Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

April 10, 2025
in Գաղութային
0
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

2025 թուականը Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի հիմնադրութեան 70-ամեակն է: Այս առիթով,  Կիրակի, 6 Ապրիլ 2025-ին առաւօտեան,  Յունաստանի  Գոգինիոյ (Աթէնք) Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական յատուկ պաշտամունք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փօլ Հայտոսթեանի եւ Առեւտրական եւ Վարչագիտութեան  կաճառի դեկան դոկտ. Ֆատի Ասրաուիի ներկայութեամբ։

Պաշտամունքը, որ  առաջնորդեց  տեղւոյն հովիւ  վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը կ’ընդգրկէր փառաբանութեան երգեր, կանանց քառեակի կատարում, ընթերցումներ եւ աղօթքներ։ Վերապատուելի Հայտոսթեան  մատուցեց հովուական աղօթքը, կատարեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումը եւ  յղեց օրուան պատգամը՝ կեդրոնանալով  ծառայութեան եւ  սիրոյ վրայ ՝ որպէս պատասխան Աստուծոյ  մեզի տուած շնորհին: Վկայակոչելով պատմական իրողութիւններ, ան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհ Արմենակ Հայկազեանի նահատակութիւնն ու ծառայութեան բարի օրինակը, եւ ամերիկացի միսիոնար Էլիզապէթ Ուէպի նուիրուածութիւնը:

Պաշտամունքին, օրուան խորհուրդը  իրենց ներկայութեամբ պատուեցին բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր-

  • Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր  դեսպան Նորին վսեմութիւն պարոն Տիգրան Մկրտչեան,
  • «Ազատ Օր»-ի խմբագրապետ եւ  «Արմենիքա» պարբերականի հեղինակ-խմբագիր պարոն Մայք Չիլինկիրեան,
  • «Հայ կեանք» պարբերականի խմբագիր պարոն Տիգրան Ապասեան,
  • «Նոր Աշխարհ» շաբաթաթերթի խմբագիր պարոն Զաւէն Գրիգորեան,
  • «Հայաստան» հիմնադրամի պատուոյ նախագահ  դոկտոր Վաչէ Տէր Կարապետեան:

Պաշտամունքի աւարտին տեսահոլովակով ներկայացուեցան Հայկազեան համալսարանի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ:

Ապա,  ներկաները հրաւիրուեցան եկեղեցւոյ «Հայկազեան» սրահը, ուր վերապատուելի Չոլագեան եւ դեսպան Մկրտչեան արտասանեցին շնորհաւորական խօսքեր, որմէ ետք հատուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի 70-ամեակի յիշատակի կարկանդակը։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ ընկերային ժամ, հիւրընկալութեամբ՝ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին:

 

 

Share63Tweet40
Previous Post

«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

Next Post

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Next Post
ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ    ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ՝ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԵՒ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՀԻՄՔ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.