Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վստահեցուց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան ու ելեւմտական շարք մը օրէնքներու մշակումին, որպէսզի Լիբանան հնարաւորութիւն ունենայ համաձայնութեան յանգելու Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ: «Բարեկարգումները նախ եւս առաջ կը բխին լիբանանցիներուն եւ երկրին շահերէն»: Վարչապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի համակարգողը եւ քննարկեց քաղաքական զարգացումներն ու 1701 բանաձեւի գործադրութիւնը: