«ԱՐԱՐԱՏ», 16-21 Մարտ 1970
Անոնք որոնք կանոնաւոր կերպով,– ու վեց ամիսէ իվեր,– կը հետեւին մեր պեղումներուն, ա՛լ անծանօթ չեն Ֆոթօ Շիրազին (Յովհաննէս Ճէրէճեան), որուն մասին քանիցս անդրադարձանք ու պատմեցինք, թէ որքա՜ն հետաքրքրութիւն առթած էին Արեւմտահայաստանի գաւառներէն առնուած իր սեփական լուսանկարները։ Ճէրէճեան բազմիցս ցուցադրեր էր զանոնք Պէյրութի մէջ, 55 տարի առաջ, գնահատուելով բոլորէն։
Եւ սակայն… դժգոհներ, տրտնջացողներ ալ կան եղեր։ Ի՞նչ պատահեր է։
«Արարատ»-ի 18 Մարտի թիւին մէջ Յ. Ճէրէճեան «Ճշդում» մը հրատարակեր է՝ ի մասին հարեւան «Այգ» օրաթերթին մէջ իր կամ իր ուղեւորութիւններուն վերաբերեալ կատարուած որոշ մեղադրանքներու։ Ճէրէճեան չի յիշատակեր անունը զինք մեղադրողին, որ,– ինչպէս յայտնի կը դառնայ գրութենէն,– անգամ մը ընկերակցեր է եղեր իրեն՝ դէպի Արեւմտահայաստան, օժանդակեր է իր առաքելութեան, կիսեր է իր դառնութիւններն ու յուզումները…, բայց շա՜տ վրդովեր է՝ տեսնելով որ Ճէրէճեան ո՛չ մէկ առթիւ յիշատակեր է իր անունը կամ գնահատանքի երկու անուշ խօսք արտասաներ է իր մասին, լուսանկարներու ցուցադրութեանց նուիրուած ձեռնարկներու ընթացքին…։
Հետաքրքրուեցանք այդ անձին ինքնութեամբ ու դիմեցինք… «Այգ» օրաթերթի հին հաւաքածոներուն եւ գտա՛նք մեր փնտռածը։ Ենթական կը կոչուի Յակոբ Փանոսեան եւ ան ուրիշ մէկը չէ եղեր՝ եթէ ոչ Ճէրէճեանին… քենեկալը։ «Այգ»-ին ուղղեալ իր բաց նամակին մէջ (4 Մարտ 1970)՝ ան կ’ըսէ որ վիրաւորուած է իր արժանապատուութիւնը, քանի որ հակառակ իր կատարած «մեծ զոհողութիւններ»-ուն ու ցուցաբերած աջակցութեան՝ Յովհաննէս Ճէրէճեան ուրացեր է այդ նպաստը ու Թրքահայաստանէն բերուած լուսանկարներու աշխատանքին ամբողջ պատիւն ու փառքը իւրացուցեր է…։
Այլ թիւի մը մէջ՝ այլ դժգոհութիւն…։ Այս անգամ ալ դժգոհ է թերթին աշխատակիցներէն Յովսէփ Ս. Պ. Ճիռեանը։ Դժգոհ է… Հրանդ Գանգրունիէն, որովհետեւ այս վերջինը Ֆրէօյտի ու Նիցչէի մասին գրած իր համադրական մէկ յօդուածին մէջ կատարեր է սխալ մեկնաբանութիւններ, անճիշդ ու բռնազբօսիկ դատումներ…։
Աշխատակից Ս. Պալաթոն գրախօսեր է Հաննէսեան եղբայրներու (ՇԻՐԱԿ հրատարակչատուն) «Շիրակ» երգարանի վերջին թիւը (1970)։
Սամօ (Սարգիսեան), իր կարգին, այս շաբթուան «Գրական էջ»–ին մէջ գրախօսեր է Հայաստանէն Լեւոն Միրիջանեանի «Երգի հովիւը» քերթողագիրքը, որ ձօնուած է եղեր Կոմիտասին։
Հայաստանէն թղթակից մը՝ Լեւոն Ազրոյեան, պատմեր է Քեսապէն Հայաստան ներգաղթած Գալէմտէրեան ընտանիքին մասին։ Հայրենադարձ Գալէմտէրեաններուն տասնամեայ դուստրը՝ Ծաղկանոյշը, տարիներու աշխատանքով դարձեր է Երեւանի մետաքսի կոմբինատի առաջաւոր ջուլհակուհիներէն մէկը։ Յետոյ ընտրուեր է Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխան, նոյնիսկ՝ Խորհուրդի նախագահութեան անդամ…։
Տեղական հայկական ի՞նչ լուրեր կան այս շաբաթ։
Պանդոկ Քարլթոնի սրահին մէջ, 14 Փետրուարին, ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը նշուեր է Հ.Մ.Մ.-ի ենթակայ ՄԱՍԻՍ Մարզական Միութեան հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Վարչութեան անունով բացման խօսք արտասաներ է ընկ. Մելքոն ՍէՖէրեան։ Երգիչ Ատիս Հարմանտեան խանդավառեր է ներկաները։ Միութեան նախագահ ընկ. Սարգիս Սարգիսեան պարգեւատրուեր է ոսկեայ շքանշանով։
Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը սեփական թղթակցութեամբ մը որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդեր է 24 Փետրուարին կրթական խնդիրներու շուրջ իր սարքած բազմաձայն զրոյցին մասին։ Հարցազրոյցը վարեր է տոքթ. Յարութիւն Սաղըրեան։ Ան կարգաւ ձայն տուեր է չորս հոգիի՝ Հ. Սահակ Քէշիշեանի (որ խօսած է հայ գիրքն ու ընթերցանութիւնը սիրցնելու միջոցներուն մասին), պարոնայք Բենիամին Ժամկոչեանի (որ խօսեր է ուսուցիչին «կոչում ունենալու» կարեւորութեան մասին), Հրաչ Տասնապետեանի (որ փափաքելի նկատած է հայ դպրոցներու միացեալ կրթական ծրագրի մը մշակումը) եւ Եդուարդ Էլոյեանի (որ անհրաժեշտ նկատած է դպրոցականներու հոգիին մէջ ազգային զգացումներու բոցավառումը)։
Ռըմէյլ թաղամասի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը Միջինքի հաւաք մը կազմակերպեր է, 5 Մարտին, Ռուբինեան սրահը։ Սպասարկուեր է պահքի յատուկ «քէօՖթէ» ու «պէօրէկ»։ Ճաշասեղանին նախագահեր է այցելութեամբ մը Պէյրութ գտնուող Տիրայր եպս. Մարտիկեան (առաջնորդ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ թեմերուն, երբեմնի աշակերտ Ռուբինեան մանկապարտէզի)։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերեր են տիկ. Մ. Խաչատուրեան, Սիլվա Չիլինկիրեան, Աստղիկ Գնդունի, Հայկուհի Տէր Ստեփանեան, Գարմէն Աւետիքեան, Էթարեան քոյրեր՝ երգով կամ արտասանութեամբ։ Թաղականութեան անունով խօսք արտասաներ է Յ. Սնըգճեան։
Ն. Սարգիս (Սարգիս Նաճարեանն է – Լ.) ստորագրութեամբ ակնարկ մը կը մեկնաբանէ ու կ՛արժեւորէ Պուրճ Համուտի Յ. Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ ներկայացուած «Իտալական յարդէ գլխարկը» օտարագիր փիեսը, որ գրի առնուած է եղեր 1851-ին։ Նկատելի է որ յօդուածագիրը թէեւ գնահատեր է բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանն ու դերասանները (Ճոնի Այնէճեան, Նօնօ Վարդապետեան, Մարի-Ռոզ Մանուկեան, Արփի Տատոյեան…), սակայն ո՛չ մէկ յիշատակութիւն կատարեր է թատերախումբին ու զայն հովանաւորող միութեան մասին… (Համազգային, «Լեւոն Շանթ» թատերախումբ)։ Այդ տարիներուն մեր կուսակցութիւնները դժուարաւ կը հանդուրժէին զիրար…:
