Անշուշտ ամէն մարդ իր անձնական եւ յատուկ կարծիքը կազմելու բացարձակ իրաւունքն ունի, մեկնելով իր կազմաւորման եւ կենցաղային տուեալներէն:
Ընդհանրապէս երբ ծնած ես որոշ քաղաքական հակում ունեցող հօր կամ մօր մը յարկին տակ, կամ եթէ հասակ առած ես թաղի մը կամ քեզի շատ սիրելի բարեկամի մը ազդեցութեան տակ, որոշումներդ եւ կեցուածքներդ հաւանական է որ ազդուած ըլլան այդպիսի ծնողքի մը կամ թաղի մը ու բարեկամի մը մէջդ թողած կազմաւորման պայմաններէն:
Ուսումնատենչութիւնը մարդուս վերոյիշեալ կազմաւորման յաջորդող կեանքի ճամբան է, որ զինք նախապաշարութիւններէ դուրս կը բերէ եւ զայն կը մղէ իր ուռճացած կամ զարգացած մտքի նժարին վրայ կշռելու այն աննախապաշար (unbiased) կարծիքն ու գաղափարը, որոնք յաճախ կրնան հակառակը փաստել իր ճանչցած կամ դաւանած մտքերուն եւ գաղափարներուն:
Գաղտնիք չէ, որ մարդիկ իրենց յառաջացած տարիքին յաճախ կը փոխեն իրենց երիտասարդ տարիքին ունեցած կողմնորոշումները որովհետեւ, ըստ իրենց, «աւելի հասուն դարձած են»:
Սոյնը ըսելով, having said that ինչպէս կ’ըսեն անգլիախօսները, եւ գիտակցելով որ ամէն մարդ իր կարծիքը ունենալու բացարձակ իրաւունքն ունի, չեմ կրցած հասկնալ Ամերիկայի ներկայ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմ դիրքորոշուող ԿԱՐԳ ՄԸ (ԿԱՄ ՇԱՏ ՄԸ) ՀԱՅԵՐՈՒ կեցուածքը:
Եթէ արեւմտեան աշխարհի պատկանող ցեղապաշտ ճերմակամորթ հօր մը կամ մօր մը կողմէ սերած ըլլալու «բախտաւորութիւնը» ունեցած ըլլային անոնք, հասկնալի կը դառնար անոնց դիրքորոշումը, որովհետեւ Տանըլտ Թրամփ այդ ցեղապաշտներուն լեզուն կը խօսի:
Եթէ բնակութիւն հաստատած ըլլային Հանրապետական կուսակցութեան կողմը թեքող ու «կարմիր» կոչուող midwest նահանգներու մէջ, ուր մարդիկ իրենց քաղաքական կրթութիւնն ու ուղղութիւնը կը ստանան «եկեղեցիներու» կամ «աւետարանական» հաստատութիւններու մէջ գործող քաղաքական քարոզիչներու բերանէն, հասկնալի կը դառնայ անոնց մտքի պաշարը:
Ու եթէ Տանըլտ Թրամփի թունդ ազգայնական ըլլալը կը հմայէ զիրենք, անոնք պէտք է գիտնան թէ այդ «էշը քշելով», Թրամփ ուղղակի կ’անհանգստացնէ բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն «անախորժ» անուններ, ըստ թրամփեան ցեղապաշտ մտքին:
Իրեն նման ցեղապաշտ միտք ունեցող ամերիկացին չի գիտեր զանազանել Հայկ, Արմէն, Ռամիրէզ, Ռօնալտօ, Հասան, Ահմետ, Մուհամետ, Մահենտրա կամ Սուրաժ անունները: Այս բոլորը, ըստ իրեն պէս «հիւանդ» մտքերուն, շուն կամ կատու ուտողներ են, որոնք իր «մաքուր» ցեղը կը խաթարեն:
Ու եթէ վերոյիշեալ բացատրութիւնը չափազանցուած կը զգան ոմանք, հարց տուէք այն հայերուն, որոնք Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն ետք, քանի՜-քանի՜ անգամներ սահմանի վրայ մէկդի քաշուելով հարցաքննութեան ենթարկուած են ամերիկացի մաքսաւորներու կողմէ, որովհետեւ «անախորժ» անուն կը կրեն:
Յետոյ, թրամփասէր հայեր, անոր որ անկիրթ խօսքին կամ սուտ եւ կոշտ արտայայտութիւններուն սիրահարուած էք, որ իր մէջ չէք տեսներ արգահատելի այն անձը որ աշխարհը կը դիտէ իր բարձրադիր պատշգամէն:
Արդեօ՞ք անոր հարստութիւնը կը հրապուրէ ձեզ, անոր ամբարտաւանութիւնը, ամէն օրէնք ու կանոն ոտնակոխելու իր գոռոզութիւնը, թէ՞ անոր շուրջ դարձող կամ անոր խոնարհող միլիառատէրերու արքայածին ըլլալու յաւակնութիւնը:
Ինչու դուք ձեզ այդքան տկար կը զգաք որ անոր զօրեղ կամ ուժեղ ըլլալը յաճախ յիշելով կը փառաբանէք զինք, եւ անոր ինքզինք փայփայող ու միայն իրեն ծառայող անիրապաշտ «Make America Great Again» լոզունգէն խաբուելով իրեն կ’ենթարկուիք:
Աստուծոյ սիրոյն, ըսէք, թրամփասէր հայեր, ի՞նչն է որ ձեզ կը մղէ սիրելու զզուելի այդ արարածը: Չէ՞ք գիտեր թէ ան կը սիրէ բոլոր, անոնք որոնք ատելի են կամ ատելի պէտք է թուին ձեզի: Կը սիրէ Փութինի, Ալիեւի, Նեթանիահուի եւ Էրտողանի պէս մարդոց հետ կնքել իր բարեկամութիւնները, բոլորն ալ ատելի ամէն հայու համար:
Լիբանանեան LBCI հեռատեսիլի կայանին կողմէ Ապրիլ 9 թուականին տրուած լուռերէն ստացուած տեղեկութեան համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք ըսած է հետեւեալը:
«Մտահոգութիւն յայտնեցի նախագահ Թրամփին՝ Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ռազմակայան մը հաստատելու փափաքին մասին: Նախագահ Թրամփ, որ ԻՆՉՊԷՍ ԻՄ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆ Է, խոստացաւ լուծում մը գտնել այս հարցին»:
Եւ տակաւին, դժբախտաբար, կան հայեր, որոնք կը յուսան իրենց դատերուն լուծում եւ հարցերուն օգնութիւն ստանալ Թրամփէն: