Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

April 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը բռնկեցաւ 13 Ապրիլ 1975-ին եւ աւարտեցաւ 1990-ի Դեկտեմբերին։ 15 տարիներու հակամարտութիւնները տուին 150.000 զոհ, տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներ, հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներ, իսկ երկրէն արտագաղթեցին գրեթէ մէկ միլիոն քաղաքացիներ։

Ստորեւ, կը ներկայացնենք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի գլխաւոր իրադարձութիւնները:

 

1975

Փետրուար 26 – Սայտայի մէջ, ձկնորսներու բողոքի ցոյցի ընթացքին կը սպաննուի ցուցարարներու ղեկավար, երեսփոխան Մաարուֆ Սաատը։

Ապրիլ 13 – Այն Ռըմմանէի մէջ յարձակման կ’ենթարկուի լիբանանցի եւ առաւելաբար պաղեստինցի քաղաքացիներ տեղափոխող «օթոքարը» պատճառելով 27 զոհ եւ 19 վիրաւոր։

Հոկտեմբեր 24 – Պանդոկներու ճակատամարտ, որ տեւեց քանի մը ամիս։ Այստեղ սկսան երեւան գալ Պէյրութի սահմանային բաժանման գիծերը՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան կողմերը:

Դեկտեմբեր 6 – «Սեւ Շաբաթ»ը: Քաղաքացիական պատերազմի թաքնուած նպատակները քօղարկող կրօնական բռնութեան օրը։ Օրուայ աւարտին առնուազն 300 իսլամ, նոյնքան ալ քրիստոնեայ կը սպաննուին պատահական «հաճիզ»ներու (պատնէշ) վրայ։

 

1976

Յունուար 5 – «Լիբանանեան ճակատ»ին կողմէ Թէլ ալ-Զաաթար պաղեստինեան գաղթակայանի պաշարումը։

Յունուար 18 – Քարանթինայի կոտորածը: «Հորրաս էլ Էրզ», «Փաղանգաւորներ» եւ «Նմուր էլ Ահրար» աջակողմեան քրիստոնէական ուժերը կը գրաւեն Քարանթինայի շրջանը: Հարիւրաւոր պաղեստինցիներ կը սպաննուին, ողջ մնացողները կը փախչին:

Յունուար 20 – Տամուրի կոտորածը: Որպէս Քարանթինայի կոտորածին փոխադարձութիւն, պաղեստինեան եւ Ազգային շարժումի ուժերը կը յարձակին ու կ’աւերեն Պէյրութի հարաւը գտնուող քրիստոնէական Տամուր քաղաքը: Հարիւրաւոր մարդիկ կը սպաննուին, իսկ հազարաւորներ կը տեղահանուին:

Յունուար 21 – Յեղաշրջում գնդապետ Ահմատ էլ-Խաթիպի գլխաւորութեամբ եւ իսլամ սպաներէ եւ զինուորներէ բաղկացած Լիբանանի արաբական բանակի կազմաւորում: Սկիզբ՝ Լիբանանեան բանակի բաժանման:

Յունիս 1 – Սուրիական բանակը մուտք կը գործէ Լիբանան: Քրիստոնէական ուժերուն նկատմամբ պաղեստինեան եւ մահմետական ուժերուն ռազմական յաջողութիւնները կը սանձուին:

Օգոստոս 12 – Թէլ ալ-Զաաթար գաղթակայանը կը գրաւուի քրիստոնէական ուժերուն կողմէ: Հազարաւոր պաղեստինցիներ կը զոհուին:

Հոկտեմբեր 21 – Զինադադարի համաձայնագիր մը կը ստորագրուի Ռիատի մէջ կայացած արաբական գագաթաժողովէն ետք: Կը ստեղծուի Արաբական միացեալ խաղաղապահ ոււժերը, որուն մէջ մեծ դեր վերապահուած էր Սուրիոյ:

 

1977

Մարտ 16 – Կը սպաննուի Ազգային շարժման առաջնորդ, Ընկերվարական-Յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Քամալ Ճոմպլաթ:

Մարտ 17-19 – Ի պատասխան Ճոմպլաթի սպանութեան՝ Պարուքի, Քֆարնապրախի, Մազրաաթ էլ-Շուֆի, Մաասէր էլ-Շուֆի, Մաշղարա գիւղերուն մէջ քրիստոնեայ խաղաղ բնակիչներ կը կոտորուին:

 

1978

Մարտ 14-15 – Իսրայէլ կը ներխուժէ Հարաւային Լիբանան՝ մօտ 40 քմ, հասնելով մինչեւ Լիթանի գետը:

Մարտ 19 – ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կ’որդեգրէ թիւ 425 բանաձեւը, որ կոչ կ’ընէր Իսրայէլին դուրս գալու Լիբանանի տարածքէն: Կը ստեղծուի 6000 հոգիէ բաղկացած խաղաղապահ ուժ՝ ԵՈՒՆԻՖԻԼ անունով։ Իսրայէլ դուրս կու գայ, սակայն գրաւեալ հողատարածքներու վերահսկողութիւնը կը փոխանցէ իրեն ենթակայ՝ քրիստոնէամէտ Հարաւային Լիբանանի բանակին։

