Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի Բարեջան Առաջնորդ` գերշ. Տէր Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, 20 Մարտ 2025-ին տեղի ունեցաւ աւանդական Միջինքի ձեռնարկը, եկեղեցւոյ Պչաքճեան սրահէն ներս, ներկայութեամբ շուրջ 180 տիկիններու, ինչպէս նաեւ Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեցեցւոյ հովիւ` արժ. Տէր Նարեկ աւ. քհնյ. Հէճինեանի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն։
Բացման խօսքը կատարեց Տիկ. Լիանա Մուրատեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց քաջալերանքին համար։
Օրուան պատգամին շուրջ բանախօսեց տոքթ. Մարալ Պոյաճեանը։
Իր գեղեցիկ ձայնով ելոյթ ունեցաւ սիրուած երգչուհի Կասիա Շատարեւեանը, ճոխացնելով մթնոլորտը։
40 տարուայ անսակարկ ծառայութեան համար, Տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիները ծաղկեփունջով պատուեցին տիկ. Մակի Գանըգուրեանը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւ արժ. Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանը:
Տիկնանց յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Սրբազան Հայրը, որ իր կարգին խրախուսական ելոյթով քաջալերեց կազմակերպող տիկինները։
Վարձքը կատար բոլորին։
ԹՂԹԱԿԻՑ