Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԱՄԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԷՅԽ ՄՈՀԱՄՄԱՏ ՊԸՆ ԶԱՅԵՏ ԱԼ ՆԱՀԻԱՆԻ ՀԵՏ

April 10, 2025
in Հայաստան
0
ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԱՄԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՇԷՅԽ ՄՈՀԱՄՄԱՏ ՊԸՆ ԶԱՅԵՏ ԱԼ ՆԱՀԻԱՆԻ ՀԵՏ

 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպած է ԱՄԷ նախագահ շէյխ Մոհամմատ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ։

ԱՄԷ նախագահը ողջունած է Հայաստանի նախագահը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցող ամէնամեայ ներդրումային համաժողովին մասնակցութեան համար։ Շէյխ Մոհամմատ Պըն Զայետ Ալ Նահիան ընդգծած է, որ նման բարձր մակարդակի այցերը կը վկայեն երկու երկիրներուն միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման մասին։

Իր հերթին, նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան եւ հրաւէրին համար՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր երկկողմ կապերը ապրած են շարունակական զարգացում. որպէս անոր վառ օրինակ, ան նշած է այդ շարքին՝ ՀՀ եւ ԱՄԷ միջեւ շաբաթական իրականացուող շուրջ 30 ուղիղ թռիչքներու հանգամանքը։

Հանդիպման ընթացքին նախագահները քննարկած են տարբեր բնագաւառներու, մասնաւորապէս՝ ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ, փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հնարաւորութիւնները։ Ներդրումային միջավայրի խթանման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով անդրադարձ կատարուած է անհրաժեշտ քայլերու աշխուժացման։

Նախագահ Խաչատուրեան բարձր գնահատած է ԱՄԷ ձեռքբերումները տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ընդգծելով, որ երկիրը օրինակելի է զարգացման իր մօտեցումներով եւ ռազմավարական տեսլականով։ Ան նաեւ նշած է, որ Ապու Տապիի ամէնամեայ ներդրումային համաժողովը արդիւնաւէտ հարթակ է պետութիւններու եւ գործարար համայնքներու ներկայացուցիչներու, ներդրողներու եւ ոլորտային կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու ստեղծման եւ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան խթանման համար։

Հանդիպման աւարտին նախագահները վերահաստատած են պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել խորացնել երկկողմ յարաբերութիւնները եւ բացայայտել նոր համագործակցային հնարաւորութիւններ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ։

 

Share68Tweet42
Previous Post

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Next Post

«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

Next Post
«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

«ՎԵՐԱԾՆՈՂ ՁԱՅՆԵՐ, ՎԵՐԱՊՐՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ «ՀԵՔԻԱԹ» ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՀԱՄԵՐԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.