Յունիս 13 – Էհտընի կոտորածը, որուն հետեւանքով կը սպաննուին Թոնի Ֆրանժիէն, անոր ընտանիքի անդամներն ու թիկնապահները։

Սեպտեմբեր 17 – Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ կը կնքուի արաբօ-իսրայէլեան առաջին համաձայնագիրը Քէմփ Տէյվիտի մէջ:

 

1982

Յունիս 6 – Իսրայէլ կը ներխուժէ Լիբանան եւ կը հասնի մինչեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններ։

Օգոստոս 23 – Պաշիր Ժմայէլ կ’ընտրուի Լիբանանի նախագահ։

Օգոստոս 24 – ԱՄՆ ծովային, ֆրանսացի եւ իտալացի զինուորներու բազմազգ ուժերը վայրէջք կը կատարեն Պէյրութի մէջ՝ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան մարտիկներուն տարհանման օգնելու համար։

Օգոստոս 30 – Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան ուժերը կը լքեն Լիբանանը: Եասեր Արաֆաթ կը մեկնի Թունուզ։

Սեպտեմբեր 14 – Լիբանանի ընտեալ նախագահ Պաշիր Ժըմայէլ կը սպաննուի Պէյրութի Էշրաֆիէ շրջանի ակումբին մէջ, շէնքին ականահարումով։

Սեպտեմբեր 15 – Իսրայէլեան ուժերը կը ներխուժեն Պէյրութ։

Սեպտեմբեր 17-18 – Տեղի կ’ունենայ Սապրա եւ Շաթիլա գաղթակայաններու կոտորածը: Մօտ 1000 պաղեստինցիներ կը ջարդուին: ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ բազմազգ խաղաղապահ ուժերը կը վերադառնան։

Սեպտեմբեր 21 – Նախագահ կ’ընտրուի Պէշիր Ժըմայէլի աւագ եղբայրը՝ Ամին Ժըմայէլը։

 

1983

Ապրիլ 18 – Պէյրութի ԱՄՆ դեսպանատան վրայ ինքնասպանական ռմբային յարձակումներ տեղի կ’ունենան, որոնց հետեւանքով կը զոհուի 63 մարդ։

Մայիս 17 – Լիբանան Իսրայէլի հետ կը ստորագրէ երկու երկիրներու միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու համաձայնագիր:

Օգոստոս 31 – Սեպտեմբեր 9 – Լեռներու պատերազմը: Տեղի կ’ունենան միջկրօնական կոտորածներ Շուֆի շրջանին մէջ, որոնց արդիւնքով քրիստոնէաները կը տեղահանուին այդ տարածքներէն։

Սեպտեմբեր – Ամին Ժըմայէլի կառավարութեան աջակցելու համար, ամերիկեան ռազմանաւերը կը ռմբակոծեն Պէյրութի մահմետական շրջանները։

Հոկտեմբեր 23 – Պէյրութի ամերիկեան ծովային ռազմակայանին վրայ անձնասպանական բեռնատարով ռմբային յարձակում։ Զոհուեցան առնուազն 241 ամերիկացի եւ 58 ֆրանսացի ծովայիններ։

 

1984

Փետրուար 6 – Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագրին ստորագրման դէմ՝ Արեւմտեան Պէյրութի ձախակողմեան ուժերու եւ Աֆուաժ Ալ-Մուքաուամա ալ-Լուպնանիայի (ԱՄԱԼ) ապստամբութիւնը:

 

1984

Գարուն – Բազմազգ ուժերը կը լքեն Պէյրութը։

Պէյրութի մէջ կ’առեւանգուին ԱՄՆ Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան ղեկավար Ուիլիըմ Պաքլին եւ քանի մը արեւմտեան քաղաքացիներ։

 

1985

Մարտ 8 – Պիր էլ-Ապտի մէջ գտնուող Սայիտ Մոհամմատ Հուսէյն Ֆատլալլայի տան մօտ կը պայթի ականուած ինքնաշարժ մը։

Մարտ 12 – «Լիբանանեան ուժեր»ը Էլի Հըպէյքայի գլխաւորութեամբ կը ստանձնեն Արեւելեան Պէյրութի վերահսկողութիւնը:

Մայիս 19 – ԱՄԱԼ-ը կ’ամրապնդէ իր իշխանութիւնը Արեւմտեան Պէյրութի վրայ եւ կը ռմբակոծէ Հարաւային Պէյրութի պաղեստինեան գաղթակայանները։

Յունիս 10 – Իսրայէլեան բանակը Լիբանանի մեծ մասէն դուրս կու գայ, սակայն Հարաւային Լիբանանի բանակի եւ իսրայէլացի զինուորներու կողմէ կը շարունակէ պահել «անվտանգութեան գօտի»ն։

