Առ ի յարգանք Ճան Ուօրդապէթի մասնագիտական, կրթական եւ հոգեւոր գործունէութեան, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէնութիւնը անոր կիսանդրին զետեղած է համալասարանի Ճաֆըթ գրադարանի մուտքին, իսկ անոր արձանը իր ուսանողներուն կողմէ զետեղուած է նոյն համալսարանի մուտքի դուռին մօտ գտնուող ներսի շրջափակի պարտէզին մէջ:
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթ նաեւ պատրաստած է գրեթէ ամբողջական արաբերէն-անգլերէն բառարաններ: Ան արաբերէնը սորված է յայտնի գրագէտ Նասիֆ Էլ Եազիճիէն եւ ինքնաշխատութեամբ կատարելագործած է զայն: Լաւ անգլերէն ալ գիտնալով, ան եղած է լեզուագէտ, հմուտ գիտնական ու բժիշկ՝ բժշկութեան դասախօս ըլլալուն առընթեր: Ան հեղինակ է նաեւ «Կրօնքը Արեւելքի մէջ» եւ «Իմաստութիւնը Արեւելքի մէջ» աշխատութիւններուն, որոնց մամուլի մէջ նախապէս յօդուածներու ձեւով լոյս տեսած ըլլալու մասին արեւելագէտ Եղիա Նաճարեան հետեւեալը կ’ըսէ. «Հիմնականում առաջին հերթին պատանիների եւ երիտասարդների շրջանակում լուսաւորական լուրջ ներգործութիւն ունեցող յօդուածներով հանդէս է եկել Պէյրութի արաբական մամուլի էջերում» (էջ 73):
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթ վերոյիշեալ գիրքերէն բացի հեղինակած է նաեւ «Սուրբ Գիրքի պատուէրները» աշխատութիւնը եւ բազմաթիւ անգլերէն ու արաբերէն յօդուածներ, որոնք հրատարակուած են «Բրիտանական Բժշկական Հանդէս» եւ «Լասընթ» անգլիական թերթերուն մէջ: Ան գրած է նաեւ «Տան բժիշկը» հատորը, որմէ գրեթէ իւրաքանչիւր տեղացի ընտանիք օրինակ մը ունեցած է իր տան մէջ:
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթի բժշկական կարողութեան մասին Սիսակ Վարժապետեան ականատես վկաներէ հաւաքած է հետեւեալ կարծիքը. «Ճան Ուօրդապէթի հանճարը որպէս բժիշկ անգերազանցելի էր: Բուժելու արտակարգ կարողութիւն մը ունէր: Տարօրինակ ուժ մը ունէր, խորաթափանց զօրութիւն մը, որ կարծես մարդը կը մագնիսացնէր: Խօսուածքը հայրական շեշտով մը զեղուն, հիւանդը ակամայ իրեն կը կապէր: Շատերուն մարմնական բժիշկ մը ըլլալէ աւելի, հոգեկան բժիշկ մը եղաւ: Լայնախոհօրէն կը քարոզէր Աստուածաշունչը: Ան իր ճառերը դիւրըմբռնելի լեզուով կ’արտասանէր, իրական կեանքէ առնուած լուսաբանութիւններ եւ օրինակներ տալով: Անոր գրուածքները նաեւ միեւնոյն հեղինակաւոր դրոշմը ունէին: Ան կը խօսէր ու կը գրէր միշտ խորաթափանց իմաստով, բայց պարզ եւ դիւրամարսելի» (էջ 77):
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթ Ապտիւլ Համիտի շրջանին հայոց դէմ գործադրուած կոտորածներուն մասին լսելով շատ տրտմած է եւ բողոքած բոլորին: Այդ եղած է պատճառը որ կեանքի վերջին տարիներուն անոր հաւատքը խախտած է առ Աստուած: Ան ճանչցուած է իբրեւ քրիստոնեայ քարոզիչ, սակայն յուսահատած է Աստուծոյ համբերութենէն եւ ըսած է, թէ ինչո՞ւ Աստուած կը թողու որ հայերը խժդժօրէն եւ անխնայ ջարդուին:
Անոր աշակերտներէն Վան Տայք իր մասին ըսած է. «Երբեւէ խտրութիւն չէր դնում ազգութեան, կրօնի ու մաշկի գոյնի հարցում: Սակայն ես վստահ եմ, որ տեւապէս լաւ յարաբերութիւնների մէջ էր Պէյրութի հայերի հետ: Համիտեան ջարդերի ժամանակ անհունօրէն ցաւակցում էր իր տանջահար ժողովուրդին: Յովհաննէս Վարդապետ երբեւէ չի քօղարկել իր հայկական ծագումը” (Եղիա Նաճարեան, էջ 181):
Յովհաննէս Ճան Ուօրդապէթ կը մահանայ 1908-ին, 82 տարեկանին, բեղմնաւոր եւ լուսաճաճանչ ու բարութեամբ լեցուն կեանք մը ապրելէ ետք: Թաղուած է Պէյրութի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող Անկլօ-Ամերիկեան եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ, որ հետագային փոխադրուած է Պէյրութի Թարիք Էլ Շէմ փողոցի հիւսիսային կողմը ու այժմ կը կոչուի Լիբանանի Ազգային Աւետարանական գերեզմանատուն:
Ճան Ուօրդապէթի կրտսեր եղբօր` Գրիգոր (Կրէկորի) Վարդապետի (Ուօրդապէթ) մասին քիչ տեղեկութիւն տրուած է Սիսակ Վարժապետեանի գիրքին մէջ, ուրկէ կ’իմացուի որ ան ալ ծնած է Սայտա 1827-ին եւ փոքր տարիքէն յանձնուած է միսիոնարներու խնամքին, որոնց մօտ ստացած է նախնական եւ բարձրագոյն ուսումը: Ապա Անգլիա ապրած է եւ հոն հեղինակած «Սուրիա եւ սուրիացիները» երկու հատորնոց անգլերէն աշխատութիւնը, որ լոյս տեսած է Լոնտոն, 1856-ին, ուրկէ կ’իմացուի որ հեղինակը բանաստեղծ, լուսաւորութեան եւ ուսումի ջատագով, կանանց իրաւունքներու պաշտպան, բռնութեան եւ յետադիմութեան դէմ ըմբոստացող, կենսունակ ու բացառիկ կարողութեան տէր մէկը եղած է: