Ապրիլ 13-ը տխուր, միաժամանակ նշանակալի թուական է Լիբանանի պատմութեան համար: Լիբանանցիք բնաւ չեն կրնար մոռնալ 1975-ի Ապրիլը, երբ ծայր առաւ երկրին քաղաքացիական արիւնալի պատերազմը, որ տեւեց 15 տարիներ: Այսօր, յիսնամեակն է այդ չարագուշակ օրուան: Հոն ցաւի կողքին պէտք է որոնել նաեւ ուսանելի դասեր երկրին կայունութեան եւ խաղաղ գոյակեցութեան համար: Այս եղբայրասպան պատերազմին, հայութիւնը իմաստուն քայլով մը հեռու մնաց արեան մէջ մխրճուելէ եւ մարդասպան յումպէտս արկածախնդրութենէ: Այդ քաղաքականութիւնը կոչուեցաւ «դրական չէզոքութիւն», որուն կերտիչներէն էր ընկ. Յարութիւն Կուժունի: Այս առթիւ կ’ոգեկոչենք իր յիշատակը՝ որպէս իմաստուն եւ հեռատես ղեկավար:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն, 11 Մայիս 1976-ի առաւօտեան, անակնկալօրէն կը մահանար Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Յարութիւն Կուժունի (Ճէրէճեան): Ընդամէնը 60 տարեկան էր ան եւ իր ներկայութիւնը այնքա՜ն կարեւոր՝ լիբանանահայութեան համար ճակատագրական այդ օրերուն:
Ծնած է 1916-ին, Գոնիա, գաղթի ճանապարհին, հաճընցի Զաքարիա Ճէրէճեանի բոյնին մէջ. Զատկուան Կիրակին էր, որուն համար ալ կը մկրտուի Յարութիւն անուամբ: Չորրորդ որդին էր ան իր արմատահան ընտանիքին, որմէ ետք կ’ունենայ նաեւ եղբայր մը՝ Վահրիճը: Թափառայած ընտանիքը ի վերջոյ 1922-ին կը հաստատուի Լիբանան, ուր երկու տարի ետք հիւանդութեան պատճառով կը մահանայ հայրը: Հինգ զաւակ կը ճաշակեն որբութեան դառնութիւնը:
Յ. Ճէրէճեան իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայկական հիւղաւանի (քէմփ) Հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ, ապա՝ ֆրանսական Սէն Վենսան Տը Փոլ վարժարանը, որոնք աւարտելէ ետք, հակառակ ուսման բուռն փափաքին, նիւթական անձուկ պայմաններու բերումով, չի կրնար գոհացնել իր ուսումնատենչ հոգին: 18 տարեկանին կը միանայ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն՝ դառնալով գործունեայ անդամ «Կայծ» ուսանողական միութեան. ինքն է վկայողը՝ «Կուսակցութիւնը ինծի համար եղած է կուսակցական եւ միջազգային գրականութեան դպրոց»:
Երկու ընդգծուած բարեմասնութիւններ երեւան կը հանեն անոր տեսլապաշտ ղեկավարի մը յատկանիշերը.- առաջին՝ կազմակերպչական ընդոծին շնորհքը եւ մոլի ընթերցանութիւնը: Ան հակուած էր կարդալու եւ ուսումնասիրելու ընկերային, պատմագիտական եւ քաղաքական նիւթեր, որու ընթացքին հետզհետէ կը կոփուէր ի բնէ օժտեալ առաջնորդը եւ կարելի է հաստատել, որ ան Հնչակեան կուսակցութիւնը կենդանացուց, ուղղեց, հունաւորեց եւ թիավարեց սթափ ու հեռատես նաւապետի մը նման: Եւ ոչ միայն կուսակցական կեանքի մէջ եղաւ հմուտ եւ զգօն, այլեւ՝ ազգային եւ լիբանանեան հարթակներու վրայ, որու պատճառով ալ վաստակեց համակիրներու եւ հակակիրներու յարգանքն ու պատկառանքը նաեւ: Քաղաքական կեանքը իր էութիւնն էր կարծէք եւ իր գաղափարական համոզմունքները, ընկերվարութեան վարդապետութենէն ստացած գիտելիքները գիտէր հմտօրէն կիրառել գործնական կեանքի մէջ:
