Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

April 5, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

 

Անցեալ Շաբաթ օր, 29 Մարտին, հաճոյքն ունեցանք ընդունելու փափկավարական այցելութիւնը լիբանանահայ մտաւորական, «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին խմբագրապետ, հրապարակագիր, դասախօս, մանկավարժ, ազգային-կուսակցական գործիչ, բանասէր եւ գիրքերու հեղինակ Պարոյր Աղպաշեանի:

Յարգելի հիւրին հետ մեր ունեցած ազգային-հայրենական կեանքը յուզող հարցերու շուրջ հաճելի եւ շահեկան զրոյցին ներկայ էր նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ.ի Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի մամլոյ դիւանապետ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը:

Փորձառու մտաւորականին հետ կիսեցինք այն մտահոգիչ խնդիրները, որոնք ծառացած են հայութեան առջեւ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութեան առջեւ՝ մասնաւորապէս: Խօսակցութեան հրատապ նիւթերէն էր նաեւ նոր սերունդին անտարբերութիւնը, ուծացման երեւոյթն ու հետաքրքրութեան պակասը ազգային-մշակութային իրադարձութեանց նկատմամբ: Անշուշտ, այս ծիրէն ներս, ուշադրութիւն կեդրոնացուցինք հայ մամուլի պարզած վիճակին, դժուարութեանց, ուր սկսած են ի յայտ գալ անմխիթար երեւոյթներ: Հակառակ այս բոլորին, հայրենական թէ լիբանանեան, ազգային թէ գաղութային հարցերու հանդէպ մեր հետեւողական վճռականութիւնն ու լաւատեսութիւնը կը մնան անհրաժեշտ: Միասնաբար մտահոգութիւն յայտնեցինք լիբանանահայ մարդուժին նօսրացման ի տես, արտագաղթին եւ ազգային կեանքին հետզհետէ գունաթափումին փաստին դիմաց:

Սիրալիր եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ ընթացած մեր ջերմ հանդիպումը մաղթեցինք որ ըլլայ պարբերական եւ մղիչ խթան մը առաւել համագործակցութեան, հաստատելով որ աւելի լայն կերպով ուժերու մէկտեղումն ու գործակցութիւնը կրնան դառնալ օգտաւէտ եւ օրինակելի:

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎5 (55 տարի առաջ՝ այսօր)

Next Post

ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ»

Next Post
ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ»

ԱՈՒՆ. «ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.