Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

April 10, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ    ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

 

Ամէն անգամ որ գաղութ մը այցելելու առիթը կ’ունենամ, կ’ուզեմ նաեւ տեսնել հոն գործող հայկական դպրոցները։ Կը տեսնեմ թէ ինչքան անփոխարինելի է հայ դպրոցին դերը հայակերտումի եւ մարդակերտումի գործընթացին մէջ՝ սփիւռքեան իրականութիւններուն համար։ Եւ պարագան նոյնն է Պոլսոյ Պէյօղլուի շրջանին մէջ գործող Էսաեան վարժարանին, երբ առիթը ունեցայ այցելել Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2025-ին, ընկերակցութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ՝ հոգշ. Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։ 1895 թուականին հիմնուած այս վարժարանը այսօր տակաւին կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, շնորհիւ անոր ետին ամուր կերպով կանգնած խնամակալ մարմիններուն, բայց նաեւ տնօրէնուհիին եւ խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներուն։

Դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները շատ…։ Եւ սփիւռքեան ո՞ր գաղութի մէջ չկան այդ բոլոր ազգային մեր դժուարութիւնները…։ Բայց հայուն կամքը կը յաղթէ այդ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ կը գտնէ ելքը շարունակելու համար այս նուիրական ծառայութիւնը։ Էսաեան վարժարանը մէկ լաւագոյն ապրող օրինակներէն է, ուր հայուն առաքելութիւնը, իմա՝ նուիրական ծառայութիւնը, կենդանի է։ Հայկական Պոլսոյ մէկ ապրող վկայութիւնն է այս վարժարանը՝ իր աշխուժ տեսլականով։

Եթէ հանդիպեցայ տնօրէնուհիին ու ուսուցչակազմի անդամներուն հետ, բայց նաեւ շրջագայեցայ դպրոցի տարբեր բաժինները եւ դասարանները։ Չեմ գիտեր եթէ պատահականութիւն էր թէ այլ, բայց ներկայ եղայ դասարաններուն մէկուն «կրօնքի եւ բարոյագիտութեան» դասապահին։ Շատ քաջալերական էր լսել եւ տեսնել հայ աշակերտներուն տածած լրջութիւնը նիւթին եւ արժեւորումը անոր։ Խօսեցանք միասին Աստուածաշունչի կարեւորութեան մասին՝ ներառելով հայերէն Աստուածաշունչը որպէս հիմք քրիստոնէական մեր հաւատքին եւ մեր պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան համար։ Եթէ հայակերտումը շատ կարեւոր է, բայց նոյնքան նաեւ մարդակերտումը՝ իր հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ։

Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եէշիլթեփէ եւ ուսուցչակազմը՝ Առփէն Չինար, Մարալ Էպէօղլու Սաթար, Նատին Պէրպէրեան եւ Անի Քալայլի, կը շարունակեն մեծ հաւատքով եւ նուիրումով հայակերտումի եւ մարդակերտումի այս նուիրական առաքելութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Եթէ շնորհակալ եւ երախտապարտ ենք իրենց ծառայութիւններուն համար, բայց նաեւ կ’ուզենք ըսել…:

«Ձեր վարձքը կատար…»։

Հայուն պատմութիւնը կը շարունակուի երբ կրնանք հայ նոր սերունդը կերտել՝ Հայ եւ Մարդ։

Եւ հայ դպրոցը հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամուր հիմքն է, ուր հայուն կեանքը պիտի կարենանք դնել պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ։

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Next Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Բ.)

Next Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Բ.)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.