Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

9/11-Ը ՆԵՐՔԻՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻ՞ՒՆ… ԳԻՐՔ ՄԸ… ԵՒ ԴԷՊՔ ՄԸ                                                                         ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

April 8, 2025
in Յօդուածներ
0

 

Քանի մը վայրկեաննոց տեսերիզ մըն էր բարեկամիս ուղարկածը: Ամերիկացի բանախօսը կը պնդէր, թէ 9/11-ի ահաբեկիչ արարքը արտաքին յարձակումէ մը աւելի, ներքին կազմակերպուած դաւադրութիւն մըն էր: Քաղաքական նպատակը՝ բաւարար պատճառ մը «ստեղծել» կամ «ունենալ»՝ պատերազմ հռչակելու համար Աֆղանիստանի եւ Իրաքի դէմ: Յետին նպատակ՝ տիրապետելով այդ երկիրներու բնական հարստութիւններուն, ընդլայնել ամերիկեան կայսրութիւնը, հարիւր հազարաւոր անմեղներու մահուան գնով:

«Ի՞նչ մանանա, մահանա՛յ» պիտի ըսէր Գէորգ Էմին:

Բանախօսը համա-խմբագիրն էր «9/11-ը եւ Ամերիկեան Կայսրութիւնը – Մտաւորականները Կը Խօսին» գիրքին:

Մտաւորականները՝ թիւով 11, տասն արդէն շահած էին իրենց PHd-ն եւ պաշտպանած իրենց դոկտորականը: Ինը նշանաւոր համալսարաններու դասախօս, մին տարրալուծարանի պատասխանատու, իսկ վերջինը՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտօնավարած բարձրաստիճան (նախկին) սպայ:

Հետաքրքրութիւնը մղեց զիս որ ունենամ գիրքը:

Տասնմէկ մտաւորականները, ամէն մէկը ի՛ր մասնագիտութենէն մեկնած, կը «խօսէին» փաստելու համար որ երեք շէնքերու փլուզումը միայն օդանաւներուն պատճառաւ չէր, այլ կանխաւ ծրագրուած եւ նոյն պահուն գործադրուած շէնքի ներքին պայթումները: Երկու օդանաւ եւ երեք շէնքի վարկածը արդէն կասկած կ’արթնցնէր: երրորդ շէնքը  եօթը ժամ ետք փուլ եկած է:

Այդ բոլորին մասին չէ որ պիտի խօսիմ: Այդ մէկը կը թողում ուրիշներուն, հոգ չէ՛ թէ մենք եւս, շատերու նման, խորապէս տուժեցինք պատահածէն:

Հետաքրքրուողներուն համար, գիրքը մատչելի է համացանցի վրայ: «9/11 and American Empire Intellectuals Speak Out», Edited by David Ray Griffin & peter Dale Scott»: Բարի վայելում ընթերցողներուն: Պիտի կեդրոնանամ միակ հարցական կէտին, որ տարիներ շարունակ մտատանջութիւն եւ զարմանք պատճառած էր ինծի:

Ըսե՛մ:

Ահաբեկիչները, նո՛յն օդակայանէն, նո՛յն ժամուն յաջողած էին առեւանքել երեք տարբեր օդանաւեր եւ գործած՝ ծանօթ աւերը: Այն նո՛յն օդակայանէն, ուր ապահովութեան միջոցառումները շատ խիստ կ’ըլլային: 9/11-էն տարիներ առաջ, անձամբ ինծի պատահած դէպք մը բաւարար պատճառ մըն է որ կարենամ ՀԱՍՏԱՏԵ՛Լ ըսածս:

Պատմե՛մ:

Տասնեակ-տասնեակ անգամներ այցելած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Պատահած է, որ ովկիանոսը երկու անգամ կտրեմ (երթուդարձ) միմիայն 72 ժամուայ կեցութեամբ: Ճիտիս պարտքն էր անպայման անցնիլ Պոսթոնէն (եւ ան ալ հարցայարոյց օդակայանէն) թէ՛ գործիս բերումով եւ թէ՛ «բարեւ» մը ըսելու, իմ շատ սիրելի Սուկի քեռիին: Մօրեղբայր չէր, բայց հարազատ հոգատար իսկական քեռի մը՝ յանձին Սուքիաս Թագաճեանի, որմէ սորված եմ գիրքի սիրահար ըլլալը, կամ երազած՝ իրեն նման պատէ-պատ գրադարան մը ունենալը:

