելագործէ մայեսթրօ Ճորճիօ Ֆավարեթթոյի անմիջական հսկողութեամբ։ Հայաստան ալ կ՛երթայ, համերգեր կու տայ այնտեղ։ Գնահատուեր է հայ եւ օտար շրջանակներէ հաւասարապէս։
Տոքթ. Եր. Սերոբեան այս շաբաթ ալ պահեր է իր առողջապահական սիւնակը։ Իր յօդուածը կը կրէ «Վախէս կը մեռնիմ» խորագիրը եւ ուր կը բացատրուի, թէ զօրաւոր յուզումն ու վախը մարդկային օրկանիզմին մէջ կը յառաջացնեն ժխտական հետեւանքներ ունեցող լուրջ փոփոխութիւններ (արեան ճնշում, արտաթորումի եւ միզելու կարիք, սրտային ու աղիքային կծկումներ…)։
Մ. Տիգրան ստորագրութեան առաջին անգամ է որ կը հանդիպինք։ Ան կը պատմէ որ բախտ ունեցաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ճամբորդելու միեւնո՛յն օդանաւով, Ֆրանքֆուրթէն Պէյրութ։ Կրցաւ կարճ զրոյց մը կատարել անոր հետ, հայերէնով։ Ազնաւուր պատմեր է որ Պէյրութ կ՛ուղեւորուի՝ այնտեղ երգահանդէսներ տալու համար։
Յ. Գ. Մովսէսեան՝ «Արարատ»–ի Փարիզի թղթակիցը, կը խօսի ութ տարի առաջ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած Բեմասիրաց թատերական միութեան նոր մէկ ներկայացումին մասին (16 Մարտ, Թէաթր տը լ՛Աթըլիէ), որ ղեկավարեր է Միհրան Անտոնեան։ Փիէսը կը կոչուի եղեր «Տարօրինակ հանգստեան կայանը», որ ֆրանսերէնէ հայացուած գործ է։ Դերեր ստանձներ են, Անտոնեանի կողքին, տիկ. Զարուհի Անտոնեան, տիկ. Լիւսի Թօփալեան, Փիէռ Թերզեան, պրն. Ժամկոչեան, Նազարէթ Պշտիկեան, Կարօ Թոսունեան, պրն. Ն. Մարգարեան, Հայկուհի Խտըշեան եւ Անի Տէմիրճեան։
Այս շաբթուան «Գրական էջ»–ը… չոր է։ Ինքնուրոյն յօդուած չկայ։ Արտատպում մը կատարուած է հայրենի գրող Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական էսքիզներ» նշանաւոր հատորէն։ Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց սակայն Թէքէեան մշակութային միութեան հովանին վայելող «Հայկաշէն Ուզունեան Գրական Մրցանակ»-ի յայտարարութիւնը (Դ. տարի)։ Հոն կ՛ըսուի, թէ մրցանակի յանձնախումբը 1969-ի ընթացքին Սփիւռքի զանազան շրջաններէն ստացաւ 27 անուն գիրք։ Ու «դժուարանալով ընտրել ներկայացուած հրատարակութիւններէն մրցանակի արժանի որեւէ գործ, գնահատիչ յանձնախումբը յարմար նկատեց տրամադրուած 1000 տոլարի գումարը բաժնել հինգ մասի», հետեւեալ հեղինակներուն միջեւ. վերապատուելի Արսէն Կէօրկիզեան («Մեր ազգային գոյապայքարը»), Սարգիս Վահագն («Մատանիներ»), Վարուժան Պետիկեան («Սիրոյ եւ կարօտի աղաւնիներ»), Ալիս Օտեան-Գասպարեան («Պատմագիրք Անկիւրիոյ եւ Ստանոզի հայոց») ու Լեւոն Մարտիրոսեան («Մեծանուն խորհող միտքերու պանթէոնը»)։
Իդէպ, որքան որ գիտենք, այս մրցանակն ալ այլեւս դադրած է գործելէ՝ «Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամ»-ին հետեւողութեամբ…
Ինչպէս միշտ, եզրափակենք մեր ակնարկը ծանուցումներու ընթերցումով.
— Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը բեմ պիտի հանէ եղեր երեք արարով կատակերգութիւն մը՝ «Կասկածը կնկայ մտքին մէջ», բեմադրութեամբ Գրիգոր Սաթամեանի (Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Գ. Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահ, 17 Ապրիլ-10 Մայիս)։
— Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը ի՛նք եւս կատակերգութիւն մը պիտի ներկայացնէ եղեր. «Օսգար» (Ապրիլ ամիս, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ)։
— Տխրունի Ուս. Միութիւնը դասախօսութիւն մը պիտի սարքէ եղեր, նիւթ ունենալով «Իգական եւ արական սեռի փոխյարաբերութիւնները»։ Դասախօսուհի՝ օրդ. Ազատուհի Նազարեան (6 Ապրիլ, Սահակ-Մեսրոպեան սրահ)։
— Հայ Շաբաթապահ-Գալստական եկեղեցիին մէջ (Սին էլ-Ֆիլի երկաթուղագծին մերձ), Մանուկ Յ. Նազիրեան պիտի խօսի եղեր «Ծխամոլութեան աւերները» նիւթին շուրջ։ Այս առթիւ պիտի ցուցադրուի եղեր նիւթին առնչակից ժապաւէն մըն ալ։
— Լիբանանի Հայոց Թեմի ազգ. առաջնորդարանը մահազդով մը գուժեր է վախճանումը Տ. Յարութիւն աւ. քհնյ. Կէպէնլեանի (3 Ապրիլ)։ Ան բնիկ ատանացի է եղեր, ծնեալ 1898-ին։
— Էսթրատային երգիչ Ատիս Հարմանտեան բեմերու վրայ է տեւաբար։ Ապրիլի 5-ին, իր նոր երգերով, ան ելոյթ մը պիտի տայ եղեր «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահը։
— Լիբանանահայ մշակութային միութիւնն ալ, նոյն օրը (Ապրիլի 5-ին), Թէաթր տիւ Լիպանի մէջ բեմ պիտի հանէ եղեր իր սեփական նորակազմ երգչախումբը, որ կը կոչուի «Լիբանանահայ երգչախումբ» (45 հոգի), եւ որուն խմբավարութեան հրաւիրուեր է երաժշտագէտ փրոՖ. Աշոտ Պատմագրեան։
— Պուրճ Համուտի ՄԱՍԻՍ ակումբի կանանց վարչութիւնը «Կարուձեւի եռամսեայ դասընթացք» բացեր է, ղեկավարութեամբ օրդ. Մենտուհի Զուլեմեանի (վկայեալ ձեւագէտ՝ Փարիզէն)։
— Կիւրինի հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը պիտի կայանայ եղեր Պէյրութ Ինթէրնէշընըլ պանդոկի սրահին մէջ, 4 Ապրիլին, պատուոյ նախագահութեամբ տէր եւ տիկ. Սահակ Կիպինեանի։
— Կասիոսի հայրենակցական միութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ եղեր 19 Ապրիլին։
— Մարաշի հայրենակցական միութիւնը 2 «գրաւուած օրեր» նշեր է. նախ պիտի ոգեկոչուի եղեր Մարաշի Եղեռնին յիսնամեակը (12 Ապրիլ), ապա տեղի պիտի ունենայ միութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը (2 Մայիս)։ «Կը խնդրուի չխաչաձեւել», խնդրեր են մարաշցիք…։
— Այնթապի հայրենակցական միութիւնն ալ, Այնթապի հերոսամարտի 50-ամեակին առիթով, Խորէն Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ պաշտօնական հոգեհանգիստ մը կատարել պիտի տայ եղեր Անթիլիասի մայրավանքի տաճարին մէջ (5 Ապրիլ)։
Հայրենակցական միութեանց ի՜նչ աշխոյժ գործունէութիւն…։ Յիսուն տարի անց, այսօր, ի՞նչ մնացեր է այս գունաւոր ու սիրուն անուններէն…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)