Հինգշաբթի, 10 Ապրիլին, Հայրենիքէն Լիբանան ժամանեցին Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանն ու փոխնախագահ Վրէժ Շառոյեանը: Աշխատանքային եռօրեայ այցի ընթացքին նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ՝ կրօնական, քաղաքական, մշակութային եւ յատկապէս միութենական շրջանակներուն հետ: Կը նախատեսուի քննարկել 2027-ին կայանալիք Համահայկական ամառնային եւ 2029-ի՝ Համահայկական ձմեռնային խաղերու օրակարգերը, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերչական բնոյթի հարցեր:
Այդ օր երեկոյեան ժամը 7:30-ին, առաջին հանդիպումը կայացաւ լիբանանահայ մարզական երեք միութիւններուն՝ Հ.Ե.Ը.-ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի վարչական պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ Համահայկական խաղերու մասնակիցներուն հետ, Տպպայէի Le Royal պանդոկին մէջ:
Ողջոյնի խօսքէն ետք, Զաքարեան հանգամանօրէն պատմեց Համահայկական խաղերու Համաշխարհային կոմիտէի աշխատանքներուն մասին: Ան շեշտեց, որ Համահայկական խաղերը պէտք չէ միայն դիտել որպէս մարզական միջոցառում, այլ՝ աւելի տարածուն իմաստով՝ որպէս հայապահպանման, հայոց լեզուի տարածման ու աշխարհասփիւռ հայերու վերամիաւորման նուաճումներ:
Զաքարեան նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց քաղաքական վերիվայրումներուն պատճառով Սուրիոյ եւ Իրանի մարզական խումբերու չգոյութեան եւ մարդուժի նուազման մասին: Ան իր խօսքը աւարտեց մօտիկ ապագային Համահայկական մարզական քաղաքի մը (sport village) կառուցման ծրագիրի մը որդեգրման լուրով:
Համահայկական կոմիտէի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներէն բացի հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի երեք ներկայացուցիչները՝ ընկեր Միսաք Նաճարեանը, պրն. Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ պրն. Շահան Սեմերճեանը: