«ԱՐԱՐԱՏ», 23-28 Մարտ 1970
Հայաստանի մէջ, խորհրդային տարիներուն, շատ աղուոր սովորութիւն մը կար. երբ գրող մը, երգահան մը, գեղանկարիչ մը կամ ակադեմական անձնաւորութիւն մը բոլորէր իր ծննդեան 50-ամեակը, 60-ամեակը կամ 70-ամեակը, այդ տարեդարձը աննկատ չէր անցներ։ Գրականութեան կամ արուեստի պարբերականներուն մէջ անպայման յօդուած մը, գնահատանքի կամ երախտիքի խօսք մը կը հրատարակուէր այդ առթիւ, յաճախ ալ՝ յոբելենական ձեռնարկ մը կը սարքուէր։ Մշակոյթի գործիչները, այսպիսով, փայփայուած կը զգային իրենք զիրենք ու կենսուրախ տրամադրութեամբ կը շարունակէին իրենց երթը…։
Պատկերը գրեթէ հակառակն էր (եւ է՛…) Սփիւռքի մէջ։ Հոս, մշակոյթի սպասարկուն եթէ նոյնիսկ անտեսուած չէ, ապա լուսանցքի վրայ է…։
Այս մատնանշումը կը կատարեմ՝ կարդալէ ետք «Արարատ»-ի 23 Մարտի թիւը, ուր Հայաստանէն հաղորդուած լուրի մը արձագանգը կայ եւ ուր կ՛ըսուի, թէ հայրենի գրողներ Արշաւիր Դարբնի եւ Յովհաննէս Ղուկասեան, յաջորդաբար, բոլորած են իրենց 60-ամեակն ու 50-ամեակը։ Այս երկու անունները այնքան ալ ծանօթ չեն լայն խաւերուն, գիտե՛մ։ Եւ սակայն, անոնք բեղմնաւոր ու վաստակաւոր գրիչներ էին։ Արշաւիր Դարբնին, Ղարաբաղի Գետաշէն գիւղէն (1910-1980), յայտնի թատերագիր ու սիրուած առակագիր էր, իսկ Յովհաննէս Ղուկասեան,– որ ծագումով պարսկահայ էր ու Հայաստան ներգաղթած,– պատմավիպագիր էր («Ոսկան Երեւանցի», «Բոգդան Սուլթանով» եւ այլն) ու հմուտ արձակագիր։ Մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, 1991-ին։
Մինաս Գանգրունի այս շաբաթ ալ կը շարունակէ իր ընթերցողներուն ծանօթացնել «Ազգային ու միջազգային երաժշտական գործիքներ»-ը (գրութեան խորագիրն է)։ Այս անգամ կը խօսի նաՖիրի (փողային գործիք), նհիի (երկու լարով ջութակ մը), գոր տը պասսէի (սրինգի տեսակ մը), սանթուրի եւ քիննորի մասին (երկուքն ալ քանոնի տեսակ են)։
Այլ թիւի մը մէջ ալ՝ Մ. Գանգրունի գրախօսեր է Բարսեղ Կանաչեանի Հայաստան տպուած մեներգերն ու խմբերգերը մէկտեղող ժողովածուն, որ խմբագրեր է եղեր երաժշտագէտ Ռոպեր Աթայեան։ Յօդուածագիրը համառօտակի անդրադարձեր է Կանաչեանի նշանաւոր յօրինումներուն՝ «Տալիլօ», «Հօյ նար», «Նանոր-նանոր», «Պճինկօ», «Օրօր» եւ այլն։
Տոքթ. Եր. Սերոբեան իր առողջապահական սիւնակին մէջ բացատրեր է, թէ «Ինչպէ՞ս զգուշանանք կրիփի բարդութիւններէն»։
Ֆրանսայէն յղուած կարճ գրութեամբ մը ոգեկոչուած է վաստակաշատ դերասան Արտաշէս Գմբէթեանը, իր մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։ Ան, գրեթէ կէս դար, մնայուն ներկայութիւն եղեր է փարիզահայ բեմին վրայ։
Հայաստանէն հաղորդուեր է, թէ Երեւանի մէջ լոյս ընծայուած է գրող Պոկտան Վերդեանի «Ծաղիկներս հեռուն մնացին» գիրքը, որ «կը պատմէ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին», ըստ Հ.Հ.Գ.-ի (Հայկական Հեռագրական Գործակալութիւն)։ Հասկցողին շատ բարեւ…
Կարօ Գրիգորեան դա՛րձեալ ներկայացուցեր է Պէյրութի զանազան սինեմաներուն մէջ ցուցադրուող «Այս շաբթուան ֆիլմերը» (գրութեան խորագիրն է)։
