Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

April 10, 2025
in Գաղութային
0
«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

 

 

Վեր առնելով հայ ժողովուրդին ապրելու անկոտրում կամքը եւ կարեւորելով հայ երիտասարդի կեանքին մէջ հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութեան դերը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համալսարանական ուսանողներու վարչութիւնը Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, երիտասարդական «Հեքիաթ» նուագախումբին համերգը կազմակերպեց KED-Beirut-ի մէջ, ուր սրահը ամբողջութեամբ ողողած զանազան տարիքի հանդիսատեսները ժամանած էին թէ՛ հետեւելու նուագախումբի իւրայատուկ կատարումին, թէ՛ աջակցելու համալսարանականներու վարչութեան գալիք ձեռնարկներուն:

Վարչութեան ատենապետ Յովիկ Չաւուշեանի եւ փոխատենապետուհի Արիանա Փափազեանի հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած խօսքին մէջ շեշտուեցաւ, թէ վարչութիւնը իր գլխաւոր առաքելութիւնը կը համարէ երիտասարդութեան միաւորումը եւ մեր մշակութային ժառանգութեան տօնախմբումը:

Այսպէս, աւելի քան երկու ժամուան ընթացքին, «Հեքիաթ»-ի գլխաւոր երգչուհի Գարմէն Պալեան ներկայացուց հայուն համար շատ հարազատ աւելի քան 30 երգ, ընկերակցութեամբ երաժիշտներ Նարեկ Քեշիշեանի, Արի Վարդանեանի, Սեւատա Անտոնեանի եւ Նայիրա Պաղտասարեանի, որոնք հայկական անժամանցելի ծանօթ երգերուն տուած էին նոր՝ արդիական ու երիտասարդական շունչ: Ուստի, «Սարի սիրուն եար», «Ղափամա», «Լիլի», «Ճէյրանի պէս», «Երգիր ինձ համար», «Հապրպան»  եւ մնացեալ երգերուն «Հեքիաթ»-ի յատուկ տարբերակները հնչեցին նոյնքան ջերմ եւ հարազատ, հանդիսատեսին պարգեւելով Հայաստանի երանգները, արաբական մշակոյթէն կարգ մը գործերու ընկերակցութեամբ: Գարմէն Պալեանի մեկնաբանութեամբ, 2019-ին կազմուած եւ 2022-ին համալրուելով աշխուժացած «Հեքիաթ»-ին իւրայատկութիւնը կը յայտնուի հայկական տոհմիկ երգերուն նոր կեանք տալուն ընդմէջէն, ինչ որ հանդիսատեսը կը փոխադրէ երաժշտական ստեղծարար միջավայր եւ նոյնիսկ զայն մասնակից կը դարձնէ համերգին՝ ծափերու յատուկ ցուցմունքներով եւ երգեցողութեան մասնակցութեամբ: «Մենք այսպիսով կը պահպանենք ու կը ստեղծագործենք», կ’ըսէ երգչուհին, պարզաբանելով հնարամտութեամբ հայկական մշակութային աւանդը հարստացնելու իրենց տեսլականը:

«Խորին գոհունակութիւն զգացինք տեսնելով, թէ ինչպէս հանդիսատեսները եւս կ’երգէին նուագախումբին հետ», կ’ըսէ Չաւուշեան, իրենց հասած դրական արձագանգները համարելով տարուած բծախնդիր աշխատանքին արդար արտացոլումը:

Չաւուշեանի եւ Փափազեանի կողքին, գանձապահ Գրիգոր Թէնէքէճեանը, ատենադպիր Աւօ Յակոբեանը, ընկերային ցանցերու պատասխանատու Ալեքսանտրա Ճապրայեանը եւ վարչական Առլի Սէֆէրեանը ներառող վարչութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն համար նախատեսած է յատուկ ծրագիր մը եւ կը միտի  համերգի յաջողութիւնը վերածելու ամէնամեայ աւանդոյթի:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի համալսարանական ուսանողներու վարչութեան իրագործած «Վերածնող ձայներ, վերապրող պատմութիւն» խորագրեալ «Հեքիաթ» նուգախումբի այս համերգը երկար պիտի մնայ անոր ականատես դարձած հայորդիներուն եւ նոյնիսկ ոչ-հայ հիւրերուն յիշողութեան մէջ, վերստին ապացուցելով երիտասարդ հայուն աշխատասիրութիւնն ու արուեստասէր, ստեղծագործ ոգին:

 

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

Share63Tweet40
Previous Post

ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԱՄԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԷՅԽ ՄՈՀԱՄՄԱՏ ՊԸՆ ԶԱՅԵՏ ԱԼ ՆԱՀԻԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Next Post
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.