Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Դ.)

April 17, 2025
in Յօդուածներ
0

 

 

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 42-րդ հատորի երկրորդ գիրքով, խմբագրութիւնս նախաձեռնեց նոր աւանդոյթի մը, որով Հանդէսի իւրաքանչիւր հատորի երկրորդ գիրք սկսի հայագիտութիւնը շահագրգռող այժմէական նիւթի մը շուրջ հայագիտութեան վաս-տակաւոր մշակներու ուղղուած հարց-պատասխաններով: Ստորեւ կը ներկայացնենք պատմութեան դոկտորներ Գայիանէ Մախմուրեանի, Վահրամ Շէմմասեանի, Խաչատուր Ստեփանեանի եւ Սիմոն Փայասլեանի տեսակէտերը՝ հայ պատմագրութեան եւ պատմագի-տութեան մասին – Խ.:

 

Ո՞ւր է հայ պատմագիտութիւնը միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ:

Գայիանէ Մախմուրեան.– Այդ ճշմարտութիւնից ելնելով փաստենք՝ երեսունհինգ տարի առաջ Հայաստանի պատմագիտութիւնը համար առաջինն էր հայագիտութեան ասպարէզում։ Այսօր նոյնը չենք ասի։ Հայագիտութեան ոլորտում անգամ հարկաւոր է ամրապնդել մեր համբաւը ԱՄՆ, Իտալիայի կամ Ֆրանսայի մասնագէտների կողքին։ Հայագիտական ամսագրերը բացակայում են ՍԿՕՊՈՒՍի ցուցակում, մեր անունները քիչ են հնչում միջազգային գիտաժողովների ժամանակ։ Այնպէս որ անելիքները շատ են եւ առաւել ուժեղ գործիքն են՝ կադրային ճիշտ քաղաքականութիւնը, հետազօտման թեմաների մտածուած բաշխումը, լեզուների եւ աղբիւրների որակեալ տիրապետումը, հաշուիչ մեքենաների աւելի լայն կիրառումն ու Հայաստանի, Սփիւռքի եւ օտար մասնագէտների միջազգային լայն համագործակցութիւնը։ Այլ ճանապարհ չի նշմարւում։

 

 

Վահրամ Շէմմասեան.- Մինչեւ գրեթէ շուրջ կէս դար առաջ հայ պատմագիտութիւնը գրեթէ գոյութիւն չունէր միջազգային պատմագիտական հարթակին վրայ: Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեանց միջոցով կարելի եղաւ մուտք գործել միջազգային պատմագիտութիւն: Ներկայիս, հայ պատմագրութեան նուիրուած գիտաժողովները ընդհանրապէս բազմազգեան են, որ շատ քաջալերելի է: Այս մերձեցումին զարգացումը մեզմէ կախեալ է՝ թէ ինչ համեմատութեամբ եւ ինչ ուղղութեամբ կը յառաջմղենք: Իսկ հայ պատմաբաններ օտար՝ պատմագրութեան մէջ, նուազ ծանօթ են քան միջազգային քաղաքագիտութեան բնագաւառին մէջ եղող հայ գիտնականները: Հարցը զանոնք հայ իրականութեան առնչելն է, մանաւանդ՝ հայ պատմագրութեան առնչուող նիւթերուն առնչելը, որուն պարագային մեծապէս կը շահի հայ պատմագրութիւնը եւ քիչ մը աւելի բազմաուսմունքային կը դառնայ: Մանաւանդ կը նուազի հայ պատմագրական ուսումնասիրութիւններու մէջ առկայ գիտականօրէն հիմնաւորուած քաղաքական տեսակէտի եւ ելակէտի բացթողումը: Նման վիճակ մը առաւել հետաքրքրական կրնայ դարձնել հայ պատմագրութիւնը եւ աւելցնել անով հետաքրքրուողներուն եւ զայն կարդացողներուն թիւը: Ասիկա կ’օգնէ նաեւ հայ մտադրոյթին մէջ գիտական-քաղաքական երեսակին աճումին ու զարգացման:

 

 

Խաչատուր Ստեփանեան.– Հայ պատմագիտութիւնը միջազգային պատմագիտական քարտէզում իր տեղը պիտի ունենայ։ Որոշ ճիւղերում, օրինակ, հնագիտութիւն, ցեղասպանութեան պատմութիւն, մշակոյթի պատմութիւն, աղբիւրագիտութիւն, օսմանագիտութիւն, բիւզանդագիտութիւն, կովկասագիտութիւն մենք գնահատելի ներկայութիւն ունենք համաշխարհային պատմագիտական քարտէզի վրայ։ Սակայն դա քիչ է։ Համաշխարահային պատմագիտական միտքը, օրինակ, պարբերաբար ուսումնասիրում է պատմագիտական հայեցակարգերի փոփոխման օրինաչափութիւնները, վերլուծում է պատմական գիտութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր ուղղութիւնների տեսական եւ մեթոտաբանական սկզբունքները: Մենք այստեղ էլ պէտք է լինենք։ Պատմագիտութեան այլ բնագաւառներում եւս, օրինակ խորհրդային պատմութիւն, մեր ասելիքն ու տեղն անպայման պիտի ունենանք։

 

Simon Payaslian.– Armenian historiography lacks a significant representation on the “international map” at this point in history, perhaps with the exception of Armenian genocide studies, which unfortunately has become highly politicized.

Share62Tweet39
Previous Post

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ «ՄԵԾ ԲԱԿԻՆ ՓՈՔՐԻԿ ԱՂՋԻԿԸ» ՍԻՐԱՎԷՊԸ…ԵՐԲ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ  

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎7 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎7 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.