Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»

April 8, 2025
in Յօդուածներ
0
«ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»

 

Այս խորագրին տակ, իբրեւ կրօնական թարգմանածոյ գրականութեան շարքի մը Ա. հատորը, Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Բերիոյ թեմակալ առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի նոր մէկ գիրքը։

Կ’ուրախանանք, երբ մեր հոգեւորականները կը տեսնենք գիրի ու գրականութեան սպասաւորի դերին մէջ։ Միայն Խաչը, հովուական ծառայութիւնը կամ վարչական պատասխանատուութիւնը չէ, որ պէտք է լեցնեն հոգեւորականին առօրեան։ Կայ մշակոյթի անդաստանն ալ, որ իրե՛նց կը սպասէ…։

Այդպէս եղած է ի սկզբանէ, դարերէ, հազարամեակներէ իվեր։ Մեսրոպ Մաշտոցն ալ հոգեւորական չէ՞ր. ու գիտենք, թէ ան ինչպիսի՜ յեղաշրջական գործ կատարեց իր դարուն, Այբուբենի գիւտէն ետք, լծուելով նախ դպրոցներ բանալու տենդագին աշխատանքի մը, ապա իր լծակիցին` Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին հետ, վերահսկելու Ոսկեդարու հայատառ թարգմանութեանց մեծ աշխատանքը…։

Հայ Եկեղեցին աւանդութեան մը վերածեց այս գիծը։ Խաչին կողքին` իր սպասաւորներուն (մա՛նաւանդ կուսակրօն վանականներուն) ափին մէջ դրաւ ԳՐԻՉ ալ…։ Եւ այդ սքանչելի աւանդութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, անխափան կերպով ու զարմանահրաշ իրագործումներով։

Օ՜, ո՞րմէկը յիշենք մեր կրօնաշունչ գրականութեան հեղինակներէն։ Եզնի՞կը, Դրասխանակերտցի հայրապե՞տը, Նարեկացի՞ն, Շնորհալի՞ն, Տաթեւացի՞ն, Առաքել Դաւրիժեցի՞ն, Մխիթարեան վարդապետներու հո՞յլը, Կոլոտ ու Նալեան պատրիարքնե՞րը, Խրիմեան Հայրի՞կը, Սրուանձտեա՞նցը, Օրմանեա՞նը, Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկո՞սը, Շնորհք պատրիա՞րքը…։

Այս անունները, ահաւասիկ, դուրս կը բերեն եկեղեցին իր զուտ աղօթական պարունակէն ու անոր կը հագուեցնեն պճնազարդ ա՛յլ տարազ մը, որ ՄՇԱԿՈՅԹ կը սփռէ…։

 

*

Հալէպի մեր սիրեցեալ առաջնորդը` Մակար սրբազան եւս, հակառակ իր պաշտօնէն բխած անխուսափելի կաշկանդումներու,֊ չմոռնալ, որ Բերիոյ Թեմը կ’ընդգրկէ աշխարհագրական ընդարձակ տարածք մը,֊ ժամանակ կը գտնէ ամփոփուելու իր աշխատասեղանին առջեւ ու զբաղելու գրական երկասիրութիւններով։ Իր նախընտրութիւնը, առայժմ, կեդրոնացած ըլլալ կը թուի թարգմանական աշխատանքներու վրայ։ Ան կը սիրէ հայացնել աստուածաբանական գործեր։

Մեր տրամադրութեան տակ է, ահաւասիկ, սրբազանին նորատիպ մէկ ժողովածուն, որ կը կոչուի «Աստուածաբանական եւ վարդապետական նիւթեր» (Ա. հատոր)։ Գիրքը լոյս տեսած է Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն։ 336 էջ է։ Մեկենասութիւնն ազնուօրէն ստանձներ է պրն. Արա Մահսերէճեան։

Ինչպէս խորագիրը կը թելադրէ արդէն, գիրքը ծաղկաքաղ մըն է աստուածաբանական, քրիստոսաբանական եւ վարդապետական նիւթերու, որոնք կը ճգնին լուսաբանել Ուղղափառ եկեղեցւոյ ուսուցումները։

Թարգմանութիւնները կատարուած են արաբերէնէ ու անգլերէնէ։ Հայացուած այս յօդուածներուն մեծ մասը կը պատկանի Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ ժամանակակից հայրերու գրիչին, մանաւանդ` Պիշօյ արք.-ի, որ վախճաներ է 2018-ին եւ որ «աստուածաշնչական գիտութեամբ օժտուած բացառիկ անձնաւորութիւն մըն էր, Ուղղափառ հաւատքի պաշտպան, պայծառ միտք, խստակրօն, աղօթասէր, մեծ աստուածաբան եւ ուսուցիչ, բազմաթիւ եւ բազմաժանր գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ»։

Ճշգրտօրէն ի՞նչ նիւթեր կը շօշափուին այստեղ։

Կը շօշափուի Ս. Երրորդութեան հարցը (մէկ աստուածութեան մէջ երեք անձերու ներկապակցութիւնը), Քրիստոսի երկու բնութիւններուն միաւորման իրողութիւնը, Քրիստոսի երկրորդ գալստեան առնչուած տեսութիւններ, անհաւատութեան պատճառները, գիտութեան բախումը կրօնքին հետ, մահուան եւ յարութեան խորհուրդը, աղանդաւորական տեսութիւններ եւ այլն, եւ այլն։

Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ հրամցուած նիւթերը դիւրաւ ընկալելի չեն մերօրեայ հայ ընթերցողին համար։ Աստուածաբանութիւնը բարդ գիտութիւն է եւ թերեւս ընթերցողէն կը պահանջէ միտքի ու հոգիի նախապատրաստական որոշ մշակում մը։ Իսկ մեր դպրոցներուն մէջ, գիտենք, թէ ի՛նչ արգահատելի ու մակերեսային մակարդակի վրայ կը գտնուի «Կրօն» կոչուած դասանիւթը…։

Կը հաւատանք սակայն, որ կրօնաշունչ գրականութիւնը իր մատուցուած այլազան ձեւերով (քարոզախօսութիւն, պատկերասփիւռային հաղորդում, Ս. Գիրքի սերտողութեան լսարաններ, մամլոյ յօդուածներ թէ անջատ գիրքեր) անպայման կրնայ նպաստել կացութեան դարմանումին։

Մակար սրբազանի այս գիրքը, որ կ’ողջունենք սիրով, քա՛յլ մըն է այդ ուղղութեամբ։

 

Լ. Շ.

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻՆ՝ ԱՅՈ՛… ԲԱՅՑ

Next Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԶԳԻ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Next Post
ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ  ՀԱՅԱԶԳԻ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ  ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱԶԳԻ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԵՐԴԱՍՏԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.