Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

April 12, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հինգշաբթի, 10 Ապրիլ 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ կուսակցութիւններու Լիբանանի մարմիններու ատենապետներուն։

Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն բնոյթին եւ հիմնական առաջադրանքներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն բովանդակութեան առանցքը պիտի ըլլան շարունակուող ցեղասպանութիւնները, որոնք գործադրուեցան Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Կազայի։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միացեալ աշխատանքները եւ ընդգծեց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով տարուող միասնական աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։

Պատուիրակութեան անդամները նաեւ յայտնեցին, որ 110-ամեակի կեդրոնական մարմինն ու միջերիտասարդական յանձնախումբը կը համակարգեն նահատակաց հրապարակին վրայ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան տեղի ունենալիք քաղաքական հաւաքին եւ նոյն օրուան գիշերը Պիքֆայայի յուշարձանին հովանիին տակ կայանալիք համա-երիտասարդական հսկումին աշխատանքները։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ խիտ շարքերով ներկայութիւն պիտի ըլլան Ապրիլ 24-ի առաւօտեան Սուրբ Պատարագին եւ անկէ ետք Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ կատարուելիք բարեխօսական կարգին եւ հայրապետական Ապրիլ 24-եան ոգեշունչ պատգամին։

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎6 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Next Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎6 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.