Այս տարուայ 13 Մարտին Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութենէն իմացանք, որ «Խաղաղութեան համաձայնագիրը պատրաստ է ստորագրման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանական Հանրապետութեան հետ սկսիլ խորհրդակցութիւններու համաձայնագիրի ստորագրման ժամկէտներու եւ տեղի շուրջ»:
Առաջին ուշագրաւ կէտը եղաւ այն, որ Պաքուն նախընտրեց միակողմանի հաղորդել բանակցութիւններու աւարտը եւ այդ ալ յղում ընելով Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութեան յայտարարութեան, որ կ’ըսէր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատումին մասին, համաձայնագիրի նախագիծը համաձայնեցուած է, եւ բանակցութիւնները աւարտած են:
Զարմանալի չէր մեզի համար Ալիեւներու նման ամբարտաւան բռնապետերու վարքագիծը, որ կ’ուզէ ձեւացնել թէ չ’աճապարեր համաձայնագրի ստորագրութեամբ եւ նուազ շահագրքռուած է խաղաղութեամբ քան Հաաստանի իշխանութիւնները, որոնց բանակցային դիրքերը աւելի զիջողական կը թուին:
Տարածաշրջանային դիւանագիտութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ վերոյիշեալ ամբարտաւան ղեկավարներու յոխորտանքները հեղինակաւոր ատեաններու մէջ միշտ անտեսումի ենթարկուած են: Սակայն դժբախտաբար այս երեւոյթը չընկալող Հայաստանի մէջ որոշ ընդիմադիր շրջանակներ իբր «իշխանութիւնները խաղաղութիւն կը մուրան» վերնագրի տակ քարոզչութիւն կը տանին Փաշինեանի կառավարութեան դէմ:
Բանակցութիւններու աւարտը եւ համաձայնագրի նախագիծի համաձայնեցման կարեւորութիւնը ճիշդ գնահատելու համար բաւական է դիտարկել համաձայնագիրը ողջունած պետութիւններու շարքը:
Այդ պետութիւններու առաջին շարքին կը գտնուին մեր անմիջական հարեւաններ՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, Վրաստանը, Թուրքիան, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային կշիռ ունեցող պետութիւններ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Գերմանիան, Հռոմի պապը, Մոլտովան, Ուրուկուէյը, Միացեալ Արաբական Էմիրութիւնները եւ ուրիշներ:
Միջազգային կազմակերպութիւններ՝ ՄԱԿ-ը, ՆԱԹՕ-ն, ՀԱՊԿ-ն, Արաբական Պետութիւններու Լիկան եւ այլք:
Բոլոր այս հեղինակաւոր եւ իրենց կշիռը ունեցող պետութիւններու եւ պետութիւններու համախմբումներ ներկայացնող կազմակերպութիւններու հաղորդագրութիւններուն մէջ շնորհաւորանքներու կողքին շեշտը դրուած էր մէկ ընդհանուր յայտարարի՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնումի եւ ամրապնդումին վրայ: Այստեղ հարց կ’առաջանայ, թէ միջազգային ընտանիքին համար արդեօ՞ք այդքան կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատումը:
Միանշանակ՝ ԱՅՈ՛ կարեւոր է:
Խաղաղութեան համաձայնագիրին պատրաստ ըլլալու յայտարարութեան նախօրէին եւ յաջորդող օրերուն Տոնալտ Թրամփին յոխորտանքները, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական, հետախուզական եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շատ արագ զարգացումը, Հութիներու դէմ հարուածներու վերսկսումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հարաւին մէջ ռազմական գործողութիւններու համեմատաբար վերաշխուժացումը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջուկային գործունէութեան դէմ սկսած առայժմ քարոզարշաւը եւ տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ ռազմական մեծ կուտակումները ցոյց կուտան, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ-Ատրպէյճան եռեակին կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ լուրջ ռազմական գործողութեան նախապատրստական աշխատանքներ կը տարուին:
Հետեւաբար Հայաստան եւ իր շրջակայքը կը գտնուին պատրոյկը պատրաստ վառօդի տակառի մը վրայ, որ ամէն վարկեան կրնայ պայթիլ եւ ամբողջ տարածաշրջանը մխրճել կործանարար պատերազմի մը մէջ: Ատրպէյճան, օգտուելով ստեղծուելիք հաւանական քաոսային վիճակէն, կրնայ նոր ոտնձգութիւններու փորձ ընել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ:
Հետեւաբար բոլոր այն շրջանակները, որոնք խաղաղութեան համաձայնագրին դէմ կ’արտայայտուին պէտք է լաւ հասկնան, որ այդ համաձայնագիրը խաղաղութեան նուազագոյն երաշխիքն է եւ կը բխի Հայաստանի կենսական շահերէն:
ԲԱՅՑ, մենք շատ լաւ գիտենք նաեւ, որ բացի տարածքային եւ անվտանգային հարցերէն, գոյութիւն ունին շատ կարեւոր մարդասիրական այլ տեսակի խնդիրներ, որոնք լուծումի կը կարօտին նոյն խաղաղութեան համաձայնագրի շարջագիծին մէջ: Ասոնց մէջ առաջնահերթութիւն է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնագաղթուածներու եւ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինի պահուած ռազմագերիներու տունդարձի հարցը:
Մեր խիստ պահանջն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան առնչուած հարցերուն հետ հաւասար կարեւորութեան վրայ դրուին մարդասիրական բնոյթի խնդիրները:
Վերջապէս, խաղաղութիւնը ժողովուրդներու բարգաւաճման համար անհրաժեշտ պայման է, սակայն խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ կայուն, պաշտպանուած ամուր երաշխիքներով, որոնցմէ առաջնայինը մարտունակ բանակն է, խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արժանապատիւ եւ հիմնուած՝ արդարութեան եւ պայմաններու երկկողմանի իրաւահաւասարութեան վրայ:
ԱԼԵՔՍԱՆ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