Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ

April 17, 2025
in Գաղութային
0
ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ

 

Ուրախութեամբ եւ խորին ակնածանքով կը շնորհաւորենք մեր սիրելի ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԲԵՂԱՅ ՃՈՒԼՖԱՅԵԱՆը, իր առաջին Սուրբ Պատարագին, քարոզին եւ անոր յաջորդած սուրբ շքերթին առիթով։

Ծաղկազարդի Կիրակին կը նկատուի ոչ միայն փուլ մը հայր սուրբին հոգեւոր ուղիին մէջ, այլ նաեւ իբրեւ շնորհքներով լեցուն պահ մը մեզ բոլորիս համար, յատկապէս այն բարեպաշտ հաւատացեալ բազմութեան, որոնք վկայ դարձան անոր նուիրումին, խոնարհութեան եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սիրոյն։ Հայր սուրբին առաջին քայլերը սուրբ սեղանին մօտ, անոր պատգամները, առաջնորդութիւնը սուրբ թափօրի ընթացքին՝ կ’արտացոլէին Տէր Աբրահամի խոր արմատներ ունեցող հաւատքն ու բոլորս ներշնչող անոր ծառայելու ոգին։

Եկեղեցին, որ ընտրեց այս սուրբ եւ բերկրալի օրուան համար, օտար վայր մը չէր Հայր սուրբին համար։ Ընդհակառակը՝ ան եղած է իր հոգեւոր տունը տարիներ շարունակ՝ լի աղօթքներով, յիշողութիւններով եւ անոր մանկութեան ու պատանեկութեան ժամանակներու մխիթարիչ ներկայութեամբ։ Այս ծանօթ շրջապատը եղաւ իտէալական հիմք մը՝ Հայր սուրբի առաջին պատարագը մատուցելու համար։

Թող ձիթենեաց ճիւղերով Հայր Աբրահամի նորագոյն ծառայութիւնը միայն սկիզբը ըլլայ անսպառ շնորհքներու: Կը մաղթենք որ ան միշտ հաւատքով ընթանայ, խոնարհութեամբ առաջնորդէ եւ ուրախութեամբ ծառայէ։ Թող անոր եկեղեցական ուղին լուսաւորուի շնորհքով եւ արգասաբեր ըլլայ լիբանանահայութեան համար։

 

Share65Tweet41
Previous Post

  ՀԱՄԱՍԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Next Post

1909-Ի ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՂԷՏԸ ՆՈՐ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ 

Next Post
1909-Ի ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՂԷՏԸ ՆՈՐ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ 

1909-Ի ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՂԷՏԸ ՆՈՐ ՀԱՅԵԱՑՔՈՎ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.