Իր ապրած ժամանակաշրջանը եղաւ բուռն ելեւէջներով հարուստ՝ ներկուսակցական, ներազգային, եկեղեցական, լիբանանեան թէ միջազգային առումներով, եւ ապշիլ կարելի է, որ ընդամէնը 60 տարի ապրելով, ի՞նչպէս կրցած է կենսակոչել բազմաթիւ ծրագրեր: Տեղին է յիշել, որ իր ամենաբնորոշ ներդրումը եղաւ կուսակցական կառոյցին կազմակերպումը՝ իր յարակից միութիւններով, դպրոցով, մամուլով, քատրերու պատրաստումով, քայլ առ քայլ ամրանալու եւ կայանալու մարտավարութեամբ: Արդարեւ, սարքեց ճշգրիտ գործող մեքենայ-կառոյց մը, որուն զսպանակը ան պահեց ամենայն հմտութեամբ:
Առաջին փորձաքարը եղաւ 1946-ի ներգաղթը եւ բնականաբար ան կանգնեցաւ հայրենադարձութեան ոգեւորութեան կողքին՝ Խ. Հայաստանը համարելով անկրկնելի գրաւականը հայու գոյութեան, հիմնական երաշխիքը հայու վերածնունդին եւ յարատեւման. իր խմբագրած «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ 6 Մայիս 1948-ին կը գրէր. «Ներգաղթն է միակ փրկութիւնը: Ներգաղթը՝ Ապրիլ 24-ով ստեղծուած գաղթահայ ճակատագրին լուծարքն է որ արտասահմանի հայերու ալ կը շնորհէ հայրենի յարկին տակ աշխատելու իրաւունքը»: Ան նետուեցաւ հրապարակագրութեան ասպարէզ եւ 1948-ին ստանձնեց «Առաւօտ» օրաթերթին տնօրէնութիւնն ու խմբագրութիւնը, երբ անոր տէրը՝ Հրանդ Տէվէճեան (Ներգաղթի կոմիտէին նախագահը) կը ներգաղթէր Խ. Հայաստան: Կարճատեւ եղաւ անոր այս ձեռնարկումը, սակայն իր առաջնորդող յօդուածները ցոյց կու տան կուռ ու տրամաբանական գրիչով օժտուած խմբագիր մը՝ յատկապէս միջազգային քաղաքականութեան թոհուբոհին հանդէպ. ՄԱԿ-ի մասին անոր բնութագրումը դիպուկ է՝ «Ամերիկեան եւ Անգլիական մոնոպոլիստները կ’աշխատին «ծուղակ»ի մը վերածել ՄԱԿ-ը, ուր պիտի գային իյնալու բոլոր այն ազգերը, որոնք «նեղը դրուելով» ՄԱԿ-ին պիտի դիմէին, յանձնուելու համար «ձայներու մեծամասնութիւն» ունեցող պետութեանց «խնամքներուն»»…:
Մինչ այդ, մտահոգ թրծուած սերունդի մը պատրաստութեամբ, հաւատալով սերնդափոխութեան օրէնքին, յաջորդական դասախօսութիւններով ան պատրաստեց գաղափարապէս կերտուած մտաւորականներու հոյլ մը, որոնք հետագային դարձան ղեկավարներ, խմբագիրներ եւ ուսուցիչներ: Քատրային նպատակասլաց քաղաքականութեամբ մը զարկ տուաւ մարզական (ՀՄՄ-ի միջոցաւ), մշակութային (Ն.Ս.Մ.Մ.-ի միջոցաւ) եւ երիտասարդական միութիւններուն: Ապա՝ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան: Աւելի ուշ՝ կրթական-բարեսիրական միաւորին (Հ.Կ.Բ.Մ.): Որմէ ետք ձեռք ձգելով վստահութիւնը կուսակցական շարքերուն, 1955-ին ընտրուեցաւ ատենապետ Ս.Դ.Հ. Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինին: Յաջորդ երկու հիմնահարցերը եղան 1956-ի եկեղեցական տագնապը եւ 1958-ի լիբանանեան բուռն իրադարձութիւնները, առաջին քաղաքացիական պատերազմը եւ անոնց զուգահեռ հայ համայնքին երկպառակութիւնը, եղբայրասպան տխուր դէպքերը եւ ներազգային անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան խորացումը: Այս պայքարներուն առաջին գիծին վրայ էր ան՝ որպէս ձախակողմեան ուժերու կարկառուն լիտըրներէն մին: Ան յստակօրէն կանգնեցաւ Էջմիածնի կողքին՝ ընդդիմանալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կուսակցական մենատիրութեան կալուած դարձնելու միտումներուն, որ պիտի իրագործուէր օրուան նախագահ Քամիլ Շամունի ուղղակի եւ բացասական միջամտութեամբ (բռնի ուժով): Անոր հետեւած 58-ի ծանօթ եւ արիւնալի դէպքերուն վերջ տալու նկատառումով, ինք անձամբ կը նախաձեռնէ հարցին լուծումը ուղղակի կապուելով Հ.Յ.Դ.-ի օրուան ղեկավար տոքթ. Եղիկ Գոնիալեանի հետ: Ապա՝ 1958 Նոյեմբեր 9-ին մեծ պատուիրակութեամբ մը կ’ուղղուի Մուխթարա՝ սերտ կապեր հաստատելու Ընկերվարական-Յառաջդիմական Կուսակցութեան ղեկավար Քամալ Ճումպլաթի հետ, որուն մտերմութիւնը վայելեց ան մինչեւ իր մահը: Նաեւ, ներգրաւուելով լիբանանեան իրադարձութեանց մէջ, կապեր հաստատեց պետական, քաղաքական, կրօնական եւ կուսակցական ղեկավարներու հետ:
1961-ին Խ. Հայաստանի 40-ամեակին առիթով պատուիրակութեամբ մը ուղղուեցաւ հայրենիք: Հոն էր Խ. Միութեան ղեկավար, Կոմկուսի գլխաւոր քարտուղար Նիքիթա Խրուշչեւ: Հայրենի եւ սփիւռքահայ ղեկավարներու հետ հանդիպումին, Յ. Կուժունի պատեհ առիթը գտաւ բարձրացնելու Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի հարցերը Խ. Միութեան առաջնորդին առջեւ: Այդ մասին մանրամասնօրէն կարելի է կարդալ, որպէս ականատես վկայ, Ժիրայր Նայիրիի «Հայրենի Կտուրին Տակ» հատորին մէջ (1962, Պէյրութ): Մինչ այդ, կը դառնայ անդամ միջազգային խաղաղասիրական եւ բարեկամութեան միաւորներու եւ Ք. Ճումպլաթի հետ կ’այցելէ Արեւելեան Գերմանիա:
1965-ը կ’ըլլայ ճակատագրական ազգային եւ կուսակցական առումներով: Համազգային տարողութեամբ կ’ոգեկոչուի Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը: Լիբանանի հայութեան ազգային զարթօնքն էր նաեւ: Այդ համազգային ոգեւորութեան մէջ Յ. Կուժունի եղաւ հիմնական դերակատարներէն: Պէյրութի Մարզաւանի անմոռանալի վիթխարի հաւաքին, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի պատգամը փոխանցեց ան՝ կոչ ուղղելով ազգային միասնականութեան քաղաքականութեան: Նոր էջ կը բացուէր հայ կեանքին մէջ: Ապա, երկար եւ ակամայ ընդմիջումէ ետք, Պէյրութի մէջ տեղի կ’ունենայ Հնչակեան կուսակցութեան ԺԱ. Համագումարը եւ Կեդրոնական վարչութիւնը ԱՄՆ-էն կը փոխադրուի Լիբանան եւ այդ համագումարին ատենապետ կ’ընտրուի Յարութիւն Կուժունի, որ այդ պաշտօնին պիտի վերահաստատուէր ԺԲ. Համագումարին եւս՝ 1972-ին՝ Պէյրութ: Փաստօրէն, ան վերահաստատեց կուսակցական կեանքին կանոնակարգը՝ իր հերթական համագումարներով:
