Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

13 ԱՊՐԻԼ 1975. ՉԱՐԱՅՈՒՇ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՂՏՐԻԿ, ԲԱՅՑ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

April 12, 2025
in Յօդուածներ
0
13 ԱՊՐԻԼ 1975. ՉԱՐԱՅՈՒՇ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ  ԳՈՂՏՐԻԿ, ԲԱՅՑ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

13 Ապրիլ 1975:

Անիծեալ թուական մը, որ նզովեց Լիբանանն ու լիբանանցիները, քարուքանդ ընելով երկիրը, կոտորելով ժողովուրդը, փճացնելով տնտեսութիւնը եւ ամլացնելով ինչ որ քաղաքակրթութիւն էր, մարդասիրութիւն, բարգաւաճութիւն եւ ընդհանրապէս, խաղաղութիւն:

Սակայն, ամէնէն ահաւորը այդ ողբերգութեան մէջ, երբ մայրաքաղաքն ու բազմաթիւ այլ շրջաններ պառակտուեցան, բաժնուեցան ու բեկորացան, ոչ միայն տեղայնական եւ աշխարհագրական առումներով, այլ մանաւանդ, երբ բնակչութիւնը տարանջատուեցաւ, թշնամացաւ իրարու, զիրար յօշոտեց, առեւանգեց ու ներքին հաշուեյարդարներ կատարեց:

***

Դժոխային ժամանակներ էին, նողկալի ու քստմնելի, որոնց դիմանալը հրաշքի համազօր էր, այնքա՜ն կայծակնային թափով ու բրտութեամբ կը զարգանային դէպքերը, մոլորութիւն ու գլխապտուտութիւն պատճառելով յատկապէս անմեղ եւ անտիրական ժողովուրդը անճիտելով:

Բարեբախտաբար, լիբանանահայութիւնը իր աշխարհական ու կրօնական համախմբուածութեամբ որդեգրեց ողջմտութեան եւ իրատեսութեան ուղին, դրական չէզոքութեան վարքագիծը ընտրելով, յանուն Լիբանանի հողային, ժողովրդային ու համայնքային միասնականութեան, իսկ այդ լոզունգը բաւարար եղաւ, որ լիբանանահայութեան խնայուի առաւելագոյն ու ծանրագոյն չարիքները:

***

Անշուշտ, այս բոլորը հաստկեկ ու ծաւալուն թղթածրար մըն է, որուն նկատմամբ պէտք է տածել լուրջ ուշադրութիւն, օր մը զայն տեսնելու համար իր ամբողջական շարադրութեամբ, դասաւորութեամբ ու հրատարակութեամբ:

Առ այդ, սակայն, նկատի ունենալով որ այդ տխրահռչակ ներքաղաքացիական ճակատումներուն յիսնամեակն է, հակիրճ ակնարկով մը կ’ուզեմ կենդանի վկայութիւն մը (բազմաթիւներէն) յուշել որ ապրած եմ այդ ամբողջ ժամանակահատուածին մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը. Ալեք Մանուկեան կեդրոնը այդ օրերուն դարձած էր վստահութեան, օժանդակութեան եւ ապահովութեան հզօր ԱՄՐՈՑ մը, ուր ես (պաշտօնիս բերմամբ), ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երէց, կրտսեր ու չափահաս միութենականներ, յանձն առած էինք ոչ միայն մեր հաստատութիւնները անառիկ պահել, այլեւ ամէն տեսակի մարդասիրական, ընկերասիրական եւ ազգասիրական, նաեւ սննդական ու նպաստաբաշխական կամաւոր պարտականութիւններ ստանձնելու, ցերեկային թէ գիշերային հերթապահութիւններով:

Բոլորին համար գերագոյն գոհունակութիւն էր, որ այդ ճիգերը կը կատարուէին հովանաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հ.Ե.Ընկերակցութեան պատասխանատու մարմիններուն, բարոյապէս, նիւթապէս ու ֆիզիքապէս զօրավիգ կանգնելով քաղաքացիական, համայնքային եւ ընկերային այն կարիքներուն, որոնք բազմատեսակ ու բազմագոյն էին, բայց բոլորին ճիտին պարտքն էր լիովին բաւարարելը ու գործադրելը:

Այս առիթով, վերյիշումի կարգով, բազմաթիւ օրինակներու եւ ներկայութիւններու կողքին (որոնց բոլորն ալ արձանագրելը կը կարօտի ժամանակի), կ’ուզեմ մէջբերել երկու միութենական ու ազգային ղեկավարներու անունները, որոնք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի անդամներ էին՝ յաջորդաբար ատենապետի եւ ատենադպիրի հանգամանքով եւ կը կոչուէին

  • ՊՐՆ. ԿԱՐՊԻՍ Լ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ
  • ՄԵԹՐ ՀՐԱՉԵԱՅ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ

Այս երկու պատուական ազգայինները, միշտ իրենց շուրջ ունենալով անդամներու ու նուիրեալներու աշխոյժ բանակ մը, համարեա ամէնօրեայ այցելութիւններով կը հանդիպէին կեդրոն, կը հետաքրքրուէին մեր ու կարօտեալներու կեանքով, կարիքներով եւ այն բոլոր տուեալներիով եւ ակնկալութիւններով, որոնք կրնային անմիջական ու հրատապ ըլլալ, հետեւաբար շտապ տնօրինումներով իրագործելի հրամայականներ:

Իսկ այս հոգեխինդ վերաբերմունքներուն ոչ միայն տեղւոյս պատասխանատուները կը լիցքաւորէին ու կը լիացնէին, այլեւ՝ կեդրոն ապաստանող մեր հայրենակիցները աւելի պնդօրէն կը կառչէին մեր յանձնառութիւններուն:

Յիշեցնեմ, որ պրն. Նազարեանը, Նազարեան համանուն գերդաստանի երէց նահապետն էր, Ազգային բարերար, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Նազարեան վարժարանի հիմնադիր ու բազմաթիւ բարեգործութիւններու եւ նուիրաբերումներու անխոնջ ու յարատեւ ազգային մը, որ կը վայելէր մեծ հեղինակութիւն, յարգելիութիւն ու պատկառելիութիւն, ամէնուրե՛ք:

Մեթր Սեդրակեանը, ազգային առողջ գաղափարախօսութեան անուանի անձնաւորութիւն մըն էր եւ ճանչցուած՝ իր արդարամտութեամբ, համեստութեամբ ու պարկեշտութեամբ, ազգին ծառայութիւնը նկատելով առաջնահերթութիւն մը, իր տարբեր ու բեղմնալի արդիւնքներով:

***

Այս գողտրիկ վկայութիւնով ուզեցի անգամ մը եւս հաստատել եւ ապացուցել, որ մեր ժողովուրդը պէտք է երախտապարտ ըլլայ այս եւ այլ կարգի այն ազգայիններուն, որոնք միշտ իրենց «հօտ»ին կողքին կանգնած են, ծառայած են անոր ու դարձած են անմար յուշելիներ:

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Share64Tweet40
Previous Post

ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

Next Post

ԿԻՍԱՒԱՐՏ ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԿԻՍԱՒԱՐՏ ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ

ԿԻՍԱՒԱՐՏ ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.