Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

April 12, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

 

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անցած է գրեթէ հինգ տարի: Թղթածրարը հետաքննող դատախազ Թարէք Պիթար վերջերս շարունակեց աշխատանքը եւ հարցաքննութիւններու շարքը: Պիթար երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ընդհանուր անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ապպէս Իպրահիմը եւ զայն հարցաքննեց նաւահանգիստի պայթումին առնչութեամբ: Իպրահիմ յայտնեց, թէ ժամանած է հարցաքննութեան՝ ապացուցելու, որ դատախազ Պիթարի նկատմամբ ներկայացուցած հայցը նպատակ չի հետապնդեր խափանել հետաքննութեան ընթացքը: Աւելի ուշ, Պիթար հարցաքննեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօրավար Թոնի Սալիպան: Վերջինս յայտնեց, որ նիստը ընթացած է շատ հանդարտ եւ դրական մթնոլորտի մէջ:

Նշենք, որ իրենց  պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին, զօրավարներ Իպրահիմ եւ Սալիպա ստանձնած էին ապահովական մեծ պարտականութիւններ, նոյնիսկ հատելով Լիբանանի սահմանը եւ համակարգողի ու միջնորդի դեր ստանձնելով Սուրիոյ մէջ:

 

Երկրին կայունութիւնը ամրապնդելու եւ գաղթակայաններուն անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով, լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը հետախուզական ծառայութեան աջակցութեամբ խուզարկումներ կատարեց Պեքաայի Թայպէ գիւղին մերձակայ սուրիացիներու գաղթակայանին մէջ: Առանց միջադէպերու ընթացած գործողութեան ընթացքին յայտնաբերուեցան հրաձիգներ եւ ապօրինի նիւթեր, որոնք խուզարկող խումբը գրաւեց եւ փոխադրեց բանակի մօտակայ զօրամաս:

 

Share64Tweet40
Previous Post

  ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԽՈՒԶԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Next Post

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐ ՈՒԺԳԻՆ ԲԱԽՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Next Post
ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐ ՈՒԺԳԻՆ ԲԱԽՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐ ՈՒԺԳԻՆ ԲԱԽՈՒՄԻ ՆՇԱՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.