Քանի որ անցեալ շաբաթ ծանուցուեր էր Յակոբ Պալապանեանի ռեսիթալին մասին, ուստի՝ թերթը լուսանկար մը ու կենսագրական նոթեր հրատարակեր է անոր վերաբերեալ։ Պալապանեան Ուրուկուէյ ծնած է եղեր, 1939-ին։ Առանց հայերէն գիտնալու՝ մաս կազմեր է իր ծննդավայրի հայկական մէկ երգչախումբին։ Յետոյ Հայաստան մեկներ է 1961-ին, ուսաներ է «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցը, միաժամանակ հայերէն սորվեր է։ Համերգներ տուեր է Սիպերիոյ մարզին, Հարաւային Ամերիկայի ու Պաղտատի մէջ։
Ծանուցումի սիւնակներուն մէջ ինչե՞ր կը գտնենք։
— «Ուսուցիչներու օրուան տօնակատարութիւն» մը պիտի կայանայ եղեր, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ Ազգային Վարժարաններու Ուսուցչական Միութեան։ Օրուան բանախօսն է փրոՖ. Շաւարշ Թորիկեան (16 Մարտ, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ)։
— Հ.Մ.Մ.-ի ներքին դիւանը «Սինեմայի երեկոյթ»-ի մը հրաւիրեր է իր անդամները, Սինեմա Ռիվիերայի մէջ (17 Մարտ)։ Պիտի ցուցադրուի եղեր տարուան գեղեցկագոյն ժապաւէններէն մին՝ «Լը կրան ռեսթորան» ֆիլմը։
— Թէքէեան մշակութային միութիւնը ձեռնարկով մը պիտի ոգեկոչէ եղեր Խրիմեան Հայրիկն ու Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը, անոնց ծննդեան 150-ամեակին առիթով (19 Մարտ, Գ. Կիւլպէնկեան սրահ)։ Պիտի բանախօսեն եղեր Գնէլ եպս. Ճէրէճեան եւ Հ. Աւետիք Թալաթինեան (Մխիթարեան ուխտէն)։
— Սոփրանօ քոլորաթուրա Սոնա Ղազարեան մենահամերգ մը պիտի տայ եղեր Իտալական մշակութային հիմնարկին ու Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցին միացեալ հովանաւորութեամբ (8 Ապրիլ, Թէաթր տիւ Լիպան)։ Մեներգչուհիին դաշնամուրով պիտի ընկերակցի եղեր Հանրի Ղորայպի։
— Երգիչ Ատիս Հարմանտեան դա՛րձեալ պիտի մէկտեղուի եղեր զինք սիրող հանրութեան հետ, 22 Մարտին, Գ. Կիւլպէնկեան սրահը, խանդավառ վերադարձ մը կատարած ըլլալով Պոլսէն, ուր համերգներ տուեր է ամբողջ երկու շաբաթ։
— Ճի՛շդ նոյն օրը, հայերէն էսթրատային երգերու այլ մեկնաբան մը՝ Վահէ Բուչիկեան, պիտի երգէ եղեր նուագախումբի ու պարախումբի մը ընկերակցութեամբ (22 Մարտ, ԷշրէՖիէի «Ազատամարտ» սրահ)։
— Ազգ. Ռուբինեան վարժարանի «Գարնանային ճաշկերոյթ-պարահանդէս»-ը պիտի կայանայ եղեր 2 Մայիսին, Օթէլ Քարլթոնի մէջ։
— Քարամէ գիւղի ճակատամարտի տարեդարձին առիթով՝ «Ժողովրդային միթինկ» մը պիտի կայանայ եղեր 21 Մարտին, Սինեմա Ազարի մէջ (Սին էլ-Ֆիլ)։ Ձեռնարկը կազմակերպուեր է լիբանանեան Յառաջդիմական սոցիալիստ կուսակցութեան կողմէ։ Միթինկի եօթը բանախօսներէն մին հայ մըն է եղեր՝ Պօղոս Թիւթիւնճեան։
Ի դէպ, Քարամէի ճակատամարտը տեղի ունեցած է Յորդանանի նոյնանուն գիւղին մերձ (Մեռեալ ծովէն հիւսիս), իսրայէլեան ուժերու եւ պաղեստինեւյորդանանեան միացեալ բանակայիններու միջեւ, 1968-ին։
Բայց այսօր ո՞ր արաբը կամ պաղեստինցին կը յիշէ Քարամէի ճակատամարտը ու կանգ կ’առնէ անոր առջեւ…։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)