Պոսթոն-Նիւ Եորք թռիչքները առաւելագոյնը 50 վայրկեան են: Ընկերութիւններ ալ կան, որոնք կէս ժամը անգամ մը express կոչուած թռիչքներ ունին:

Այդ օր, բաւական կանուխ օդակայան հասած ըլլալուս համար, զիս տեղաւորեցին նոյն ընկերութեան անմիջական թռիչքին վրայ: 160 հոգինոց օդանաւին մէջ 13 ճամբորդ էինք միայն:

Հակառակ նախընտրութեանս, զիս տեղաւորած էին ճիշդ պատուհանին կից եղող աթոռին վրայ, ուր բանտարկուած կը զգամ ընդհանրապէս: Կարծէք բաւարար չէր այդ մէկը, ՅԱՆԿԱ՛ՐԾ (ներող ըլլայ պարոն Օննիկ Սարգիսեանը, չէր ուզեր արտօնել այդ բառին գործածութիւնը), այո՛, յանկարծ ճիշդ քովի աթոռին վրայ բազմեցաւ երկարահասակ, լայն թիկունքով, Tattoo-ներով լեցուն ճամբորդ մը չըսեմ, այլ՝ ըմբշամարտիկ մը: Անհանգստացուց զիս: Չբողոքեցի: Կլլեցի «թոյնը» եւ եղածին բոլորովին անտարբեր ձեւացնելով ինքզինքս շարունակեցի ընթերցել օրուան թերթը: Օդանաւը գրեթէ պարապ էր, ինչո՞ւ ճիշդ իմ քովս փակած աթոռին: Չէի հասկցած:

Թռիչքի կիսուն էր միայն, երբ երկա՜ր, խորունկ եւ զօրաւո՛ր շունչ մը առնելէ ետք, փոխադրուեցաւ մէկ աթոռ անդին, միշտ փակ պահելով անցքը: Երբ Նիւ Եորք հասանք, ձեռքերը օդին մէջ շարժելով, օդանաւէն առաջին դուրս ելլողն էր:

Մտքիս մէջ յստակ էր այլեւս: Պաշտօնի վրայ էր: Իրենց ակնոցով, ընդհանրապէս բոլոր արաբները, բայց մասնաւորաբար բոլոր լիբանանցիները, ահաբեկիչ ըլլալու հաւանական թեկնածուներ էին: Ըստ երեւոյթին, պաշտօն տրուած էր իրեն կամ պարտականութիւն, «թերթի ընթերցումով» զինուած համեստս հսկել եւ արգելք ըլլալ, եթէ յանկարծ պատահէր, որ օդանաւ առեւանգող ծածուկ ահաբեկիչ մը դուրս գայի:

Օրաթերթով «զինուած» ճամբորդէ մը վախցած եւ զգուշացած էին, բայց թէ Ո՞ՆՑ-ինչպէ՞ս – նոյն օդակայանէն աւելի քան տասնեակ մը ահաբեկիչներ կրցած էին սպրդիլ այդպիսի ապահովական միջոցառումներէն եւ ահաբեկել ամբո՜ղջ աշխարհը: Ինչպէ՞ս…

Թէ ե՛կ Պերճ ու մի՛ զարմանար:

Բարեւներս հասկացողներուն:

Ամենայն բարիք բոլորին:

 

 

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԶԳԻ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Next Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Ա.)

Next Post

Հայ պատմագրութեան/պատմագիտութեան բնագաւառներու, իւրայատկութիւններու, առաքելութեան, յառաջադրանքներու, բացթողումներու, մարտահրաւէրներու, միջազգային պատմագիտութեան քարտէսին վրայ տեղի հարցեր (Ա.)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.