Էջմիածնայ Մայր Աթոռը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեր է Անթիլիասի «ոչ-օրինական» մէկ քայլը, որով Խորէն Ա. կաթողիկոս վերստին քահանայութեան կոչեր է Սարգիս քհնյ. Անդրէասեանը, որ նախապէս (1968-ին) կարգալոյծ հռչակուեր էր Վազգէն Ա. հայրապետին վճիռով, Հայաստանէն արտագաղթելուն պատճառաւ։ Անդրէասեան կարգալոյծ քահանան գացեր հաստատուեր է Ամերիկա, ուր… վերստացեր է քահանայական իր կարգը ու սկսեր է ծառայել Շիքակոյի անթիլիասական ծուխերուն մէջ։ Կ՛ըսուի, թէ այս առնչութեամբ Մայր Աթոռէն Անթիլիաս յղուած նամակները մնացեր են անպատասխան…։ Ի դէպ, 90-ական թուականներուն, մենք Անդրէասեան քահանային եկեղեցապատմական յօդուածաշարքերը հաճոյքով կ՛ընթերցէինք Լոս Անճելըսի երբեմնի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին մէջ…։
Ամերիկայի հնչակեան օրկան «Երիտասարդ Հայաստան»-ի մէջ, խմբագիրը՝ Սիրվարդ, լուտանքներ տեղացուցեր է դաշնակցական մամուլի գլխուն, ընդվզելով որ անիկա չարախօսութիւն ու պարսաւանք կը սփռէ հայրենադարձ (եւ արդէն ողբացեալ) գրագէտ Կոստան Զարեանի անունին շուրջ։ Սիրվարդ ուրախ է, որ «Կ. Զարեան լքելով արտասահմանը անցաւ շքեղաշուք հայրենիք եւ վերահրատարակելով ՝՝Նաւը լեռան վրայ՝՝ գեղարուեստական հատորը, քաջութիւն յայտնաբերեց անոր մէջ տեղ գտած անճիշդ եւ անհիմն տողերը դուրս շպրտելով՝ վարկաբեկել Դաշնակցութիւնը»…։ Ի դէպ, Պէյրութէն գրականագէտ Պօղոս Սնապեանն ալ, նո՛յն այդ առթիւ, գրեց իր նշանաւոր «Աւազախրած նաւը»-ն…
«Արարատ» սկսեր է նոր թերթօն մը տպել իր էջերուն մէջ. Քլօտ Անէի «Մայերլինկ» պատմական վէպը։
Հալէպէն թղթակցութիւն մը ղրկուեր է թերթին, ի մասին Կիլիկեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթին (Գազինօ Սէպիլի սրահը, 21 ِՓետրուար)։ Ձեռնարկին նախագահեր է Հ.Մ.Մ.-Մասիսի ատենապետ Սարգիս Սարգիսեան (Պէյրութէն), որուն ընկերակցեր է Գնէլ եպս. Ճէրէճեանն ալ։ Թամատայի դերը կատարեր է Ժան Տէր Գէորգեան։ Խանդավառ ճառեր արտասաներ են Գնէլ սրբազան, Գէորգ Տարօնի (Պէյրութէն), Կիլիկեան վարժարանի զոյգ բաժիններու (քաղաք եւ Նոր Գիւղ) տնօրէները՝ Ռուբէն Տիրարեան ու Հրանդ Մուրատեան։ Յաջորդ օր, շրջանակին պատկանող կարգ մը դէմքեր քօքթէյլի հրաւիրուեր են տնօրէն Ռ. Տիրարեանի բնակարանը։
Հալէպէն հասած այլ թղթակցութիւն մըն ալ անդրադարձեր է Մարաշի նահատակաց յիսնամեակի ոգեկոչումին։ Ձեռնարկը միասնաբար հովանաւորեր են Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու Մարաշի հայրենակցական միութիւնը։ Ս. Պատարագէն ետք՝ «Քափրի» ճաշարանին մէջ սարքուեր է հոգեճաշ։ Հոս խօսք առեր են Լեւոն Պիլէզիկճեան եւ Պօղոս Պալատունի։
