Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ՏՈՀԱ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

April 17, 2025
in Լիբանանեան, Միջազգային
0
  ՏՈՀԱ Կ’ԱՋԱԿՑԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ

 

Իր արտերկրեայ այցելութիւններուն ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ այցելեց Տոհա, ուր տեսակցեցաւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ ալ Սէնի իշխանին հետ եւ քննարկեց երկկողմանի եղբայրական յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան միջոցները: Կարեւորելով լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, իշխանը յայտնեց զինուորներու աշխատավարձերուն աջակցելու նպատակով տրամադրուած նպաստը աւելցնել 60 միլիոն տոլարով եւ բանակին տրամադրել 162 մեքենայ եւս, որպէսզի զինուորները կարենան պահպանել երկրին կայունութիւնը եւ զսպել սահմանը: Թամիմ պըն Համատ կարեւորեց 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը եւ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ բանակին հեղինակութեան ամրապնդումը: Ան զօրակցեցաւ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

Երկու ղեկավարները որոշեցին մնայուն կերպով խորհրդակցիլ եւ աւելի զարգացնել բոլոր ոլորտներուն մէջ առկայ կապերը: Անոնք երկու երկիրներուն զօրակցութիւնը յայտնեցին պաղեստինցիներու արդար իրաւունքներուն՝ ընդ որում պաղեստինեան պետութիւն ունենալու ձգտումին, ինչպէս նաեւ պահանջեցին գործադրել միջազգային բոլոր օրէնքներն ու խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը: Աուն եւ իշխան Թամիմ աջակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարի շարունակական զօրակցութեան համար:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՐԱՒԷՆ ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԱՐՁԱԿՈՂՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻՆԵՐՈՒ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.