Ապրիլ ամիսը մեր ժողովուրդին յիշողութեան մէջ դրոշմուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակներով, մարդկային ու հողային անհաշուելի կորուստներով, ազգային մտորումներով եւ պայքարի ու վճռականութեան ոգիի բարձրացումով: Սակայն, 1915-ի Ապրիլէն առաջ, ուրիշ Ապրիլ մը նո՛յնքան եղաւ եղերական, արիւնալի եւ տապարի հարուած մը խորհրդածելի: Կարծէք առաջին Ապրիլը նախերգանքն էր երկրորդ Ապրիլին: Առաջին Ապրիլը մի՞թէ ահազանգ մը չէր աւելի լայնատարած Ապրիլի մը: Խօսքը Ատանայի ջարդերուն մասին է իհարկէ՝ 1909-ին ի գործ դրուած: Այդ մասին նոր հրատարակութեան մը մասին ուսանելի պիտի ըլլար ծանօթանալ կամ կարդալ:
Սաղիմահայ երիտասարդ պատմաբան ու դասախօս Պետրոս Տէր Մաթոսեանի բարեխիղճ եւ ժրաջան աշխատանքին արգասիքն է Ատանայի ջարդին նուիրուած սոյն աշխատութիւնը, որուն խորագիրն է «The Horrors of Adana. Revolution And Violence In The Early Twentieth Century»: 343 էջէ բաղկացած այս հատորը լոյս տեսաւ 2022-ին՝ Գալիֆորնիոյ Սթանֆորտ համալսարանի հրատարակչատունէն: Հատորը ճոխացած է քանի մը պատմական լուսանկարներով:
Պ. Տէր Մաթոսեանի այս ուսումնասիրութիւնը, ի հարկէ, հիմնովին կը տարբերի նախորդներէն քանի մը առումներով: Նախ՝ անգլերէնով, ապա՝ գիտական մօտեցումով եւ Ատանայի աղէտը նմանատիպ այլ աղէտներու հետ համեմատական վերլուծութեամբ: Ան այս արիւնալի եղելութեան անդրադարձած է խորքային եւ համապարփակ քննարկումով՝ հեռու զգացական եւ ենթակայական զեղումներէ. նաեւ՝ զայն դիտելով օսմանեան եւ միջինարեւելեան պատմութեան պրիսմակէն:
Հատորն ունի ներածական մը, ութ բաժիններ եւ երկար ցանկ մը սկզբնաղբիւրներու, օգտագործուած գրականութեան եւ ծանօթագրութեանց: Հետաքրքրական է ներածականին սկիզբը, ուր հեղինակը կը մատնանշէ Թուրքիոյ Ատանա նահանգին մէջ 19 Սեպտեմբեր 2019-ին կատարուած զանգուածային յարձակման մասին՝ թուրք ազգայնականներու կողմէ՝ ընդդէմ սուրիացի գաղթականներու եւ հաստատութեանց: Հեղինակը, այս լարուածութեան դրդապատճառ կը տեսնէ ժողովրդային տարաձայնութիւնները, որոնք ուռճանալով բերնէ-բերան՝ դուռ կը բանան ազգամիջեան կամ ներհամայնքային ատելութեան, պոռթկումի եւ ապա՝ կոտորածներու: Այս նոր դրուագով, հեղինակը կը վերադառնայ պատմական անցեալին, որոնք պատահեցան Ռուսաստանի մէջ՝ ընդդէմ հրեաներու, Ափրիկէի թէ Հնդկաստանի մէջ: Այս փաստարկներով, հեղինակը զուգահեռներ կ’ընդգծէ Ատանայի աղէտին հետ:
Առաջին բաժինը (էջ 27-50) կը ներկայացնէ Կիլիկիոյ եւ Ատանայի աշխարհագրական դիրքը, բնակլիմայական պայմանները, ռազմավարական եւ տնտեսական կարեւորութիւնը, միջազգային եւ շրջանային այն ուշադրութիւնը, որուն արժանացած է տարածքը: Պատմական համառօտ ակնարկով կ’իմանանք Կիլիկիոյ մէջ հայկական ներկայութեան, Կիլիկիոյ թագաւորութեան, շրջակայ ցեղային խմբաւորումներուն նախայարձակ տրամադրութիւններուն, ապա՝ եգիպտացի ռազմաքաղաքական գործիչ Իպրահիմ փաշայի շինիչ քաղաքականութեան: Ապա՝ ինչպիսի՛ տնտեսական զարգացում եւ թռիչք ապրեցաւ Ատանան՝ բամպակի արտադրութեան հզօրացումով եւ դարձաւ միջազգային կարեւոր կեդրոն մը, ուրիշ վայրերու տագնապներուն պատճառով: Մինչայդ, վարչական նպատակային կարգադրութիւններ եւ ժողովրդագրական պատկերին փոփոխութիւնը՝ սուլթանական դիտաւորեալ քաղաքականութեան հետեւանքով, սկսան լարուածութիւն ստեղծել իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութեանց միջեւ եւ յատկապէս՝ հայերու եւ թուրքերու միջեւ. աւելին՝ հողային քաղաքականութիւնը կ’որդեգրուէր ի հեճուկս հայերու: Անդին՝ Ղրիմէն ու Կովկասէն, պատերազմներու հետեւանքով, իսլամ բնակչութեան հոսքը եւ Ատանայի շուրջ տեղաւորումը լուրջ սպառնալիք հանդիսացաւ հայ ազգաբնակչութեան: Սուլթան Ապտիւլ Համիտ կը ջանար իսլամական գերակշռութիւն հաստատել հոն եւ աստիճանաբար իւրացնել հայոց սեփական կալուածները: Բամպակի արտադրութեան նոր սարքերու Կիլիկիա տեղափոխումը նախանձն ու ատելութիւնը գրգռեցին տգէտ եւ մոլեռանդ իսլամներու՝ որոնք հետագային դարձան գործօն ու կատաղի մասնակիցներ Ատանայի ջարդերուն: Արդարեւ, այս յոյժ կարեւոր պատկերը առանց իմանալու, անհնար է հասկնալ թուրք խաժամուժին արիւնալի վերաբերմունքը Ատանայի աղէտին: Նշենք, որ իւրաքանչիւր բաժինի աւարտին, հեղինակը հատուած մը յատկացուցած է բաժնին եզրակացութեան համար:
Երկրորդ բաժինը (էջ 51-66) կը պարզէ Ատանայի կացութիւնը օսմանեան 1908-ի յեղափոխութենէն առաջ եւ ետք. հոն տիրող ազգամիջեան յարաբերութիւնները եւ գլխաւոր դերակատարները. հայկական կողմէն տիրող դէմքերն են՝ Ատանայի առաջնորդ Մուշեղ եպս. Սերոբեան (Հնչակեան, Արաբկիրի նախկին առաջնորդ, ապա կարգաթող, Վեր. Հնչակեան եւ ՌԱԿ- հիմնադիրներէն) եւ Հնչակեան մարտական ու փաստաբան Կարապետ Կէօքտէրէլեան. թրքական ծայրայեղականութեան առաջնորդն է Ապտիւլքատր Պաղտատիզատէ: Ուշագրաւ է որ Ատանայի կուսակալը բացառիկ ջերմ կապեր ունի Մուշեղ սրբազանին հետ եւ քաջալերողն է սրբազանին ազգանուէր գործունէութեան: Թուրք արմատականներ եւ նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներ դժգոհ են Մուշեղ սրբազանի խիզախ գործերէն եւ լուրեր կը տարածեն, թէ ան հայկական ապստամբութիւն կը պատրաստէ Կիլիկիոյ մէջ եւ պիտի վերստեղծէ կիլիկեան հայական թագաւորութիւնը: Հայեր նաւեր ունին Կիպրոսի մէջ եւ պիտի արշաւեն Կիլիկիա, իսկ Կ. Կէօքտէրէլեան զինեալ ջոկատներ պատրաստած է արշաւելու Ատանա: Եւրոպացիք պատրաստ են միջամտելու ի նպաստ հայութեան: Թուրք գազազած ամբոխը կը լարուի հայոց դէմ: Սուլթանի համակիրներ եւ իթթիհատականներ, որոնք նոր գաղափարներով էին տոգորուած, հակահայկական նպատակին շուրջ կը միանան նոյն կատաղութեամբ: Երրորդ բաժինը (էջ 67-96) Ատանայի մէջ տիրող մթնոլորտն է յեղափոխութենէն ետք՝ որ հետզհետէ կը շիկանայ՝ հասնելու համար աննախադէպ արիւնահեղութեան: Փոխարինուած է կուսակալը՝ յանձին Ճեւատ պէյի, որ թունդ իսլամ մըն է: Իր հետ են