Էշրէֆիէի բարձրունքը գտնուող Հայաշէնի մեր բնակարանը ճիփ ու ճիշդ Նապաայի դիմացն էր: Ունէր ճակատային դիրք: Մեր լայնատարած ու շրջանակաձեւ պատշգամէն կրնայինք դիտել միջերկրականի ծովահայեաց Անթիլիասը, Սաննինի լեռնաշղթան, Պէյթ Մէրիէն մինչեւ Պաապտայի բլուրները, Պուրճ Համուտէն մինչեւ Սին էլ Ֆիլի շրջանները:
Պատերազմի նախորդող տարիներուն ամենահաճելի վայրն էր մեր պատշգամը: Յատկապէս երեկոյեան, աշխատանքէն փետրաթափ դարձած ծնողքիս համար: Մեր այցելուներուն նախընտրանքը նոյնպէս կ’երթար հոն, երբ հարցնէինք «ո՞ւր կը փափաքիք նստիլ՝ նե՞րսը, թէ՞ դուրսը»:
1975-ի Ապրիլ 13-էն սկսեալ աստիճանաբար փոխուեցաւ ամէն ինչ: Մեր յանդիման, Պէյրութ գետին յարակից Նապպայի մէջ պաղեստինեան եւ ձախակողմեան զինեալներն էին, իսկ մենք աշխարհագրականօրէն կապուած էինք աջակողմեաններուն: Այս հակամարտութեան մէջ, Քարմ էլ-Զէյթունի առաջին գիծի վրայ գտնուող բոլոր կառոյցները ենթակայ էին ռմբակոծումներու եւ մանաւա՛նդ «ղաննաս» (արձակազէն) մարդորսներու բարեխղճութեան ճակատագրին:
Մեծ մտահոգութիւն էր, յատկապէս ծնողքիս համար, եօթը հոգինոց ընտանիքի անդամներուն տունէն ելքի ու մուտքի հարցը: Որեւէ մէկ ատեն անխուսափելի ողբերգութեան մը առջեւ կրնայինք գտնուիլ:
Կիրակի օր էր: 13 Ապրիլ 1975: Հ.Ե.Ը.-ի Զարեհ Նուպարի սկաուտ-արենուշական խումբով մեկնած էինք Շուֆի շրջանը գտնուող պատմական Պէյթ էտ Տինի պալատը: Տասնհինգ-տասնըվեց տարեկան պատանիներուս համար կեանքը դրախտային էր, փայլուն, անվիշտ ու պայծառ: Ընկեր-ընկերուհի ըմբռնումը թարմ ծիլեր արձակելու տարիներն էին:
Կատարուած դէպքերէն անտեղեակ՝ կէսօրէն ետք վերադարձանք Պէյրութ: Քաղաքը ամայացած էր: Մեր թաղի բնակիչներուն աչքերուն մէջ անհանգիստ սարսուռ մը նշմարելի էր: Թաղերուն անկիւնները, տեղ-տեղ հաւաքուած մարդիկ անհանգիստ զրոյցի մէջ էին: Հայրս շատ մտահոգ տեսք ունէր, սակայն կը փորձէր սքօղել զայն արհեստական ժպիտով: Մայրս չէր կրնար նոյնը ընել, բարձրաձայն կ’արտայայտուէր հինգ զաւակները անորոշութեան ու սարսափի մէջ պահելով.- «Պատերազմը ետ սկսաւ, աման նորէն 58 չըլլայ», կ’ըսէր:
Նորէն 58 չըլլայ…: Այս մտավախութեամբ անցուցինք պատերազմի առաջին ամիսները: Քարմ էլ-Զէյթունը կը գտնուէր Հ.Յ.Դ.-ի հսկողութեան ծիրէն ներս: Մեր շրջանէն դէպի «քրիստոնեայ» Էշրէֆիէի խորքերը ներթափանցման որեւէ փորձ արգիլելու համար հայ զինեալ պահակները տարածուեցան ամէնուրեք: Գիշերները պատուհանէն լսելի կ’ըլլար անոնց ձայներն ու սուլոցները:
