Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ»

April 8, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ»

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ զինեալ կազմակերպութիւններ կամ զէնքեր պիտի չմնան պետութեան հեղինակութենէն դուրս, հաւաստիացնելով որ շուտով աշխատանք պիտի տարուի մշակելու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, որմէ պիտի բխի ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը: Նախագահը նշեց, թէ Լիբանանի մէջ խնդիրները կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան եւ հետեւողական հաղորդակցութեամբ: Պաապտայի պալատ այցելած ամերիկեան պատուիրակութեան հետ տեսակցած ատեն նախագահը յանձնառութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի 1701 բբանաձեւի գործադրութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն: Ան բացատրեց, թէ բանակը Լիթանի գետէն հիւսիս փակած է պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութիւններուն պատկանող վեց կեդրոն եւ գրաւած կամ կործանած է զինամթերանոցներուն պահեստները:

Հիւր պատուիրակութեան նախագահ Էտուարտ Կապրիէլ շեշտեց Հըզպալլան ապազինելու եւ արմատական բարեկարգումներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Լիբանան ստանայ միջազգային ընտանիքին նիւթական աջակցութիւնը: Դրուատելով նախագահ Աունին եւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը, Կապրիէլ յայտնեց, թէ ամերիկեան գոնկրէսին մէջ կը քննարկուին Լիբանանին աջակցելու միտող օրինագիծեր:

Նախագահ Ժոզէֆ Աուն երէկ ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր վիճակը՝ ներառեալ հարաւի զարգացումները եւ Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակի օգնական Մորկըն Օրթէյկըսի այցելութեան արդիւնքները: Նշենք, որ Պէյրութ այցելելէ եւ պաշտօնատարներուն հետ տեսակցելէ ետք Օրթէյկըս յայտնեց, որ չէ առաջարկած Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացում, այլ մաղթած է, որ Լիբանանի մէջ անյապաղ ապազինուին բոլոր միլիսները՝ ներառեալ Հըզպալլան:

Share62Tweet39
Previous Post

ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

Next Post

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Next Post
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.