Ամէն բանէ առաջ եւ արագօրէն կատարեմ երկու հաստատում.
Նախ՝ մի՛ գայթակղիք։ Յօդուածիս խորագիրը ժամանակակից դէպքի մը մասին չէ, այլ անիկա ունի շուրջ 360 տարուան անցեալ մը…։
Երկրորդ՝ անցնող շաբաթավերջը (Շաբաթ, 29 Մարտ) Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կը յիշատակուէր որպէս «Սրբոց Մանկանցն Քառասնից»։ Համաքրիստոնէական տօն մը, քանի որ հայոց հետ միատեղ՝ անիկա կը նշուի յոյն ուղղափառ, լատին կաթողիկէ եւ այլ եկեղեցիներու կողմէ ալ։
Բայց ո՞վ են այս «Քառասուն մանուկներ»-ը։
«Մանուկ» բառը պէտք չէ ընկալել իր ընթացիկ՝ «երեխայ» իմաստով, այլ անիկա կը նշանակէ «զինուոր, զօրական, բանակի սպասաւոր»։ «Քառասուն մանուկներ»-ն ալ, ուրեմն, երիտասարդ զինուորներ էին, որոնք կը ծառայէին հռոմէական բանակի ջոկատներէն մէկուն մէջ, Դ. դարու սկիզբները, Կապադովկիոյ շրջանը, Սեբաստիոյ մօտիկ։ Այդ շրջանին տակաւին բուռն հալածանք կար քրիստոնէից դէմ։
Քառասուն զօրականներուն անուններն ու վարքագրութիւնը լայնօրէն տեղ գտած են հին քրիստոնէական աղբիւրներու մէջ։ Ըստ այդ տուեալներուն՝ զինուորները կը ձերբակալուին, բանտ կը նետուին ու մեղադրանքներու թիրախ կը դառնան քրիստոնէութիւնը ընդունած ըլլալնուն համար։ Քանիցս կը հանուին դատարանի առջեւ։ Ի վերջոյ, պետական հրահանգով կը նետուին սառուցեալ լիճի մը մէջ, Սեբաստիոյ մօտ եւ հոն ալ կը նահատակուին, առանց դեդեւելու իրենց դաւանած հաւատքին մէջ։ Այս դէպքը տեղի կ’ունենայ 320-ին։
*
Հիմա, պահ մը, փորձենք մտաբերել սփիւռքեան տարածքի մեր այն եկեղեցիները, որոնք կը կրեն Քառասնից Մանկանց անունը…։
Ես, իմ հաշուոյն, կրնամ յիշատակել գո՛նէ չորս եկեղեցի։
Ամէնէն առաջ կայ անշուշտ Հալէպի մեր նշանաւոր Սրբոց Քառասնից Մանկանց առաջնորդանիստ մայր տաճարը, որուն պատմութիւնը կþերթայ մինչեւ 500 տարի ետ…։ Յետոյ կայ Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի եկեղեցին՝ միեւնոյն անունով (1929-էն)։ Լոս Անճելըսի հայե՛րն ալ ունին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի մը (Օրէնճ Քաունթի, 1988)։ Ու կայ տակաւին Միլանոյի (Իտալիա) հայոց գողտրիկ եկեղեցին՝ նոյն անունով, կառուցուած՝ 1957-ին։ Իմ գիտցածները ասոնք են։
Այսօր դրուագ մը պիտի վերապատմեմ Հալէպի Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան հին էջերէն։ Մեր ընթերցողներուն,– մա՛նաւանդ Հալէպը սիրողներուն համար,– հետաքրքրական եղելութիւն մը կրնայ սեպուիլ անիկա։
Դէպքին հերոսը բարձրաստիճան հոգեւորական մըն էր՝ ԵՂԻԱԶԱՐ ԵՊՍ. ԱՅՆԹԱՊՑԻ։
Մականունէն յայտնի է արդէն, որ Այնթապի զաւակ էր ան, ճարպիկ ու ձեռներէց։ Տիարպէքիր նահանգի Արղընի քաղաքի առաջնորդն էր։