իթթիհատականներ՝ որոնք մամուլով կը սկսին թէժացնել մթնոլորտը, մանաւանդ «Իթիտալ» թերթի խմբագիր Իհսան Ֆիքրի: Այս բարձիթողի եւ պրկուած իրականութեան դիմաց՝ կուսակալը կը հետեւի լուռ մեղսակցութեամբ: Աւելին, հրապարակաւ կը սկսի զէնքի եւ պայթուցիկներու վաճառքը: Անզուսպ վազք մը կայ զինուելու՝ երկու կողմերէն: Հայեր կը նշեն ինքնապաշտպանութեան հրամայականը, թուրքեր, իրենց հերթին, ինքնապաշտպանուելու իրաւունքը՝ հայկական զինեալ խումբերէն: Այս բոլորը կը պատահին 1909-ի առաջին ամիսներուն:
Յաջորդ բաժինը (էջ 97-133) կը սկսի Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հակայեղափոխութենէն եւ անոր անմիջական արձագանգէն Ատանայի մէջ՝ ուր արտակարգօրէն կ’աշխուժանան նախկին վարչակարգին թունդ համակիրները. կը խախտին համագործակցութեան եզրեր գտնելու «եղբայրական» կապերը եւ ահա ցանցառադէպ սպանութիւններ երկուստեք Ատանայի շրջակայ գիւղերուն մէջ, որոնց արձագանգը փոթորիկի ազդեցութիւն կը թողու Ատանայի մէջ: Ատանայի աղէտը տեղի ունեցաւ երկու փուլերով. առաջինը՝ Ապրիլ 14-16 հայկական Զատիկին տօնակատարութենէն ետք: Այդ օրերուն, առաջնորդ Մուշեղ սրբազան կը գտնուէր Եգիպտոս եւ երբ կը փութայ Ատանա՝ Մերսինի մէջ չեն թողուր որ նաւէն դուրս գայ՝ յաւելեալ գրգռութիւն չպատճառելու պատրուակով: Հեղինակը կը ներկայացնէ առաջին փուլին ջարդերը Ատանայի նահանգին մէջ եւ ապա անոր տարածումը յարակից Հալէպի նահանգ: Ան բազմաթիւ վկայութիւններ կը բերէ օտարազգի դիւանագէտներէ, միսիոնարներէ, ականատեսներէ, չէզոք աղբիւրներէ: Համառօտ կերպով կը ներկայացնէ տարբեր վայրերու իրավիճակը՝ Տարսոն, Մերսին, Հաճըն, Ճէպէլ Պէրէքէթ, Օսմանիէ, Պախչէ, Սիս, նաեւ՝ Հալէպի նահանգ՝ Անտիոք, Քեսապ, Տէօրթ Եոլ, Հալէպ, Այնթապ եւ այլն: Կոտորածի առաջին ալիքէն ետք համեմատաբար կը մեղմանայ կացութիւնը՝ միշտ փխրուն զինադադարով՝ Ապրիլ 17-25: Հինգերորդ բաժինը կը պատմէ երկրորդ փուլի մասին, երբ այս անգամ օսմանեան բանակին զօրամասեր եւս կը միանան կոտորածին՝ համալրելով արիւնկզակ ամբոխին շարքերը: Արդէն աւերակոյտի վերածուած է Ատանայի հայկական թաղամասը: Հազարներ նահատակուած են տարբեր քաղաքներու մէջ: Գաղթականներ ապաստան գտած են հաւաքավայրերու մէջ՝ տարրական բոլոր պայմաններէ զրկուած: Եւ ահա աւելի կատաղութեամբ կը բռնկի երկրորդ փուլը՝ Ապրիլ 25-27: Պատրուակը պարզ է՝ հայեր յարձակած են Ռումելիայէն Ատանա ժամանած բանակայիններու վրայ եւ կը շարունակեն ապստամբական շարժումը՝ կոտորելով թուրք բնակչութիւնն ու նպատակ ունենալով հիմնել կիլիկեան թագաւորութիւնը: Այս երկրորդ ալիքին պարագային եւս ոճրային է դերը իթթիհատական մամուլին եւ Ատանայի կուսակալին՝ որոնք բացայայտօրէն կը հրահրեն թուրք եւ իսլամ խուժանը:
