Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴՈՒՆ ԼՌԷ՛…

April 12, 2025
in Յօդուածներ
0
ԴՈՒՆ ԼՌԷ՛…

 

Հոկտեմբեր 1978: Կարկուտ չէ որ տեղաց, այլ կարկուտի սաստկութեամբ ռումբ: Ութ օր գիշեր-ցերեկ, Արեւելեան Պէյրութի քրիստոնէական շրջանները անդադրում ռմբակոծուեցան «քոյր» երկրի մը «խաղաղարար» բանակին կողմէ: Շէնքերուն քարքարոտ փլատակներուն պատճառաւ, Պուրճ Համուտի թաղերը կարելի չէր ինքնաշարժով դեգերիլ: Տունէն դուրս ելլելը արդէն անկարելիութիւն էր:

Քսանեօթը հոգի ապաստան գտած էինք մօրաքրոջս տունը, երեք յարկանի շէնքի մը գետնայարկը, յարաբերաբար «ապահով»: Եօթէն եօթանասուն տարիքի խումբով մը ապաստանած էինք տասը-տասներկու քառակուսի մեթր տարածութեան մը վրայ:

Մեր գլխաւոր հերոսներէն մին ընկեր Օսկին էր: Բուն անունով Ոսկեբերան: Յառաջացած տարիքի, ամուրի, քոյր մը եւ եղբայր մըն էին առաջին յարկի դրացիները: Օսկին ռմբակոծումի բոլոր ընթացքին ոտքի վրայ կանգնած կը քնանար: Կը մերժէր անկիւն մը տեղաւորուելով հանգչիլ:

Բոլորս գիտէինք թէ պարզ օրերուն գիշերները քուն չունէր: Պատշգամը նստած, սիկարէթ ծխելով կ’անցընէր ժամանակը: Ատենօք, յատկանշական հերոսութիւն մըն ալ ըրած էր: Շէնքին աստիճաններէն եւ մայր մուտքէն փախչող գողը բռնելու համար, առաջին յարկէն վար ցատկած, ինքնաշարժի մը վրայ իյնալով, ոտքերը կոտրտած էր: Դրացիները գողը հետապնդելու փոխարէն, զինք հիւանդանոց փոխադրած էին:

Քսանեօթը հոգիէն հարիւր քսանեօթը տեսակ ձայն եւ կարծիք կար: Եօթը տարեկան Վահէին «ռումբերը կենային ալ ՔԷՊԱՊ (խորոված) մը ուտէինք»էն մինչեւ քաղաքական խոր վերլուծումներ, տեսակէտներ, բողոքներ եւ այլն:

Այդ բոլոր թոհուբոհին եւ իրարանցումին մէջ, Օսկիին քոյրը հազիւ բերանը բանար եւ «բան» մը ըսելու փորձ մը ընէր, Օսկին անմիջապէս կը յանդիմանէր. «դուն լռէ՛…»: Մարին, խեղճը, «ամէն մարդ կը խօսի(կոր) ես ինչո՞ւ չխօսիմ» ըսելով եթէ առարկէր, Օսկիին պատասխանը չէր ուշանար (միշտ ու միշտ ժողովրդական թրքերէնով). «ամէն մարդ թող խօսի, միայն -դո՛ւն- դո՜ւն մի խօսիր»:

Խեղճին ՆԱԶԸ միայն քրոջը վրայ կ’անցնէր: Միւս քսանհինգ հոգիին, նոյնիսկ եօթը տարեկան Վահէին դիմաց լեզուն կարճ էր:

Է՜հ աշխարհ:

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Share68Tweet42
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎6 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

«ԴՐԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ» ԿԵՐՏԻՉՆԵՐԷՆ՝  ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻ  ( 1916 – 1976 ) 

Next Post
«ԴՐԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ» ԿԵՐՏԻՉՆԵՐԷՆ՝   ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻ   ( 1916 – 1976 ) 

«ԴՐԱԿԱՆ ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ» ԿԵՐՏԻՉՆԵՐԷՆ՝  ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒԺՈՒՆԻ  ( 1916 – 1976 ) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.