ԺԷ. դարու կէսերուն Երուսաղէմ եկաւ, համակիրներ շահեցաւ իր շուրջ եւ ի վերջոյ գահընկէց ընելով օրուան պատրիարքը՝ անոր տեղ նստաւ…։
Յաջորդ տարի, ստիպողաբար լքելով Երուսաղէմը՝ անցաւ Պոլիս։ Հո՛ս ալ համակիրներ կրցաւ շահիլ, ու միեւնոյն ճարպիկութեամբ՝ Կ. Պոլսոյ պատրիարք ընտրուեցաւ (1651)…։
Եղիազար Այնթապցի բուռն սէր մը ունէր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին նկատմամբ։ Կþուզէր զայն պարտքերէ ազատել, մանաւանդ փրկել զայն յոյներու ոտնձգութիւններէն։ Այդ նպատակով՝ շարունակ հանգանակութիւններ կը կատարէր, դիմումներ կþընէր Պոլսոյ պետական ատեաններուն մօտ, հայոց դատը պաշտպանելու սիրոյն՝ հալածանքներու կþենթարկուէր…։
Տեսնելով իր ջանասիրութիւնն ու յաջողակութիւնը, Պոլսոյ հայ ազգայինները 1659-ին Եղիազարը ընդհանուր վերակացու (նազըր) նշանակեցին Երուսաղէմի հայկական վանապատկան կալուածներուն վրայ։ Եղիազար գործի լծուեցաւ եռանդով։ Յաջողեցաւ պարտքերը փակել, բազմաթիւ շինարարութիւններ կատարեց, վանքը պայծառացուց։
Բայց փառասէր անձ էր։ Պատրիարքական աթոռները զինք չէին գոհացներ։ Աչքը Ս. Էջմիածնայ Մայր Աթոռին վրայ էր…
Ուստի, սկսաւ անջատ կաթողիկոսութիւն մը ձեւաւորելու կերպերը որոճալ…։
Իր այս դիւային ծրագիրը գաղտնաբար յայտնեց Սիսի (Կիլիկիոյ) Խաչատուր Գաղատացի կաթողիկոսին, խնդրելով որ ա՛ն եւս գործակցի իր հետ՝ նպատակին իրագործման համար։
Ծրագիրը հետեւեալն էր. Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայկական բոլոր թեմերն ու եկեղեցիները (բացի Սսոյ աթոռէն) դուրս բերել Էջմիածնայ հովանաւորութենէն ու զանոնք դնել նո՛ր կաթողիկոսութեան մը երդիքին տակ, կեդրոն ունենալով Երուսաղէմի վանքը։ Այս ծրագիրը ձեռնտու էր նաեւ Օսմանեան կայսրութեան համար, որովհետեւ Էջմիածինը այդ ժամանակաշրջանին կը գտնուէր թշնամի Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ…։
Եղիազարին համար դժուար չեղաւ ծրագրին իրականացումը։ Դրամ ունէ՛ր, թուրք կառավարութեան հովանին ալ ապահովուած էր, իսկ Սիսի Խաչատուր կաթողիկոսն ալ խոստացեր էր իրեն՝ անձամբ կատարել իր կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը, հաւանաբար նիւթական պատշաճ վարձատրութեան մը փոխարէն…։ Եղիազար, նոյնիսկ, յանդգնեցաւ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ անունով մատուռ մըն ալ կառուցել Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքին կից՝ իր ցանկալի կաթողիկոսութեան իբրեւ նստավայր… (այս մատուռը գոյութիւն ունի առ այսօր)։
Վե՜րջապէս, հասաւ սպասուած օրը։ Սիսի Խաչատուր կաթողիկոսը Հալէպ եկաւ, հոն եկաւ նաեւ Եղիազար, ու Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրութիւնն ու օծումը կատարուեցաւ Եղիազար Այնթապցիին՝ իբրեւ տաճկահայոց հայրապետ…։ Այս դէպքը տեղի ունեցաւ շուրջ 360 տարի առաջ, 1664-ին…։
