Ռուսիոյ Սան Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի տեսակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆի հետ՝ քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները, Ուքրանիոյ պատերազմը եւ համատեղ հետաքրքրութեան այլ նիւթեր: Տեսակցութենէն ժամեր առաջ, նախագահ Տոնըլտ Թրամփ Մոսկուային կոչ ուղղեց աշխատանք տանելու Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու համար, իսկ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով չբացառեց մօտիկ ապագային երկու նախագահներուն գագաթաժողովի կազմակերպումը: