Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

April 17, 2025
in Միջազգային
0
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

 

 

«Փեթրա» լրատու գործակալութիւնը նշեց, թէ հետախուզական ծառայութիւնը յախողութեան մատնած է երկիրը վտանգող դաւադրութիւն մը: Յորդանանի կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ 2021-էն ի է վեր ընթացող հետախուզական ջանքերու շնորհիւ ձերբակալուած է ապօրինի գործունէութեամբ զբածող 16 կասկածելի, որոնք կը ծրագրէին իրականացնել երկրին ապահովութիւնը խախտող եւ կայունութիւնը ցնցող ահաբեկչական գործողութիւններ՝ նպատակ ունենալով քաոս սփռել թագաւորութեան մէջ եւ ծանր վնաս պատճառել: «Բջիջին անդամները ունէին հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արտադրող երկու մթերանոց», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, աւելցնելով որ արգիլուած նիւթերուն մէկ մասը բերուած է արտերկրէն: Հարցաքննութեան ընթացքին ձերբակալուածներու վկայութիւններուն հրապարակուած հատուածին մէջ կ’երեւի, թէ անոնք մարզուած են հարաւային Լիբանանի մէջ, ուստի կ’ենթադրուի, որ վայելած են Հըզպալլայի եւ Համասի օգնութիւնը: Հետեւաբար, Ամմանի մէջ որոշուած է այսուհետեւ աւելի խիստ վերահսկել Իխուան Մուսլիմուն կազմակերպութեան արգիլուած գործունէութիւնը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր յորդանանցի պաշցօնակից Հասսան Ժաաֆարի հետ եւ Պէյրութի ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Յորդանանին՝ միասին դիմակայելու կայունութեան ու անվտանգութեան սպառնացող որեւէ դաւադրութիւն: Իսկ արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր յորդանանցի պաշտօնակից Պասսամ Թելհունիի հետ եւ Պէյրութի պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու Ամմանի առնչակից կառոյցներուն հետ եւ աջակցելու հետաքննութեան՝ բացայայտելու համար ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրած բջիջին վերաբերող բոլոր տուեալները:

Այլ գիծի վրայ, Իրաքի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Պաղտատի մէջ Լիբանանի դեսպանը եւ բողոքեց Իրանի ժողովրդային միլիսներուն վերաբերեալ նախագահ Ժոզէֆ Աունի յայտարարութիւններէն: Նախարարութեան համաձայն, նշեալ զինուորական կառոյցը մաս կը կազմէ Իրաքի պաշտպանութեան համակարգին, ուստի անընդունելի է անոր դէմ ուղղուած Աունի քննադատութիւնը:

Share64Tweet40
Previous Post

  ՏՈՀԱ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

Next Post

«ԹՐԱՄՓ»ԱՍԷՐ ՀԱՅԵՐԸ ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Next Post

«ԹՐԱՄՓ»ԱՍԷՐ ՀԱՅԵՐԸ ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.