Վեցերորդ բաժինով (էջ 153-182) հեղինակը կ’անդրադառնայ կոտորածէն ետք տիրող պայմաններուն, զոհերու թիւին, գաղթականներու թշուառագոյն կացութեան, տնտեսական վնասներուն, այրիներու եւ որբերու. ապա՝ ազգային եւ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութեանց օժանդակութիւններուն, բժշկական եւ առողջապահական օժանդակութեանց, օսմանեան պետութեան նպաստներուն, Պոլսոյ պատրիարքութեան օժանդակութեանց եւ Կիլիկիա այցելած պատուիրակութեանց, օտար դիւանագէտներու եւ միսիոնարներու վկայութեանց եւ գործունէութեանց, եւրոպական նաւատորմներուն անտարբերութեան եւ այլն: Օսմանեան հպատակ յոյներ եւ հրեաներ աշխուժօրէն կը մասնակցին նպաստամատոյց աշխատանքներուն: Կը պաշտօնազրկուի մեղսակից կուսակալը եւ կը նշանակուի իթթիհատական Ճեմալ պէյ, որ երեւութապէս հայանպաստ քայլերու կը ձեռնարկէ: Այս այն Ճեմալ փաշան էր, որ վեց տարի ետք պիտի դառնար Հայոց ցեղասպանութեան ճարտարապետներէն մին: Հետաքրքրական է միջազգային եւ օսմանեան, արաբական եւ եւրոպական մամուլին արձագանգը, թղթակցութիւններն ու հայանպաստ գրութիւնները: Մինչեւ լեհական, հրէական եւ ամերիկեան մամուլը կարեկցած է հայութեան:
Վերջին երկու բաժինները (էջ 183-206 եւ էջ 207-223) կը վերաբերին աղէտէն ետք տեղի ունեցած դատաիրաւական գործընթացներուն, պատժական միջոցառումներուն, ռազմական ատեաններուն ստեղծման եւ թրքական խայտառակ «արդարութեան»՝ երբ յանցագործներ ազատ կ’արձակուին եւ անմեղներ կը դատապարտուին կախաղաններու: Իսկական պատասխանատուները՝ կուսակալը, հրձիգ գործիչները, կոտորածները հրահանգած եւ անոնց մասնակցած զինուորականներ կը մնան անպատիժ: Պոլսոյ մէջ կառավարութեան եւ խորհրդարանին կողմէ կը ստեղծուին քննիչ մարմիններ, որոնց մաս կը կազմէր նորընտիր խորհրդարանի անդամ, իթթիհատական Յակոբ Պապիկեան: Ան արդար եւ խիստ տեղեկագիր մը կը պատրաստէ՝ ներկայացնելու դատական ատեան՝ Պոլսոյ մէջ: Սակայն, մէկ օր առաջ երեկոյեան իր բնակարան կ’այցելեն երկու կուսակիցներ եւ ծխախոտ կը հիւրասիրեն Յակոբ Պապիկեանին: Գիշերը, խորհրդաւոր պայմաններու տակ կը մահանայ ան: Իր դուստրը հետագային կը պատմէ այդ մանրամասնութեանց մասին ԱՄՆ-ի մէջ՝ 1980 թուականին: Ըստ անոր՝ ծխախոտով թունաւորած էին իր հայրը: Պապիկեան վերջին զոհն էր Ատանայի ջարդերուն…: Դարձեալ բազմաթիւ հայեր իրենց կեանքով կը վճարեն գինը օսմանեան-իթթիհատական հայասպան քաղաքականութեան:
Գիրքի աւարտին, Եզրակացութիւն բաժինով, հետաքրքրական բաղդատականներ կան Ատանայի ջարդին, հրեաներու դէմ Օտեսայի փոկրոմին (1905) եւ Հինտուներու կողմէ Սիխերու դէմ կազմակերպուած կոտորածին (1984): Հեղինակը տուած է ցանկը իր օգտագործած արխիւներուն, մամուլին, գիրքերուն եւ աղբիւրներուն: Եւ զարմանալ կարելի է, թէ բազմաթիւ լեզուներով եւ այնքան շատ տուեալներ ու աղբիւրներ ունեցած է իր տրամադրութեան տակ իր համոզիչ ու տրամաբանական լուծումներուն յանգելու համար: Իրօք, հետեւողական աշխատանք՝ շահեկան եւ գիտական հատոր մը մեր գրասեղաններուն եւ ուսումնասէրներուն յանձնելու համար: Գովելի աշխատութիւն մը արդարեւ:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