Գրիգոր Պօլուցի ծնած է 1793-ին Սեւ ծովու ափի Բիւթանիոյ գաւառի Պօլու գիւղաքաղաքը: Տասնըմէկ տարեկանին որբ կը դառնայ կորսնցնելով հայրը, նախապէս չորս տարեկանին կորսնցուցած ըլլալով մայրը: Հայրը կը փափաքէր որ Գրիգոր կուսակրօն դառնայ: Ազգականները հոգ կը տանին պատանի Յակոբին եւ զայն Երուսաղէմի Ժառանգաւորոց Ս․ Յակոբեանց վանքը կը ղրկեն կուսակրօն դառնալու: Գրիգոր ուսման շրջանին վանքին մէջ եղող անվերջ ու անհիմն վէճերէն ու վիճաբանութիւններէն զզուած, կը վերադառնայ Պօլու: Քանի մը տարի ետք Գաբրիէլ պատրիարք զայն կրկին Երուսաղէմի վանքը կը հրաւիրէ, ուր ան երիտասարդ հասակին վարդապետ կը ձեռնադրուի:
Գաբրիէլ պատրիարք զայն որոշ առաքելութեամբ մը Կ. Պոլիս եւ Կեսարիա կը ղրկէ: Յակոբ վարդապետ յաջող կերպով կը կատարէ իր պարտականութիւնը եւ Երուսաղէմ վերադարձի ճամբուն վրայ Պէյրութի մէջ կը հանդիպի Երուսաղէմի վանքէն երկու կարգաթող եպիսկոպոսներու` Յակոբ Աբգարեանի (Աբգարիոս) եւ Դիոնիսիոս Կարապետեանի: Յակոբ վարդապետ անոնց եւ ամերիկացի միսիոնարներու հետ կը ծանօթանայ ու կը մտերմանայ, որ հաճելի չի թուիր պատրիարքին եւ ան անոր հանդէպ բարիացակամ կեցուածքը կը փոխէ: Երուսաղէմի միաբանութեան եւ պատրիարքին համար Պէյրութ այդ օրերուն «արգիլեալ գօտի» կը նկատուէր՝ երկու կարգաթող եպիսկոպոսներուն պատճառով:
Յակոբ վարդապետ Երուսաղէմ կը մեկնի ու իր կամքով կարգաթող կ’ըլլայ եւ Պէյրութ կը վերադառնայ 1825-ին, ուր ամերիկացի միսիոնար Կուտտէլ զայն իր գրասենեակի թարգմանիչը կը նշանակէ, որովհետեւ ան քաջածանօթ էր հայերէն եւ թրքերէն լեզուներուն: Անոր պաշտօնական մականունը կ’ըլլայ Վարդապետ, քանի որ զայն այդ անունով կը ճանչնան տեղացիներ եւ ամերիկացիներ, իսկ որովհետեւ անոնք Վարդապետը Ուօրդապէթ կը հնչէին` այդպէս ալ կը ճանչցուի ու կը մնայ:
Գրիգոր Պօլուցի կամ Յակոբ Վարդապետ կը մահանայ Սայտա (Լիբանան) 1832-ին, 39 տարեկանին, իր ետին թողելով կինն ու չորս զաւակներ, երկու մանչեր՝ Յովհաննէս (Ճան) եւ Գրիգոր (Կրեկորի), նաեւ երկու աղջիկներ: Վերապատուելի Յովհաննէս կամ Ճան Վարդապետ երէց որդին է կարգաթող Գրիգոր Պօլուցիի, ծնած 1826-ին, Սայտա: Գտնուելով օտար միջավայրի մէջ, անոր անունը` Յովհաննէսը կը փոխուի Ճանի: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Լեռնալիբանանի Ապէյ գիւղի Ամերիկեան միսիոնարութեան վարժարանը: Սիսակ Վարժապետեան անոր մասին հետեւեալ կարծիքը ամփոփած է զանազան աղբիւրներէ քաղելով. «Անոր աննկուն կամքն ու ինքնազարգացման մեծ պապակն է որ խթանած են այս հայը գրաւելու արտակարգօրէն բարձր դիրք մը եւ հանդիսանալու ոչ միայն Սուրիոյ եւ Լիբանանի, այլ իր ժամանակին Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն կարկառուն դէմքերէն մէկը» (էջ 73):
Ճան Ուօրդապէթ թէեւ կանուխէն կ’որբանայ, սակայն իր ուշիմութեան շնորհիւ ամերիկացի միսիոնարներու հոգածութեան կ’արժանանայ: Երկրորդական եւ բարձր ուսման համար կը ղրկուի Սկովտիա, որ աւարտելէ ետք քարոզիչ կը ձեռնադրուի եւ Լիբանանի Հասպայա գիւղը կ’ուղարկուի իբրեւ հոգեւոր հովիւ, իսկ 1850-ին` Թրիփոլի եւ ապա Հալէպ իբրեւ Սկովտիական Եկեղեցւոյ միսիոնար: Նոյն ատեն կ’աշակերտէ տոքթ. Գորնելիոս Վանտայքի եւ բժշկութիւն կ’ուսանի, ինքնաշխատութեամբ մասնագիտութիւնը կը կատարելագործէ ու կը վկայուի իբրեւ բժիշկ:
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթ «Արաբական Իմաստութիւն» խորագիրով գիրքը հրատարակած է, որուն բովանդակութենէն ի յայտ կու գայ, թէ ան տարիներով ապրած ըլլալով Պէյրութի եւ Սայտայի մէջ, շատ բան գիտցած է իսլամական կրօնքին մասին: Իր ուշադիր քննութեան իբր արդիւնք՝ Սուրիոյ (այդ ժամանակ այս ամբողջ շրջանը իբրեւ Սուրիա կը ճանչցուէր) ժողովուրդին իմաստութիւնը եւ անոր իսլամ կրօնքին կապուածութիւնը նկատած ու շօշափած է:
Տոքթ. Ճան Ուօրդապէթ Սուրիական Բողաքական Գոլէճի (ներկայիս Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան) մէջ բժշկութիւն կը դասաւանդէ: Ան ճանչցուած է իբր հայկական արմատներով աչքառու բժիշկ եւ արաբ մտաւորական, ինչպէս նաեւ դիազննութեան ու մարդկային մարմնաբանութեան անգլերէնով ու արաբերէնով դասախօսող մասնագէտ:
(Շարունակելի)