Ուշադրութիւն կը գրաւէ Այնճարէն յղուած թղթակցութիւն մը, ուր կը նկարագրուի Շահէ Տատուրեանի (Երեւանի ռատիոյի արտասահմանեան հաղորդումներու խմբագիր) այդ աւանը այցը, Մարտ 1-ին։ Հայրենի հիւրին ընկերակցեր է եղեր Յովհաննէս Ճէրէճեան, որ առիթէն օգտուելով իր նշանաւոր լուսանկարները սահիկներով ցուցադրեր է Այնճարի հայութեան։ «Յառաջ» վարժարանի մէջ կայացած այս ձեռնարկի ընթացքին խօսեր է նաեւ Շ. Տատուրեան, շեշտը դնելով Խորհրդային Հայաստանի նուաճումներուն վրայ։ Յետոյ ան հիւրասիրուեր է Շթորայի «Աքլ» ճաշարանին մէջ։ Հոս, թամատայի պաշտօն վարեր է պրն. Մովսէս Այնթապլեան։ Խօսք առեր են Այնճարի հովիւ Վարուժան աբղ. Հերկելեան, թաղականութեան անունով՝ Թովմաս Հապէշեան եւ «Յառաջ» վարժարանի ուսուցիչներէն Պետրոս Շէմմէսեան։
Տեղական այլ թղթակցութիւն մը կ՛անդրադառնայ Թէքէեան մշակութային միութեան Տան մէջ սարքուած գրական ձեռնարկի մը (2 Մարտ), ուր քանի մը զեկուցաբերներ կարգաւ ներկայացուցեր են նախորդ տարի հրատարակուած 11 նորատիպ հատորներ։ Բացումը կատարեր է Երուանդ Պապայեան։ Հերթաբար, Լեւոն Վարդան, Երուանդ Քասունի եւ տիկ. Սօսի Պետիկեան խօսեր են Նինա Ճիտէճեանի, Վեհանոյշ Թէքեանի, Վարուժան Պետիկեանի, Ժիրայր Նայիրիի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, բժ. Ռոպեր Ճէպէճեանի, Հերմինէ Վարժապետեանի, Սարգիս Վահագնի, տոքթ. Տիգրան Վարժապետեանի, Գուտսի Միքայէլեանի եւ տոքթ. Արշակ Գազանճեանի նոր գիրքերուն մասին։ Թղթակիցը իր ընդվզումը չէ ծածկած սակայն՝ նշելով որ Լեւոն Վարդան անխնայ դիտողութիւններով ներկայացուց երիտասարդ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թէքեանի «Կապոյտ Ապրիլ» առջինեկ հատորը եւ յուսաբեկութիւն պատճառեց բոլորին…։ Կը թուի թէ Լ. Վարդանի ելոյթին դէմ ընդվզումը խոր եւ տարածուն եղեր է, քանի որ նոյն հարցին վերաբերեալ իրենց տարակարծութիւնը յայտներ են նաեւ Պէպօ Սիմոնեան եւ Սամօ Սարգիսեան, շաբթուան «Գրական էջ»–ին մէջ։
Տեղական ուրիշ թղթակցութիւն մը կարճ տողերով ծանօթացուցեր է էսթրատային երգիչ Յարութիւն Մելքոնեանը, որ որդեգրեր է եղեր Թոմ Մելքըն երաժշտական անունը։
«Ստացանք» վերնագրին տակ՝ խմբագրութիւնը կը յայտնէ, թէ իր գրասեղանին հասեր են երկու նոր գիրքեր. Նշան Պէշիկթաշլեանի «Թատերական դէմքեր» մեծածաւալ հատորը եւ Սարգիս Վահագնի պատմուածքներու «Մատանիներ» ժողովածուն։
Այսօրուան «պեղում»-ը կ՛աւարտենք ծանուցումներու բաժնով։
— Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը բազմաձայն զրոյցի մը հրաւիրեր է հանրութիւնը «Լուսանկարչական արուեստի շուրջ»։ Ձայն պիտի առնեն եղեր Մանուկ Ալեմեան (Ֆոթօ Մանուկ), Հերրի Գունտագճեան եւ Ստեփան Փափազեան (25 Մարտ, միութեան «Կոմիտաս» սրահը, Քանթարի, Շէլ կայարանին կից)։
— Զատկուան տօնին առիթով՝ Հ.Մ.Մ.-ի միջմասնաճիւղային 41-րդ մարզական աւանդական եռօրեայ հանդիպումները պիտի կայանան եղեր Հալէպի մէջ, 29-31 Մարտին։
— Հայ Կաթողիկէ Ակումբը դասախօսութեան մը հրաւիրեր է հանրութիւնը. «Եկեղեցի եւ պետութիւն»։ Դասախօս՝ Մեսրոպ եպս. Թերզեան (31 Մարտ, ակումբին սրահը, Տէպպաս հրապարակ)։
— Հայ Կոյրերու եւ Խուլ–համրերու հաստատութիւնը, կոչով մը, նիւթական աջակցութիւն խնդրեր է հանրութենէն…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)