Դեկտեմբեր 29 – Սուրիական հովանաւորութեամբ, պատերազմը աւարտելու համար Նապիհ Պըրրիի, Ուալիտ Ճոմպլաթի եւ Էլի Հըպէյքայի կողմէ կը ստորագրուի եռակողմ համաձայնագիր։

 

1986

Յունուար – Սամիր Ժաաժաա կ’ապստամբի եռակողմ համաձայնագրին դէմ եւ Էլի Հըպէյքան կը վտարէ Արեւելեան Պէյրութէն։

ԱՄԱԼ-ը կը շարունակէ յարձակումներ գործել պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ։

Արեւմտեան բնակիչներուն առեւանգումները կը շարունակուին։

Վեցօրեայ պատերազմ՝ Արեւմտեան Պէյրութի շիի եւ տուրզի զինեալներու միջեւ: Դեկտեմբեր 29-ի համաձայնագիրը կը խզուի: Սուրիական զօրքերը կը միջամտեն

բախումները դադրեցնելու եւ քաղաքին վերահսկողութիւնը ստանձնելու համար։

Սեպտեմբեր 3 – Պատերազմը աւարտելու համար կը սկսի ազգային երկխօսութիւնը։

 

1987

Յունուար – Արեւմտեան առեւանգեալներու ազատ արձակման յատուկ պատուիրակ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Թերի Ուէյթ կ’առեւանգուի Արեւմտեան Պէյրութի մէջ:

Մայիս 21 – Լիբանանը չեղեալ կը յայտարարէ 1969 թուականին Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան հետ՝ Գահիրէի, ինչպէս նաեւ՝ 1983 թուականի Մայիս 17-ի Իսրայէլի հետ կնքուած համաձայնագրերը։

Յունիս 1 – Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ կը սպաննուի, իր ուղղաթիռին մէջ ականուած ռումբի պայթումով: Զինք կը փոխարինէ Սելիմ Հոսը։

 

1988

Եղբայրներու պատերազմը – Բախումներ տեղի կ’ունենան ԱՄԱԼ-ի եւ Հըզպալլայի շիի խմբաւորումներու միջեւ։

Սեպտեմբեր 22 – Ամին Ժըմայէլի նախագահութիւնը կ’աւարտի առանց իրաւայաջորդի մը։ Լիբանանի մէջ կը գործէ երկու մրցակից կառավարութիւններ, ռազմական՝ զօրավար Միշէլ Աունի գլխաւորութեամբ, եւ քաղաքացիական՝ սիւննի Սելիմ էլ Հոսի գլխաւորութեամբ։

 

1989

Մարտ 14 – Ազատագրական պատերազմը: Զօրավար Միշէլ Աուն պատերազմ կը յայտարարէ սուրիական «գրաւման» դէմ։ Սուրիական ուժերը, իրենց դաշնակիցներուն աջակցութեամբ, կը պաշարեն Արեւելեան Պէյրութը։

Սեպտեմբեր 22 – Լիբանանի «փարլամենթ»ը կը հաւաքուի Թաէֆի մէջ, Սէուտական Արաբիա։ Կը կազմուի Ազգային հաշտեցման համաձայնագիր։ Ժողովականները քրիստոնէաներուն եւ մահմետականներուն աթոռներուն քանակը կը ճշդեն, հաւասար համեմատութեամբ։

Հոկտեմբեր 22 – Կը ստորագրուի Թաէֆի համաձայնագիրը։

Նոյեմբեր 22 – Ընտրեալ նախագահ Ռընէ Մուաուատ կը սպաննուի։ Զինք կը փոխարինէ Էլիաս Հրաուին։ Զօրավար Էմիլ Լահուտ կը նշանակուի Լիբանանի բանակի հրամանատար։

 

1990

Յունուար 31 – Չեղարկման պատերազմ: Միշէլ Աուն պատերազմ կը սկսի «Լիբանանեան ուժեր»ուն դէմ՝ քրիստոնէական ղեկավարութիւնը ստանձնելու համար։

Հոկտեմբեր 13 – Սուրիական ռազմաօդային ուժերը կը յարձակին Պաապտայի նախագահական պալատին վրայ։ Միշէլ Աուն կ’ապաստանի Ֆրանսական դեսպանատունը։

Դեկտեմբեր 24 – Օմար Քարամէն կը գլխաւորէ ազգային հաշտեցման կառավարութիւնը։

 

1991

Օգոստոս 26 – Երեսփոխանական ժողովը համաներում կը շնորհէ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին կատարուած բոլոր յանցագործութիւններուն համար։ Միշէլ Աուն կը ստանայ նախագահական ներում եւ կը կ’աքսորուի Ֆրանսա։

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍՐԼԵԱՆ

Next Post

ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

Next Post
ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

ՄԵԶԻ ՏՈՒԷ՛Ք ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՆՔ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ԶԱՐՄԱՑՆԵՆՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.