Անորոշ վիճակ մը կար: Հեռուէն ռմբակոծումներուն խուլ ձայները օր ըստ օրէ կը սաստկանային, կը մօտենային: Առաւօտեան ամէն բան հանդարտած կ’ըլլար: Մարդիկ կ’երթեւեկէին թաղին մէջ շունչ մը քաշելով: Սակայն գիշերները… Մութը հասնելուն պէս շրջանը կը վերածուէր դժոխքի: Մեր տրամադրութիւնները կտրուկ կը փոխուէէին երեկոյեան ժամերուն հետ: Դարձեալ ռմբակոծութիւն: Անկողնին մէջ ծուարած մտովին կը գուշակէինք: «Ասի՝ այսինչենց թաղը ինկաւ, այս մէկը Նազարենց թաղը ըլլալու է վստահաբար: Իսկ այս մէկը՜, ո՜հ շատ մօտիկ է: Ու մայրս ալ չէր դիմանար՝ «հատէ՛, հատէ՛, արագ ըրէք, երթա՜նք» ըսելով, գրեթէ ամէն գիշեր, բարձ ու վերմակ շալկած, եօթը հոգիով յարակից թաղի՝ իբր թէ աւելի ապահով դիրք ունեցող դրացիի մը տան գետնայարկը կը «հիւրընկալուէինք»: Երբեմն մեզմէ առաջ հասնողներ ալ կ’ըլլային, ու բոլորս սեղմ տարածութեան վրայ գիշերը կը լուսցնէինք: Բարեբախտաբար դուռ-դրացի այդ նեղ օրերուն զիրար կը հասկնային ու ստեղծուած անյարմարութիւնները անխօս կը փարատուէր, գրեթէ առանց նեղութեան կամ կռիւի: Արկածեալ օդանաւի մը ճամբորդներու օրինակով, վերջ ի վերջոյ բոլորն ալ այդ դժնդակ ժամերուն իրենց կամքէն անկախ, միեւնոյն անբաղձալի ճակատագրին ենթարկուած էին:
Թէեւ պատերազմի սկզբնական շրջանին վարժարաններուն փակուիլը, գիշերները դրացիներով լուսցնելը պատանիներուս համար ուրախացնող երեւոյթներ էին, սակայն մեր ծնողաց մօտ զգալի էր 1958-ի եղբայրասպան հակամարտութիւններու կրկնութեան մտավախութիւնը: Ռումբերու պայթումներու պատճառած վախէն աւելի ա՛յս իրավիճակն էր աւելի սարսափազդուն:
1975-ի Ապրիլ 13-էն ետք աստիճանաբար փոխուեցաւ ամէն ինչ: Մտքիս ծայրէն անգամ չէի անցըներ, թէ յառաջիկայ տարի դպրոցի հարազատ միջավայրը կիսատ ձգելով հայրենիքի մէջ ուսանող պիտի դառնայի:
Դեռ երէկ կեանքը ուրիշ էր ինծի համար: Վարդագոյն ու խաղաղ: Թաղը, դրացիները, ընկերներս, մանկութեան յուշերս, ծննդական բնակարանս, ապագայի երազներս, պատանեկան սիրային առաջին սրտի տրոփիւնները… եւ ամենակարեւորը… ծնողքս, քոյրերս ու եղբայրս Ի՛ՄՍ էին: Պատերազմը ինձմէ խլեց ու հեռացուց ամէն բան: Բոլոր-բոլորը:
Չարայիշատակ 13 Ապրիլէն վերջ ես ժամանակէն շուտ չափահաս դարձայ: Պատերազմը արմատահան ըրաւ պատանեկութեանս մէկ կարեւոր մասը:
ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