Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՆ ՔԱՌԱՁԱՅՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՄՑՈՒՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

April 4, 2025
in Գաղութային
0
«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՆ ՔԱՌԱՁԱՅՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՄՑՈՒՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, Չորեքշաբթի, 26 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղի Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, Սայաթ Նովայի ժառանգութիւնը ներկայացուց քառաձայն երգեցողութեամբ, սակայն ոչ միայն… Այս ներկայացումը սոսկ երաժշտական երեկոյ մը չեղաւ մշակութասէր հանրութեան ճաշակը յագեցնող, այլ՝ հանդիսատեսը հայկական եթերային աշխարհ մը ճանապարհորդող փորձառութիւն մը: Հայկական աւանդական մոթիֆներով յարդարուած բեմը միայն շարժառիթ չհանդիսացաւ այս ճանապարհորդութեան, այլեւ ելոյթի ընթացքին երգերու ընդմիջումներուն հանդիսատեսին հրամցուած տեղեկութիւնները Սայաթ-Նովայի կեանքին ու տուեալ երգին՝ առաւել եւս պարուրեցին մեզ սիրոյ աշուղին ներկայութեամբ:

Հանդիսատեսները շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ վայելեցին «Քանի վուր ջան իմ», «Շատ մարդ կ՚ոսէ», «Աշխարհումըս ա՛խ չիմ քաշի» (Վարդգէս Ղազարեանի մեներգութեամբ), «Արի ինձ անգաճ կալ», «Յիս մէ ղարիբ բուլբուլի պէս» (Կարօ Քէլէշեանի մեներգութեամբ), «Մէջլումի պէս», «Թամամ աշխարհ» (Յովիկ Թաֆրանեանի մեներգութեամբ), «Փահրադըն միռած», «Բրոյի-բրոյի», «Բլբուլի հիտ» (Հայկանա Մուրատեանի մեներգութեամբ), «Իս քու ղիսմէթըն չիմ գիտի», «Ի՞նչ կ՚օնիմ» (Հ. Մուրատեանի եւ Կ. Քէլէշեանի երգեցողութեամբ), «Պատկիրքըդ ղալամով քաշած» (Աւետիս Մկրտիչեանի մեներգութեամբ), «Դուն էն հուրին իս» եւ «Ամէն սազի» երգերը: Աշուղական այս երգերուն քառաձայն մշակումները Արփի Ջանիկեանին կը պատկանին, բացի «Բրոյի-բրոյի»-էն, որ Կարօ Զաքարեանին է, իսկ «Ամէն Սազի»-ն՝ Հենրիկ Անասեանին:

Երգչախումբին կենդանի նուագակցութիւնը կատարեցին Համբիկ Մարտիրոսեան (դաշնամուր), Քեւըն Սոլաքեան (երգեհոն), Ռաֆֆի Չիլինկիրեան (տուտուկ), Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ): Ելոյթի հաղորդավարութիւնը կատարեցին Հրակ Մամիկոնեան ու Մէրի Էքմէքճեան:

Այս հիանալի երեկոն կը վայելէր հովանաւորութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Երգչախումբի խմբավարն էր հոգշ. Տ. Զաւէն վրդ. Նաճարեան:

Սայաթ-Նովայեան երեկոն իր աւարտին հասաւ բուռն ծափահարութիւններով եւ Վեհափառ Հայրապետին եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով։ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց ելոյթը ու անոր կազմակերպիչները եւ զայն բնութագրեց որպէս գօտեպնդիչ ու վարակիչ: Ան իր փափաքը յայտնեց, որ նման երեկոյթները վարակիչ դառնան Լիբանանի հայութեան եւ ընդհանրապէս մեր բոլոր գաղութներէն ներս: Խօսելով մեր ժողովուրդի կեանքի մեծութիւններուն մասին՝ Նորին սրբութիւնը ըսաւ, որ մենք պարտինք գիտնալ մեր մեծութիւնները յարգել, սիրել ու մեծարել։ Անոնց մեծութեամբ մեծնալ, հզօրանալ, կենսաւորուիլ ու կենսաւորել: Ուստի, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Սայաթ-Նովայի մեծութեան եւ աշուղը որակեց նաեւ հիւմանիստ եւ աստուածաբան, որուն համար սէր հասկացողութիւնը աստուածային սիրոյ ներկայութիւնն էր։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց Սայաթ-Նովայի արժէքը ներկայ կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ այս համերգը յիշեցում մըն է, որ մենք կարիքը ունինք մեծութիւններու, մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Հայրապետը ապա, դառնալով երգչախումբի անդամներուն, բարձր գնահատեց ու քաջալերեց անոնց տաղանդը ու յատկապէս առանձնացուց հայր Զաւէնին ջանքերը՝ նշելով, որ ան է այս բոլորին մղիչ ոյժը, իր շուրջ ունենալով խումբ մը կամաւոր ու պատրաստակամ երիտասարդներ։

Cilicia TV Կայքէջէն

Share64Tweet40
Previous Post

Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ   «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

Next Post

ՀՈԳԵՃԱՇ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ՌԸՄԷՅԼԻ ՍԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԷՆ ՆԵՐՍ

Next Post
ՀՈԳԵՃԱՇ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ՌԸՄԷՅԼԻ ՍԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԷՆ ՆԵՐՍ

ՀՈԳԵՃԱՇ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ ՌԸՄԷՅԼԻ ՍԲ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԱՀԷՆ ՆԵՐՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.