Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

April 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

 

1975-ին սկսած Լիբանանի պատերազմը եկաւ փաստելու, որ պատերազմը պատմութեան գիրքերուն կամ անցեալին պատկանող եղելութիւն մը չէ, այլ մեր երկնակամարին վրայ թեւածող մահագուշակ հրթիռներն են, որոնք անողոքաբար մեր շուրջը կը սփռեն անհամար զոհեր, լայնատարած քանդում, աղեխարշ սարսափ, զանգուածային գաղթ…:

Ես պատերազմը ճանչցայ, երբ Հաճըն թաղը չարաչար հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ: Ականջէս բնաւ չի հեռանար Յարութիկին մօր աղիողորմ լացն ու ճիչը. «Յարութիկիս գլուխը չկայ, Յարութիկիս գլուխը չկայ»:

Անողոք հրթիռ մը մասնատած էր խեղճ պատանիին մարմինը։ Ես մահը այդքան մօտէն չէի ճանչցած…։

Մահուան երանգները ճանչցայ Հաճնոյ դարմանատան մէջ, երբ ականատես դարձայ Քարանթինայի հրկիզուած ու ծանրօրէն վիրաւորուած բնակիչներուն: Սարսռացի, երբ Պէյրութ գետի կամուրջին վրայ տեսայ դիպուկահարներուն «որսացած» դիակները, Ֆըրըն Շըպէքի գերեզմանատան թաղին մէջ գետին փռուած ու փքուած փորերով մեռելները: Ահռելի սարսափ ապրած եմ 1978-ին, երբ հայկական շրջանները ենթարկուեցան ութօրեայ անդադար ու չարաչար ռմբակոծման:

Ո՞ր մէկը նուազ սարսափ ու տառապանք պատճառեց. թաղային կրիւնե՞րը, առեւանգումնե՞րը, անակնկալ ռմբակոծումնե՞րը, ահաբեկչական պայթումնե՞րը, վառելանիւթի հսկայ ամբարտակին պայթո՞ւմը…:

Տարուէ-տարի ծաւալեցան հրթիռներուն ուժականութիւնը եւ ստեղծած քանդումին տարողութիւնը: Օրհասական էին 1989 եւ 1990 տարիները, որոնց հասցուցած աղէտը, աւերն ու զոհերը գերազանցեցին նախորդ տարիները:

Ոմանք կ’ըսեն, թէ Լիբանանի պատերազմը աւարտեցաւ 1990-ին, իսկ ես կ’ըսեմ ՈՉ. Լիբանանի պատերազմը մինչեւ օրս կը շարունակուի, վկայ Պէյրութի նաւահանգիստին ահարկու պայթումը, տիրող անկայուն քաղաքական իրավիճակը, երկրին մէջ վխտացող անիրաւ զէնքերը եւ այժմու իսրայէլեան օդանաւային հռթիրակոծումները: Լիբանանի անմեղ քաղաքացիները յիսուն տարիներէ կ’ենթարկուին ահռելի, դժուար պայմաններու՝ ապահովական, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական… մինչ աշխարհը լուռ նստած կը դիտէ:

Բարեբախտաբար լիբանանցին կը զանազանուի իր իւրայատուկ խառնուածքով: Այսօր յիսուն տարիներ ետք, լիբանանցիք ոչ միայն կը գոյատեւեն եւ կը յաղթահարեն դժուարագոյն պայմանները, այլեւ կը զարմացնեն աշխարհը իրենց կենսուրախ բնաւորութեամբ, հիւրասիրութեամբ, լաւատեսութեամբ, տոկունութեամբ, վատթարագոյն պայմաններուն յարմարելու կարողութեամբ, մշակութային կեանքի աշխուժութեամբ…:

Իրաւացի է ըսուած. «Մեզի տուէք խաղաղութիւն եւ մենք աշխարհը կը զարմացնենք…»:

 

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ

Share64Tweet40
Previous Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

13 ԱՊՐԻԼ 1975. ՉԱՐԱՅՈՒՇ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՂՏՐԻԿ, ԲԱՅՑ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Next Post
13 ԱՊՐԻԼ 1975. ՉԱՐԱՅՈՒՇ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ  ԳՈՂՏՐԻԿ, ԲԱՅՑ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

13 ԱՊՐԻԼ 1975. ՉԱՐԱՅՈՒՇ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՂՏՐԻԿ, ԲԱՅՑ ՀՊԱՐՏԱՑՆՈՂ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.