Ան լիբանանեան կեանքին հետ սերտօրէն առնչուելով, հմտօրէն դիտել տուաւ երեսփոխանական ընտրութեանց ձեւին թերութիւնները, յատկապէս 1968-ի ընտրութիւններուն, երբ ժողովուրդին ձայներուն մեծամասնութիւնը կ’անտեսուէր «ցանկեր»ու դրութեան անհեթեթ տրամաբանութեամբ: Անոր նշումները կը բղխէին ժողովրդավարական եւ ընկերվարական շահերէ: Այնուհետեւ, 1972-ի ընտրութեանց կարողացաւ յաջողութեան հասցնել Մեթնի միասնական թեկնածու, հնչակեան հակումներով ծանօթ Արա Երեւանեանը: Աստիճանաբար, Յ. Կուժունի դարձած էր համախոհութեան, երկխօսութեան, համագործակցութեան ջատագովն ու յառաջապահը:
1975-ի քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիքին տակ, ան եղաւ ջահակիրը «դրական չէզոքութեան» լուսամիտ եւ հեռատես քաղաքականութեան՝ զերծ պահելով հայութիւնը յումպէտս արիւնահեղութենէ, պատերազմին խորխորատը սայթաքելու գայթակղութենէն: Այս իմաստուն քաղաքականութենէն օգտուեցան բոլորը եւ ապագային բարձրօրէն գնահատուեցաւ լիբանանեան շրջանակներու կողմէ (քրիստոնեայ, մահմետական, պաղեստինեան ու սուրիական կողմերէ): Յիշելու համար մանաւանդ Սուրիոյ փոխնախագահ Ապտըլ Հալիմ Խատտամի հանդիպումը հայ համայնքի ղեկավարներուն հետ 1976-ին՝ ի Պէյրութ:
Սակայն, Յարութիւն Կուժունիի մնայուն փառապսակը անտարակուսելիօրէն պէտք է նկատել Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի շքեղ կառոյցին իրագործումը: Ան, որպէս Հ.Կ.Բ.Մ.-ի ատենապետ հեռատեսօրէն կը նետուէր սերունդներ կերտելու առաքելութեան եւ տարիներ շարունակ նիւթականի ապահովման համար հասաւ հարաւային Ամերիկա եւ ԱՄՆ, գաղութէ-գաղութ գտաւ բարերարներ, կազմակերպեց ձեռնարկներ եւ քար քարի վրայ բարձրացուց Սահակեանը, որ պիտի տար հայրենասէր ու գաղափարանուէր սերունդներ: Ահա հոս էր անոր տեսլապաշտութեան մեծագոյն ապացոյցը: Դպրոցաշէն ղեկավարը տեսաւ անոր հիմնարկէքը՝ 28 Յունուար 1973-ին: 1974-ին արդէն վերամուտը տեղի կ’ունենար գեղակերտ կառոյցէն ներս: Սահակեանը մնայուն յուշ-կոթողն է մեծ ղեկավարին:
1976-ը եղաւ բախտորոշ. մէկ կողմէ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը ու անոր մռայլ հետեւանքները եւ ապա Յ. Կուժունիի մահը յօդս ցնդեցուցին բազո՜ւմ-բազո՜ւմ ծրագրեր: Հնչակեան կուսակցութիւնը կորսնցուց իր անկրկնելի ղեկավարը…:
Պ. Սիմոնեան հետեւեալ բարեմասնութիւնները կը թուարկէ որպէս ժառանգ մնացած անկէ.- խոհեմ, շրջահայեաց, իմաստուն, ճկուն, լրջամիտ եւ յարգանք ու վստահութիւն ներշնչող կեցուածք ունեցող:
2002-ին Պ. Սիմոնեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Լիբանանահայութեան Ղեկավարի Տիպարներէն՝ Յարութիւն Կուժունի» 526 էջանի հատորը համապարփակ ու շահեկան տեղեկութիւններ կը փոխանցէ անոր մասին: Մնայուն յիշատակարան մը Յարութիւն Կուժունիէն:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