Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-23                                     ՀՈՍ  ԵՒ  ՀԻՄԱ

April 10, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Hic e nunc լատիներէն այս առածը ներկայ ժամանակշրջանի բանաձեւը կարելի է նկատել։ Իրագործել այն ինչ, որ ձեր կարելիութեան սահմանին մէջ կը գտնուի․ հիմա եւ հոս, այս պահուն։ Ժամանակը կը թուի ներկայացնել  նետ մը , որ համարեա  խորհրդաւոր աղեղնաւորի մը կողմէ արձակուած ըլլար։ Ինչ որ ընենք վայրկեանները, ժամերը, օրերն ու ամիսները պիտի  սահին, հոսին անխուսափելիօրէն։ Մարդ արարածը յաճախ հակում ունի վերապրելու անցեալը, պեղելով հին յիշատակներ, ինչպէս նաեւ ծրագրեր մշակել ապագայի նկատմամբ, իրագործելի բաներ երեւակայելով կամ երազելով։ Այս շատ հասկնալի մարդկային վերաբերումը այսուհանդերձ պէտք չէ երթայ չափազանցուած համեմատութիւններու, քանի որ անցնող ժամանակը թանկարժէք է եւ երբեք ետ չի գար։  Ստիպուած ենք լիարժէք կերպով ապրիլ ներկայ պահը, անկէ առաւելագոյն չափով օգտուելով։ Աշխարհի բոլոր իմաստասիրական վարդապետութիւնները համահունչ կը յիշեցնեն․  ներկան ժամանակի նետին միակ կէտն է, ուր կարելի է գործել, միակ կէտն է  ուր կարելի է ստեղծագործել։  Այս առանձնաշնորհեալ  կէտը ոչ միայն աշխատելու յատուկ է, այլ՝ ծրագրելու, հիանալու եւ վայելելու։ Դժբախտաբար շատեր պէտք եղած չափով չեն օգտագործեր այս պահը, տարուած ըլլալով անցեալի ցաւերէն, նաեւ ապագայի մտահոգութիւններէն ու վախէն։

Անցեալը իւրացնել չի նշանակեր մոռնալ զայն։ Դէպք մը, պատահար մը միշտ պիտի մնայ մարդու  յիշողութեան մէջ, բացի ցնդածութեան կամ Ալզհայմըրի պարագայէն։ Սակայն պէտք է գիտնալ մեղմել  խանգարող զգացումներն ու յուզումները, որոնք ժամանակին ապրուած են ուժգին կերպով, որովհետեւ եթէ չկարենանք յաջողիլ մեղմացնել զանոնք, այս վերջինները կը սպառնան ազդեցութիւն գործել մեր ներկայ հոգեվիճակին, արգիլելով լիարժէք վայելել ներկայ պահը։ Եւ գիտենք լուրջ հետեւանքները այդ ընկրկումին, որ լուրջ սպառնալիք է մարդու  հոգեկան հաւասարակշռութեան եւ ապագայ զարգացումին վրայ։

Պէտք է մենք զմեզ դաստիարակենք խուսափելու համար «երանի թէ չըրած ըլլայի․․․» եւ նման ափսոսանքի արտայայտութիւններէն։ Ամէն մարդ սխալներ գործած է իր կեանքի ընթացքին, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ճակատագրական բնոյթ ունեցած են։ Քանի որ անկարելի է ետ դառնալ  եւ դարմանել կամ այլ կերպ վարուիլ կատարուած սխալի նկատմամբ, անօգուտ է ափսոսալ ընդմիշտ։ Բանի մը չի ծառայեր մտածել կամ ուղղակի սեւեռել,  ըսելով` «եթէ այսինչ սխալ շարժումը չընէի ինքնաշարժի այդ լուրջ արկածը պիտի չպատահեր»։ Եղածը եղած է, ծանրանալ անցեալի սխալներուն վրայ մեզ որեւէ տեղ չի հասցներ, բացի դասեր քաղելէ անցեալին կատարուած սխալներէն, չկրկնելու հեռանկարով։ Սխալ արարքները միայն նիւթական գետնի վրայ չէ որ կը ներկայանան։ Սխալ վերաբերում մեր մօտաւոր շրջանակի անձերուն նկատմամբ, անտեղի, վիրաւորական խօսքեր ընտանեկան միջավայրի կամ բարեկամական շրջապատի մէջ, որոնք աւերներ գործած կրնան ըլլալ։ Եթէ յաջողած ենք անդրադառնալ մեր այս կարգի սխալներուն նկատմամբ եւ դասեր քաղել անոնցմէ, առանց սակայն ընդմիշտ ափսոսալու, կը կարենանք յառաջդիմել։

Կարգ մը հոգեբոյժներ եւ հոգեբաններ առաջարկած են «ետ մղել»ու եղանակը անցեալի ձախորդութիւններու եւ սխալներու նկատմամբ։ Ինչպէս առաձգական գնդակ մը հաստատուն մակերեսի դիմաց ետ կը մղուի, նոյնը պէտք է կիրարկել  անցեալի սխալներու, ցաւերու եւ անյաջողութիւններու դիմաց։ Առաջ ցատկել, նոյնիսկ աւելի ուժեղացած, աւելի համարձակ, ինքնակամ։ Անցեալի ձախողութիւնները կրնան մեզի դաս ծառայել, ըլլալ խթանող, փոխանակ յուսահատեցնող։ Այս պարագային է, որ կը յաջողինք յառաջդիմել, կեանքի փորձառութեամբ զինուած։

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

Share62Tweet39
Previous Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Բ.)

Next Post

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ

Next Post
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳՐԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.