Կիրակի 23 Մարտ 2025-ին, «Պչաքճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիներէն հանգուցեալ օրիորդ Լուսին Թապագեանի մահուան երկրորդ տարելիցի հոգեճաշը եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանի «Խոհեմութեան ճանապարհով» հատորին շնորհահանդէսը:
Գերապատիւ Տ. Շնորհք ծ. վրդ. Աշգեանի եւ գերշ. Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի ներկայութեամբ ձեռնարկին մաս կազմած էին նաեւ Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, տիկնանց յանձնախուբը, նաեւ՝ գրքոյկի հրատարակութեան մասնակիցներ ու եկեղեցւոյ բարեկամներ:
Բարիգալստեան խօսքին մէջ, եկեղեցւոյ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան ներկայացուց օրուան զոյգ խորհուրդները՝ հոգեճաշն ու իր առաջնեկին՝ «Խոհեմութեան ճանապարհով» գիրքին շնորհահանդէսը: Զանոնք միաւորելով, ան եզրակացուց՝ յայտնելով, թէ իր հեղինակած աշխատանքը ձօնած է օրդ. Լուսին Թապագեանի յիշատակին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի խմբագիր պարոն Յակոբ Տունիայեանին եւ էջադրող պարոն Գօգօ Հաւանճեանին, ինչպէս նաեւ միջինքի շրջանին պատշաճող տեսակաւոր ուտեստներով լի սեղանները պատրաստողներ՝ թաղականութեան եւ տիկնանցի ժրաջան անդամներուն:
«Խոհեմութեան ճանապարհով» գրքոյկին կազմական, խմբագրական եւ հրատարակչական աշխատանքները կատարած «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագիր տիար Յակոբ Տունեայեան արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան որպէս օրիորդ Լուսինի նախկին աշակերտ եւ հետագային՝ գործակից, վկայեց ողբացեալին գիրքի հանդէպ ունեցած անսահման սիրոյն եւ մտեմութեան մասին: «ինչքա՜ն կը հրճուէր եւ կ’ուրախանար, երբ գիրք մը ստանար: Օրիորդ Թապագեանի ընտանիքին մէջ արմատացած էր գիրքի նկատմամբ սէրը, ուստի այսօրուան շնորհահանդէսին մէջ օրիորդ Լուսինին դերը մեծ է, քանի որ միշտ յորդորած էր Տէր Հօր, որ գիրքի հեղինակ դառնայ», ըսաւ պարոն Տունիայեան: Յարգելի խմբագիրը մէջելով գիրքի եւ գրադարանի մասին Մուշեղ Իշխանի եւ Վահէ Վահեանի բանաստեղծութիւններէն, իր ուրախութիւնը յայտնեց Տէր հօր անդրանիկ հրատարակութեան համար, մաղթելով որ սոյն աշխատանքը դառնայ շարունակելի:
Քահանայ հայրը, որ միաժամանակ օրուան «թամատա»յութիւնը կը կատարէր, տեղեկացուց, որ շուտով լոյս պիտի տեսնեն «Խոհեմութեան ճանապարհով» գրքոյկին արաբերէն եւ անգլերէն ու ֆրանսերէն թարգմանութիւնները՝ համապատասխանաբար եկեղեցւոյ մէջ ծառայող պարոն Յովակիմ Քէշիշեանի եւ տոքթ. Մարալ Պոյաճեանի աշխատասիրութեամբ: Այս առթիւ խօսք առնելով, «ըսթէզ» Յովակիմը բացատրեց, որ թարգմանութեան ընթացքին ձգտած է պահպանել կրօնական բարոյագիտական արժէքները, յոյս յայտնելով, որ ընթերցողները գոհ կը մնան իր աշխատանքէն:
Տէր հայրը ամփոփ ծանօթացում մը կատարեց օրիորդ Թապագեանին ծանօթ եւ հոգեճաշ-շնորհահանդէս ձեռնարկին մաս կազմող հիւրերուն մասին, միաժամանակ նշելով ողբացեալին՝ անոնց հասցէագրած խօսքերը:
Այսպէս, օրինակ, ներկաներէն՝ Հ.Բ.Ը.Մ. վարժարաններու տնօրէն պարոն Արա Վասիլեանի մասին յիշատակուեցաւ օրիորդ Լուսինին գոհունակութեան արտայայտութիւնը անոր տնօրէն նշանակման առիթով՝ «Ճիշդ մարդը, ճիշդ աթոռին վրայ» ձեւակերպումով:
Ապա, տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հերա Մազլումեաններուն մասին հանգուցեալին մտերմական զգացումները որպէս «ազնուական ընտանիք»: Պատմուեցաւ, թէ ինչպէս օրիորդ Լուսինը պարոն Յակոբ Տունիայեանին կը վստահէր եկեղեցւոյ մասին եղած գրութիւններուն սրբագրութիւններն ու խմբագրումը:
Հետաքրքրական էր ներկաներէն տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի հետ կատարուած դէպքը, ՌԱԿ-ի 100-ամեակի առիթով նուիրեալ կուսակցականները պատուելու ծիրէն ներս՝ օրիորդ Թապագեանի յուշանուէրի յանձնման ընթացքին խիստ ծիծաղաշարժ դրուագը:
Տէր Հայրը պատմեց նաեւ տէր եւ տիկին Հրաչ եւ Անի Քիւրտեաններուն, ինչպէս նաեւ տիկին Արփի Պապոյեանին՝ օրիորդ Թապագեանի հանդէպ ծառայութեանց մասին: Իսկ տէր եւ տիկին Յարութ եւ Անի Ասիլեաններուն համար յայտնեց, որ «սերվիապլ» (ծառայասէր) բառը անոնց կը վերապահուէր:
Այնուհետեւ խօսք առաւ գերշ. Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան: Հայր սուրբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հոգեւոր բնոյթ ունեցող գրքոյկին մասին ներկայացման իրեն շնորհուած առիթին համար: Ան իր խօսքը կեդրոնացուց հոգեւոր կեանքի կարեւորութեան վրայ, որպէս՝ «կեանքին մէջ կեանք դնելու, կեանքին շունչ տալու» բոլորիս պարտականութիւնը: Յիսուսի քարոզներէն օրինակ բերելով, հայր սուրբը տուաւ «չորցած թզենիի» օրինակը, բացատրելով որ «հոգեւոր կեանքն ալ մէկ օրէն միւսը չ’աճիր, պտուղ չի տար, մենք պէտք է աշխատինք հոգանք անոր զարգացման համար»: Վարդապետը շնորհաւորեց գիրքի հրատարակութեան «քուլիսներու ետին կամ առջեւ» եղող բոլոր մասնակիցները եւ ըսաւ. «կ’աղօթեմ, որ օրդ. Լուսինի հոգին ներշնչման աղբիւր ծառայէ, որպէսզի նման հոգեւոր բնոյթ կրող աշխատանքներ շատ աւելիով լոյս տեսնեն»:
Հուսկ, սուրճի հիւրասիրութեան հետ, ներկաները ստացան «Խոհեմութեան ճանապարհով» գրքոյկի օրինակներէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