Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍՐԼԵԱՆ

April 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐԸ  ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ՄՍՐԼԵԱՆ

 

Քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ Կիրակի 13 Ապրիլ 1975-ին։ Այդ օր առաւօտեան 10-ին Մեծ եղեռնի 60-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի մարմինով, որուն անդամ էի, ծաղկեպսակ զետեղեցինք Զարիֆի գերեզմանատան մէջ գտնուող 6 Մայիսի նահատակներու շիրիմներուն: Կէսօրէ ետք Զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ Մեծ եղեռնին նուիրուած գեղարուեստական ցուցահանդէսին հանդիպեցայ, անկից service-ով Նահատակաց հրապարակէն վեր Տպպաս հրապարակի Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին ներքնայարկը գացի, ուր տեղի կ’ունենար «Եղեռն եւ վերածնունդ» ցուցահանդէսը, որուն կազմակերպիչներէն էի։ Service-ին մէջ վարիչը այլ յաճախորդի մը հետ կը զրուցէր եւ «բռնկեր է» ըսաւ: Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան, որ նոյնպէս սրահն էր, «քեզի շուտ տուն տանիմ ինքնաշարժով, -ըսաւ,- կացութիւնը վատ է»: Զոքաք էլ Պլաթի մզկիթը չհասած, ուզեց որ իջնեմ, որ ինք միւս կողմէն արագօրէն վերադառնայ բան մը չեղած։ Տուն հասնելէս կէս ժամ ետք հրացանաձգութիւն ու պայթումները սկսան երբ գիշերուայ խաւարը կը տիրապետէր: Կարծեմ լոյսերն ալ մարեցան այդ պահուն:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ

Օրօր Հալաճեան անուն բարի ու նուրբ աշակերտուհի մը ունէինք երկրորդական բաժնի փոքր կարգերուն մէջ, որ լաւ դաշնամուր կը նուագէր: Սակայն, որքան որ կը յիշեմ, կը տառապէր արեան քաղցկեղէ: Դպրոցէն քիչ մը վար էր իրենց բնակարանը: Խեղճ Օրօր մահացաւ 13 Ապրիլ 1975-ին՝ պատերազմի առաջին օրը: Յաջորդ առաւօտուն, Սարգիս Քենտիրճեան անունով աշակերտ մը գուժը տունս հասցուց: Յուղարկաւորութիւնը Ս. Նշան էր 14 Ապրիլին։ Աջ-ձախ հրացանաձգութեան ձայներ կը լսուէին: Զոքաք էլ Պլաթի մեր բնակարանէն զգուշութեամբ գացի եկեղեցի: Շատ չէին սգաւորները. դագաղին մետաղեայ պսակ մը դրուած էր, քանի ծաղիկ չէին գտած:

* 1975-ի Մայիսին դպրոցը վերաբացուած էր, բայց փուշի վրայ նստած ըլլալու տպաւորութիւն կար։ Լարուած էր ամէն ոք: Օր մըն ալ յանկարծ զօրաւոր հրացանաձգութեան ձայներ լսուեցան դպրոցին ետեւի Մէյ Զիատէ փողոցին կողմէն։ Այդ պահուն շրջելու ելած էի շէնքին մէջ եւ 3-րդ կամ 4-րդ յարկն էի, երբ յանկարծ դասարանի մը դուռը բացուեցաւ եւ օրիորդ Ժագլին Փանոսեան լեղապատառ դուրս խուժեց։ Աշակերտները շուարա՞ծ, թէ՞ սարսափած, իրենց տեղերն էին։ Մտայ դասարան, պատուհանէն գլուխս դուրս հանեցի ու տեսայ, որ յուղարկաւորութեան թափօր մըն էր անցնողը եւ կրակոցները կարգ մը յուղարկաւորներու կողմէն էին…

Ամէն ոք հանդարտեցաւ եւ դասը շարունակուեցաւ:

 

ՊԱՏԵՐԱԶՄԷՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ

Քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին դպրոցին հետ առնչուած քանի մը դէպքեր կ’արժէ յիշատակել, նշելու համար թէ ինչպիսի դժուարին պահեր կը դիմագրաւէինք։

* 1975-1976-ի պատերազմի ամէնէն թէժ շրջանին, օր մը տարազաւոր զինեալ մը տեսչարան մտաւ եւ դրամ պահանջեց: Նշմարեցի, թէ Աֆուաժ ա’արապիէի (Արաբական գումարտակներ զինեալ կազմակերպութեան) զինանշանը կը կրէր. հարցուցի, եթէ Սալահ Տոհան կամ Ապու Խալէտը (որ իմ բնակած թաղիս Աֆուաժի մեծաւորն էր) կը ճանչնա՞ր: Ըսի, թէ բարեկամս էր պատանեկութեան օրերէ: Զգացի թէ զինեալին գոյնը փոխուեցաւ: Ձեռքը տուի արաբերէն հարցարան մը, որ պատրաստած էի նմանօրինակ պատահարներու համար, ուր հարցումներ կային (կազմակերպութեան անուն, մեծաւորի անուն, դրամը խնդրողի անուն, հեռաձայնի թիւ, հանգանակութեան նպատակ): Քաղաքավարօրէն առաւ, որ բերէ յաջորդ օր. դեռ պիտի գայ…

* 1 Յուլիս 1985-ին, ամավերջի հանդէսի փորձի համար Ծաղիկ դասարանի աշակերտները եւ Զ. Արուեստից դասարանի 3 ընթացաւարտներ դպրոցն էին: Յանկարծ ժամը 9-ին զարկեր լսեցինք. շատեր տուն գացին, բայց ոչ բոլորը: Զինեալներ խուժեցին դպրոց եւ անկէ կրակ բացին թաղեցի հակառակորդներու վրայ, որ փոխադարձուեցաւ: Ձայները ահռելի էին, ամէն կողմէ փամփուշտներ կը դպնային դպրոցին: Տեղացի իսլամ ծնող մը՝ Քամալ Ղալայինի, որուն տիկինը հայ էր, իր դուստրը՝ Միոնան, տուն տանիլ ուզեց: Ըսի, թէ ամէն կողմէ կրակոց կայ եւ տնտեսին տունը ապաստանած ենք: Պատասխանեց, որ մտահոգուելու կարիք չկայ, ինք զինադուլ մը ընել կու տայ եւ գալով կ’առնէ աղջիկը։ Այդպէս ալ ըրաւ: Ես ալ առիթէն օգտուելով մօտակայ թաղերը բնակող խումբ մը աշակերտուհիներ եւ քանի մը երէցներ առաջնորդեցի դէպի տուն. անկիւն մը տեսայ զինեալներ, որոնք հրացանաձգութիւն կ’ընէին: Խնդրեցի, որ կրակը քանի մը վայրկեանով դադրեցնեն, որպէսզի երկու աշակերտուհիներ եւ ես դէպի մեր տուները վազէինք։ Խնդրանքս կատարեցին: Զարկերը վերսկսան տուն հասնելէս ետք: Լաւ կը յիշեմ՝ ապահով վայր մը պատսպարուած այլազգի կին մը պոռաց.«Ուշադի՛ր, հիմա կրնաս զարնուիլ»:

 

«Ապրող Էջեր Անցեալէն» հատորէն, (Պէյրութ 2023)

 

Share64Tweet40
Previous Post

«ԴՐԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ» ԿԵՐՏԻՉՆԵՐԷՆ՝  ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻ  ( 1916 – 1976 ) 

Next Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.