Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ   «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

April 4, 2025
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ    «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆ 

 

Երեքշաբթի օր, հաճոյքն ունեցանք ընդունելու Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Վարիչ մարմինի երկու անդամներ, որոնք հիւրաբար կը գտնուէին Լիբանան: Ատենապետ ընկ. Ռազմիկ Տիգրանեան եւ ատենադպիր ընկերուհի Վերգինէ Պէքարեան փափկավարական եւ ընկերական այցելութեամբ եկան իրենց ողջոյնները փոխանցելու մեզի եւ ծանօթանալու «Արարատ»-ի աշխատանքներուն: Հիւրերուն հետ զրուցեցինք ընդհանրական հարցեր՝ մեր գաղութներն ու Ս.Դ.Հ.Կ.-ի գործունէութիւնը յուզող: Այս առթիւ, մեծ ուրախութեամբ տեղեկացանք Կիպրոսի մեր միաւորին աշխուժութեան շուրջ, նաեւ Կիպրոսի թեմէն ներս կատարուող աշխատանքներուն՝ նկատի առնելով որ ընկերուհի Վ. Պէքարեան անդամ է Կիպրոսի թեմի Ազգային Վարչական ժողովին, որն է թեմին գործադիր իշխանութիւնը:

Իրենց հերթին, յարգելի հիւրերը ծանօթացան «Արարատ»-ի առօրեային ու դժուարութեանց եւ ողջունեցին այն ջանքները, որոնք կը դրուին «Արարատ»-ի յարատեւման եւ բարգաւաճման: Անոնք դրական էին տպաւորուած նաեւ Լիբանանի Ս.Դ.Հ.Կ.-ի եւ Հ.Մ.Մ.-ի աշխուժութեամբ եւ հնչակեան առոյգ շարքերով ու երիտասարդներու ներկայութեամբ:

Հիւրերուն հետ մեր սիրալիր հանդիպումը եղաւ ոգեւորիչ եւ խթանիչ երկուստեք: Այս առումով շեշտեցինք միջգաղութային ծանօթացման եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը կուսակցական գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ նոր տարրեր եւ ուժեր ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Ի հարկէ, ընդգծեցինք թէ կազմակերպչական հարցերը լի են դժուարութիւններով, սակայն զանոնք դիմագրաւելը նկատեցինք յաղթահարելի մարտահրաւէրներ եւ վճռականութեամբ գործելու գրաւականներ: Մեր կարգին, մեր սրտագին ողջոյնները յղեցինք Կիպրոսի ընկերներուն եւ համակիր շրջանակին: Փոխադարձ յարգանքով եւ լաւատեսութեամբ տեղի ունեցած այս հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Արարատ»-ի օժանդակ մարմինի անդամներ:

 

Share66Tweet41
Previous Post

ՌԸՄԷՅԼԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Next Post

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՆ ՔԱՌԱՁԱՅՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՄՑՈՒՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Next Post
«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՆ ՔԱՌԱՁԱՅՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՄՑՈՒՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱՆ ՔԱՌԱՁԱՅՆ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՀՐԱՄՑՈՒՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՍԷՐ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.