Նորապսակ Եղիազար կաթողիկոս, նուիրագործելու համար իր կաթողիկոսական հանգամանքը, նախ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւններ կատարեց Պոլսոյ մէջ, ողջոյնի կոնդակներ յղեց «իր» թեմերուն, յետոյ ալ միւռոնօրհնութիւն կատարեց Երուսաղէմի մէջ։ Օսմանեան արքունիքն ալ յատուկ հրովարտակով շուտով վաւերացուց այս կաթողիկոսութիւնը…։
Բայց ժողովուրդը շուարած էր։ Շատերու համար դիւրին չէր խզուիլ միածնաէջ Ս. Էջմիածնէն, ուր, այդ օրերուն, կը գահակալէր Յակոբ Դ. Ջուղայեցի հայրապետը։
Լա՜ւ։ Յետոյ ի՞նչ եղաւ. այս խառնակ գործերը մինչեւ ո՞ւր ընթացան։
Եղիազար Այնթապցին իր կաթողիկոսութիւնը (աւելի ճիշդ՝ հակաթոռը) պահպանեց աւելի քան 15 տարի, մինչեւ որ 1680-ին վախճանեցաւ Ամենայն Հայոց Յակոբ Դ. Ջուղայեցի հայրապետը, Պոլսոյ մէջ, դէպի Եւրոպա իր ուղեւորութեան ճամբուն վրայ։
Էջմիածնայ միաբանները յարմար դատեցին Եղիազարի ԱՊՕՐԻՆԻ կաթողիկոսութիւնը ՕՐԻՆԱՒՈՐԻ դարձնել՝ վերջ տալու համար եկեղեցւոյ ծոցին մէջ ստեղծուած անբաղձալի պառակտումին։
Ուստի, Եղիազար Այնթապցին առօք-փառօք Երուսաղէմէն Էջմիածին ժամանեց եւ բազմեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աթոռին վրայ, 1682-ին, իբրեւ ազգընտիր հայրապետ հայոց…։
Վախճանեցաւ 9 տարի յետոյ՝ 1691-ին, եւ թաղուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքին գաւիթը։
*
Այս ամբողջ պատմութիւնը մանրամասն սերտելէ ետք, մարդ իսկապէս կը դժուարանայ արժեւորել Եղիազար Այնթապցիի տիպարը։ Անարժան կամ անպէտ հոգեւորակա՞ն մըն էր ան, թէ՞ հնարամիտ ու ճարպիկ կղերական մը…։
Կը թուի, թէ ծայրայեղ փառասիրութիւնը շուքի մէջ կը թողուր իր ուշագրաւ արժանիքները։ Օրմանեան սրբազան իր «Հայոց Եկեղեցին» գրքին մէջ սա շահեկան տողերով կը բնութագրէ զինք. «Եղիազար Այնթապցիի կաթողիկոսութիւնը ինը տարի տեւեց (1682-1691), եւ արդիւնաւոր եւ օգտակար պաշտօնավարութիւն մը եղաւ։ Իրեն չէին պակսեր ո՛չ լաւ մտադրութիւններ եւ ո՛չ ալ յաջող ձիրքեր, եւ անգամ մը որ իւր փառասէր ձգտումները իրենց յագուրդը գտան, բոլոր իւր կարողութիւնն ու աշխատութիւնը եկեղեցւոյն ու ազգին օգտակար ընելու գործածեց։ Այս կերպով իւր ետեւէն պատուաւոր յիշատակ թողուց, եւ Հայոց Եկեղեցւոյ հայրապետական շարքին մէջ ընտիրներէն մին նկատուեցաւ»։
Այո՛, փառասիրութի՛ւնն էր այս մարդուն գլխաւոր թերութիւնը։ Փառասիրութիւնը, որ կանուխէն բոյն դրած կþըլլայ քաղաքական, հոգեւորական եւ հանրային պատասխանատու բազմաթիւ դէմքերու արեան մէջ ու պատճառ կը դառնայ անդարմանելի կորուստներու՝ երկիրներու, ժողովուրդներու կամ հաւաքականութիւններու կեանքէն ներս…
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
(Հալէպ)